ԴԻՄՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵՐԺՈՒՄ
«Արեւելք» կայքէջէն կը կարդանք.-
Վերջերս հիասթափութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է հալէպահայերու մօտ: Խնդիրը կապուած է Աւստրալիոյ կողմէ սուրիահայ գաղթականներու ապաստան տրուելու ընթացակարգի անհամեմատօրէն խտացման հետ։ Արդարեւ, մեծ թիւով գաղթականաց դիմումները սկսած են մերժուիլ։ Աւստրալիա որպէս գաղթական երթալ ուզող եւ փաստաթուղթեր լրացուցած հալէպահայեր խոր մտահոգութիւն կ՚ապրին այս իրադարձութիւններուն բերումով: Մասնաւորապէս վերջին շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայերու որպէս գաղթական Աւստրալիա մեկնելու դիմումները մերժուած են: Քիչ չէ թիւը այն դիմողներուն, որոնք ամէն դժուարութիւն յանձն առնելով Հալէպէն Պէյրութ կը մեկնին եւ կը փորձեն շատ կարճ միջոցի մը մէջ լրացնել ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակին կողմէ իրենց տրամադրուած փաստաթուղթերը, իսկ աւելի վերջ ալ կը դիմեն Պէյրութի մօտ Աւստրալիոյ դեսպանատուն: Այս առումով կը հաղորդուի նաեւ, որ դիմումներու մերժումները կը կատարուին շատ արագ եւ 24 ժամուան ընթացքին դիմորդներ դեսպանատան կողմէ այդ մասին տեղեակ կը պահուին: Կան նաեւ այլ ընտանիքներ, որոնց փաստաղթուղթերը աւելի քան երեք ամիսներէ ի վեր ներկայացուած են դեսպանատուն եւ ցարդ իրենց խնդրով յստակ տուեալներ չեն փոխանցուիր: Բաց աստի, շուրջ երկու ամիս առաջ պատկառելի թիւով հալէպահայեր փախստականի կարգավիճակ ստանալով մեկնած էին դէպի աւստրալիական ափեր:
Միւս կողմէ, Հալէպի հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանը կը շարունակէ յաճախակիօրէն դառնալ զինեալ խմբաւորումներու թիրախը։ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, որ ամիսներ առաջ Հալէպի Հայկական ծերանոցի ռմբակոծման հետեւանքով վիրաւորուած էր՝ ըսաւ հետեւեալը. «Հալէպահայութեան սիրտը հանդիսացող Նոր Գիւղի մօտակայքը գտնուող Պոսթան Փաշա շրջանը յաճախ թիրախ դարձած է զինեալ ահաբեկչական զանազան խմբաւորումներու»։ Տէր Հայրը նաեւ նկատել տուաւ, թէ իր կարծիքով՝ Հալէպի մէջ տիրող ներկայ վիճակին պատճառած ընդհանուր մտահոգութիւնը կը տարբերի իւրաքանչիւրի ունեցած հաւատքի եւ յոյսի աստիճանէն: Ճիշդ է որ հորիզոնը այդքան ալ պայծառ չէ, բայց քրիստոնէական մեր յոյսն ու հաւատքը մեզ կը մխիթարեն եւ կը յիշեցնեն, որ ամէն ինչ սկիզբ եւ վախճան ունի: Ինչպէս որ Հալէպի փառքի օրերը ապրեցանք, կը հաւատանք, որ պատերազմական այս անապահով վիճակը օր մը անպայման վերջ պիտի գտնէ:
Կը կարծէ՞ք, որ յառաջիկայ հանգրուանին նորէն Հալէպէն մեծ արտահոսք մը տեղի պիտի ունենա՞յ, որովհետեւ ըստ երեւոյթին Սուրիոյ խնդրի հանգուցալուծումը մօտ չէ։ Այս հարցման պատասխանելով ան ըսաւ. «Կարելի է անվարան յայտարարել, որ հալէպահայութեան մեծամասնութիւնը լքած եւ գացած է իր ծննդավայրը: Ներկայիս երեք խաւի պատկանողներ մնացած են Հալէպի մէջ: Առաջինը՝ հայրենասիրական զգացումներով առլցուն խաւն է, որ վճռած է գաղութը չպարպել, երկրորդը՝ միջակ դասակարգն է, որ տասը կը չափէ մէկ կը գործէ, իսկ երրորդը՝ չունեւորներու մեծ տոկոս մըն է, որուն համար «ո՞ւր երթանք, ի՞նչ ընենք»ը հանապազօրեայ յանկերգ է: Ընդհանուր յայտարար մըն ալ կայ այս բոլորի կողքին, թէ այնքան ատեն որ մէկը մեզ բռնի ուժով դուրս չի հաներ, մենք պիտի փորձենք դիմանալ եւ գոյատեւել Հալէպի մէջ, մինչեւ յաղթանակ։ Ազգային մտահոգութիւն մըն ալ կայ, թէ ու՞ր պիտի ձգենք մեր եկեղեցիներն ու ազգային կալուածները եւ հեռանանք»:
Ապա անդրադառնալով Հալէպի եկեղեցական եւ հոգեւոր կեանքին՝ ան ըսաւ. «Ներկայիս Հալէպի մէջ կը գործեն երկու եկեղեցիներ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ Նոր Գիւղ հայ աւանին մէջ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ Վիլլաներ թաղամասին մէջ: Երկու եկեղեցիներէն ներս ամէն օր կանոնաւոր առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, իսկ Կիրակի օրերը պատարագ կը մատուցուցի, կանոնական ծիսակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցի շաբթուան մէջ ունի իր պատարագի յատուկ օրը: Հիանալին այն է, որ տաղաւար տօներուն զոյգ եկեղեցիներէն ներս խուռներամ բազմութիւն կ՚ըլլայ, վկայ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի օրը, երբ չորս հարիւրէ աւելի հայորդիներ համախմբուած էին եւ երկիւղածութեամբ կը հետեւէին արարողութեան, եւ որպէս ականատես կը վկայեմ, որ այդ բազմութեան մէջ զգալի է երիտասարդներու յուսադրիչ ներկայութիւնը»:
Տէր Հայրը նաեւ նկատել տուաւ, թէ ներկայիս Հալէպի մէջ կը ծառայեն վեց քահանայ հայրեր, որոնք իրենց հովուական այցելութիւններուն, կրօնագիտութեան դասաւանդման եւ ծիսական արարողութեանց կողքին յաճախ՝ հոգեւոր թեմաներով հաղորդումներ կը ներկայացնեն «Ռատիօ Երազ»ի եթերէն: Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան խօսեցաւ նաեւ Հալէպի պատմական արժէք ներկայացնող Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մասին ու ըսաւ, թէ եկեղեցին կանգուն է Ճիտէտիէ շրջանին մէջ: Ճիշդ է վնասուած է, սակայն տակաւին կը շնչէ:
Հուսկ՝ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան մանրամասնօրէն նկարագրեց բոլոր այն կենցաղային դժուարութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին հալէպահայ ընտանիքները, իւրաքանչիւրը իր պարագաներուն համաձայն եւ աւելցուց ըսելով. «Ինչպէս որ բոլոր ժողովուրդը նիւթական վնասներ կրեց այս անողորմ պատերազմին, եկեղեցականներս եւս ունեցանք նիւթական անկումներ, փաստօրէն օրէ օր նօսրացող հայութեան թիւը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ մեր տնտեսական վիճակին վրայ, սակայն տակաւին կը դիմանանք եւ մեր ամբողջ կարողութիւնը ի սպաս դրած ենք գոյատեւելու եւ դիմադրելու ամէն տեսակ դժուարութիւնները»: