ՊՈՔՕ ՀԱՐԱՄԻ ԿՈՂՄԷ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ 219 ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՑԱՐԴ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՈՐՈՇ

Ե­րէկ լրա­ցաւ նի­ժե­րիա­ցի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն Պո­քօ Հա­րամ ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ա­ռե­ւանգ­ման 500-րդ օ­րը: Այս առ­թիւ Նի­ժե­րիոյ տարբեր շրջան­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ա­պո­ժա­յի մէջ բո­ղո­քի մեծ եր­թեր կազ­մա­կեր­պուե­ցան: Եր­թե­րուն գլխա­ւոր ռահ­վի­րան Bring Back Our Girls (Մեր աղ­ջիկ­նե­րը տուն դար­ձու­ցէք) շար­ժումն է, որ կը վա­յե­լէ ոչ միայն երկ­րի, այլ նաեւ՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը:

2014 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին «Պո­քօ Հա­րամ»ի զի­նեալ­ներ մուտք կը գոր­ծէին Պոր­նօ քա­ղա­քի Չի­պոք շրջա­նի վար­ժա­րան­նե­րէն մին եւ կ՚ա­ռե­ւան­գէին դպրո­ցին մէջ ե­ղող 279 ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը: Ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն 60-ը կը յա­ջո­ղէին խոյս տալ եւ ա­պա­հով կեր­պով վե­րա­դառ­նալ ի­րենց ծնող­նե­րուն: Մին­չեւ այս պա­հը 219 ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ան­յայտ: Մինչ երկ­րի նա­խա­գահ Մո­ւհամ­մէտ Պա­խա­րի իր ը­րած վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը յայտ­նէր, որ մեծ յոյ­սեր կան «աղջկ­նե­րը ա­զա­տագ­րե­լու», ան­դին Պո­քօ Հա­րա­մի հար­ցե­րով նի­ժե­րիա­ցի մաս­նա­գէտ՝ Ֆու­լան Նաս­րալ­լա նկա­տել կու տար, որ Պո­քօ Հա­րա­մի կող­մէ ա­ռե­ւան­գուած ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն վե­րա­դար­ձը գրե­թէ անհ­նա­րին է: Ըստ ի­րեն, աղ­ջիկ­նե­րէն շա­տեր «վա­ճա­ռուած» եւ երկ­րէն դուրս տա­րուած են, իսկ ա­նոնց կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սը պար­տադ­րա­բար իս­լա­մու­թիւ­նը դա­ւա­նե­լով ամ­սու­նա­ցած ու ըն­տա­նիք կազ­մած է Պո­քօ Հա­րա­մի զի­նեալ­նե­րուն հետ:

Պո­քօ Հա­րա­մի ծա­գու­մը ան­մի­ջա­կան կապ ու­նի «Էլ Քա­ի­տէ» շար­ժու­մին հետ: 2002 թուա­կա­նին ստեղ­ծուած շար­ժու­մը ի­րեն որ­պէս կեդ­րոն ընտ­րած էր Նի­ժե­րիոյ Պոր­նօ եւ Կուա­զա քա­ղաք­նե­րը, սա­կայն ա­ւե­լի ուշ խմբա­ւո­րու­մը կը փո­խադ­րուէր Պոր­նո­յի Սա­միպ­սա­յի ան­տա­ռա­յին հա­տուա­ծը, ուր դար­ձեալ կը կար­ծուի, որ ա­ռե­ւան­գեալ ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը պա­հուած են:

Պո­քօ Հա­րամ ա­նուա­նու­մը բա­ռա­ցի ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ ա­րեւմ­տեան ուս­մուն­քը կամ բար­քե­րը ար­գի­լուած ու «հա­րամ» են: Շար­ժու­մին հիմ­նա­դի­րը կը հա­մա­րուի Մու­համ­մէտ Եու­սուֆ, որ 2009 թուա­կա­նին խմբա­ւոր­ման ոս­տի­կա­նու­թեան դէմ մղած բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին սպան­նուած է: Այդ հանգրուա­նը Պո­քօ Հա­րա­մի ա­մե­նէն լայն ազ­դե­ցութ­իւն ու­նե­ցած շրջանն է: Ան­կէ ետք Նի­ժե­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժեր օ­ժան­դա­կու­թիւն կը խնդրէին Չա­տէն եւ Նի­ժե­րէն եւ կը ստեղ­ծուէր միա­ցեալ դա­շինք հա­րուա­ծե­լու հա­մար այս շար­ժու­մը:

Պո­քօ Հա­րա­մի ստեղծ­ման պայ­ման­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար պէտք է ընդգ­ծել, թէ ա­նոր ստեղծ­ման ծա­ռա­յած է երկ­րին մէջ տի­րող ծանր աղ­քա­տու­թիւնն ու ան­գոր­ծու­թիւ­նը, ինչ որ ստի­պած է կարգ մը սիւն­նի դա­ւա­նան­քի հե­տե­ւող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն միա­նա­լու եւ զի­նեալ պայ­քա­րի մի­ջո­ցաւ պայ­քա­րե­լու, ի­րենց խօս­քով՝ երկ­րի կա­շա­ռա­կեր եւ փտած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ: Զար­մա­նա­լի չէ, որ այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի­րենց քա­ղա­քա­կան հան­գա­նա­կը տե­սած են «Էլ Քա­ի­տէ»ի խմբա­ւոր­ման սկզբունք­նե­րուն մէջ: Ա­նոնց այդ վե­րա­բեր­մուն­քը ան­մեղ չէ, պարզ ա­նոր հա­մար, որ Քա­պու­լէն մին­չեւ Պաղ­տատ սկիզբ ա­ռած սիւն­նի հա­տուած­նե­րու, ինչ­պէս կ՚ա­նուա­նուի՝ «զար­թօնք»ը, տա­րա­ծուած է եւ հա­սած՝ մին­չեւ Նի­ժե­րիա: Բնա­կա­նա­բար այդ «զար­թօնք»ը միայն խօս­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ չէր պար­փա­կուէր ու յստա­կօ­րէն կ­­՚ու­րուագ­ծուի, որ «Էլ Քա­ի­տէ» բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թե­նէն ան­դին իր սիւն­նի հե­տե­ւորդ­նե­րուն նիւ­թա­կան եւ զի­նուո­րա­կան նե­ցուկ տրա­մադ­րած է:

Շար­ժու­մի ներ­կա­յ ղե­կա­վա­րը կը կո­չուի Ա­պու Էլ Պա­քըր Շի­քաու եւ ան ի տար­բե­րու­թիւն նախ­կին ղե­կա­վա­րին, կը սե­րի Նի­ժե­րիա ապ­րող սիւն­նի իս­լա­մը դա­ւա­նող ըն­տա­նի­քէ մը: Ա­մե­րի­կեան CIA-ին հա­մար կա­րե­ւոր թի­րախ համա­րուած Շի­քաու կրօ­նա­գէտ մըն է։ Ան կը խօ­սի անգ­լե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն: Ա­մե­րի­կեան գաղտ­նի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը մին­չեւ 7 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի պար­գեւ խոս­տա­ցած են ա­նոնց, ո­րոնք կրնան Ա­պու Էլ Պա­քը­րի թաքս­տո­ցին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դել:

Պո­քօ Հա­րա­մի ծա­ւա­լած պայ­քա­րին մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյն թուա­կան պէտք է հա­մա­րել 2014 թուա­կա­նը, երբ շար­ժու­մը բա­ւա­կա­նին ծանր պար­տու­թիւն­նե­րէ ետք նա­հան­ջե­լու փո­խա­րէն կ­­՚ընտ­րէր քրիս­տո­նեայ ու­սա­նող­նե­րը ա­ռե­ւան­գե­լու ընտ­րան­քը: Այդ ա­ռի­թով էր նաեւ, որ շար­ժու­մի ա­ռաջ­նորդ Ա­պու Պա­քըր յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով կ­­՚ը­սէր, որ պայ­քա­րը յատ­կա­պէս «քրիս­տո­նեա­նե­րուն դէմ» է։ Ի տար­բե­րու­թիւն ան­ցեա­լին ի­րենց ու­նե­ցած պայ­քար­նե­րուն, այս նոր հանգ­րուա­նը ու­նէր յստակ թի­րախ եւ այդ թի­րա­խը քրիս­տո­նեա­ներն էին: Ճիշդ է, որ շար­ժու­մը իր ստեղ­ծուած օ­րէն որ­պէս թի­րախ ընտ­րած էր քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներն ու հա­ւա­քա­տե­ղի­նե­րը, սա­կայն այդ մեծ ա­ռե­ւանգ­ման դէպ­քէն ետք Պո­քօ Հա­րամ բա­ցա­յայտ կեր­պով կը յայ­տա­րա­րէր, որ պայ­քա­րի հու­նը հի­մա­նա­կա­նա­պէս ուղղուած է երկ­րի 48 առ հա­րիւ­րը կազ­մող քրիս­տո­նեա­նե­րուն դէմ:

2015-ի ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն Պո­քօ Հա­րամ ծանր հա­րուած­նե­րու կ­­՚են­թար­կուէր եւ ա­նոր գտնուած շրջան­նե­րը կը յայտ­նուէին Քա­մէ­րու­նի, Չա­տի եւ Նի­ժե­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ կազ­մա­ւո­րուած դա­շին­քի կրակ­նե­րուն: Խմբա­ւո­րու­մը կը նա­հան­ջէր բո­լոր այն հա­տուած­նե­րէն, ո­րոնք 2009-էն ի վեր յայտ­նուած էին իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ: Եւ շատ հա­ւա­նա­բար այդ պատ­ճա­ռով է, որ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ա­րար­քով մը Պո­քօ Հա­րամ կը վճռէր յար­ձա­կիլ Պոր­նո­յի Չի­պոք շրջա­նին մէջ գտնուող վար­ժա­րա­նի մը վրայ եւ պա­տանդ կը վերց­նէր 279 ա­շա­կեր­տու­հի­ներ:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, վեր­ջին օ­րե­րուն Նի­ժե­րիոյ բա­նա­կի կա­րե­ւոր բան­բեր մը ա­ռանց վա­րա­նե­լու յայ­տա­րա­րած էր, որ Չի­պո­քի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը կը գտնուին Սամ­պի­սա ան­տա­ռին մէջ՝ նկա­տել տա­լով նաեւ, որ այդ շրջա­նին դէմ ո­րե­ւէ զի­նուո­րա­կան քայլ կրնայ վտան­գել ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն կեան­քը:

Պո­քօ Հա­րա­մի չէմ պայ­քա­րը ան­հա­ւա­սար ու դժուա­րին է, տրուած ըլ­լա­լով, որ ա­նոնք իբ­րեւ թաքս­տոց ընտ­րած են երկ­րին դժուար հա­սա­նա­լի հա­տուած­նե­րը: Զի­նեալ­նե­րը վարժ են երկ­րի բնու­թե­նա­կան պայ­ման­նե­րուն եւ ան­տա­ռա­յին հա­տուած­նե­րուն մէջ ա­նոնց տե­ղա­շար­ժը կ՚ըլ­լայ շատ ա­րագ ու տար­բեր ձե­ւե­րով: Այդ պատ­ճա­ռաւ է նաեւ, որ ա­նոնք կը յա­ջո­ղին ա­րագ հա­րուած­ներ հաս­ց­­նել քրիս­տո­նեայ ան­զէն այն բնա­կիչ­նե­րուն, ո­րոնք կ՚ապ­րին լքուած գիւ­ղե­րու եւ ա­ւան­նե­րու մէջ:

Ա­մէն Զա­տի­կի Պո­քօ Հա­րամ իր հա­րուած­նե­րը կը սաստ­կաց­նէ: Տաս­նեակ քրիս­տո­նեա­ներ կը սպան­նուին (2009 թուա­կա­նէն վեր Նի­ժե­րիոյ մէջ սպաննուած­նե­րուն թի­ւը հա­սած 17 հա­զա­րի) ե­կե­ղե­ցի փու­թա­լու կամ ան­կէ դուրս գա­լու պա­հուն: Ա­սոր փո­խա­րէն երկ­րի կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք ա­րագ շար­ժե­լու եւ գրոհ­նե­րուն դի­մադ­րե­լու լո­ժիս­թիք բա­ւա­կա­նին մեծ դժուա­րու­թիւն­ներ ու­նին, կը թուին մնալ ան­զօր եւ ներ­կայ ի­րադ­րու­թեան հետ հաշտ:

Կա­րե­ւոր է քննել մօ­տե­ցում­նե­րը երկ­րի քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեան, ո­ր մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տալ խա­ղաղ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու լե­զուին ու ի­ր ցոյ­ցե­րով կը շա­հի նե­ցու­կը ափ­րի­կեան այդ հա­տուա­ծին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող տէ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք սա­կայն բա­ցի դա­տա­պար­տե­լէ եւ թուիթ­ներ կամ խրա­խու­սա­կան պատ­կեր­ներ տե­ղադ­րե­լէ ո­չինչ կ՚ը­նեն:

Նի­ժե­րիոյ տագ­նա­պին ար­մատ­նե­րը խոր են ու նախ­քան «նէօ-րա­տի­քալ իս­լա­մ»ի յայտ­նու­լը այդ տագ­նապ­նե­րը ե­ղած են սուր եւ ե­րե­ւե­լի: Ինչ­պէս ա­րա­բա­կան ա­ւա­զան­նե­րուն մէջ առ­կայ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը եւ չքա­ւո­րու­թիւ­նը, այն­պէս ալ այս տագ­նա­պին հիմ­նա­կան սկզբնաղ­բիւ­րը թշուա­ռու­թիւնն ու ան­յու­սու­թիւնն է:

Պո­քօ Հա­րամ, որ այս տա­րուան սկիզ­բը յայ­տա­րա­րեց, թէ ան­մի­ջա­պէս կ­­՚են­թար­կուի «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» (ISIS) ո­րո­շում­նե­րուն, կը հա­շուէ շուրջ 10 հա­զար զի­նեալ ու այս խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րի այս փու­լը պի­տի ըլ­լայ բա­ւա­կա­նին ա­րիւ­նա­լի ու դժուա­րին:

Մտա­հո­գի­չը այն է, որ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար ճամ­բայ ե­լած Պո­քո­յի զի­նեալ­նե­րը այ­սօր ի­րենց հրա­ցան­նե­րը ուղ­ղած են քրիս­տո­նեա­նե­րուն դէմ եւ այս մէ­կը ի լուր տե­ղի ան­զօր կա­ռա­վա­րու­թեան եւ կրա­ւո­րա­կան դիրք ըն­դու­նած մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015