ԹԱՓՈՎ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի թափով։ Երէկ, պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին այս Շաբաթ, Սեպտեմբերի 3-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովին շրջագծով։ Այսպէսով Էրտողան այս շաբաթավերջին իրերայաջորդ հանդիպումներ պիտի ունենայ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Քրեմլինի պալատի աղբիւրները արդէն մանրամասնութիւններ տեղեկացուցած են Էրտողան-Փութին մօտալուտ հանդիպման օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, նախագահները կանգ պիտի առնեն Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վրայ։ Անոնք պիտի անդրադառնան երկու երկիրներու միջեւ բարձր մակարդակով համագործակցութեան դրութիւններու վերակենդանացման, ներառեալ՝ ուժանիւթի, տնտեսութեան, առեւտուրի բնագաւառներուն գլխաւորութեամբ զանազան գետիններու վրայ համագործակցութեան զարգացումը։ Էրտողան եւ Փութին աչքէ պիտի անցընեն նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամին ընթացքն ու միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ խնդիրները։
Փութինի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդականը՝ Եուրի Ուշաքովն ալ այս մասին յայտարարութիւններ ըրաւ ռուսական մամուլին։ Ան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի։ Կարճ ժամանակ առաջ ռուսական կողմը բաւ համարած է չարթըր թռիչքներու պարագային սահմանուած արգելքը։ Այսինքն, ռուսական ռազմաօդանաւի ռմբահարման դէպքէն վերջ բնականոն համագործակցութեան վերադառնալու գործընթացը կը շարունակուի խտացեալ թափով։
Թէ՛ Փութինի եւ թէ Օպամայի հետ Էրտողանի այս շաբաթավերջի տեսակցութիւնները Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ բոլորովին նոր իրադրութեան մը մթնոլորտին մէջ տեղի պիտի ունենան։ Արդարեւ, Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ մէջ յառաջ կը տանին «Եփրատի վահան» գործողութիւնը։ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն «G-20»ի գագաթաժողովին ընդառաջ յայտեց, թէ Թուրքիոյ նպատակն է իր սահմանը մաքրագործել ահաբեկչական բոլոր տարրերէն՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն եւ ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղ ՓԵՏ-ի զինեալ թեւը հանդիսացող ԵՓԿ-էն։ Ան յիշեցուց, որ պայմանաւորուածութիւն մը գոյութիւն ունի՝ ԵՓԿ-ի Եփրատ գետի արեւելքը ետ քաշուելուն համար՝ դատարկելով Մենպիչ քաղաքը։ Քալըն մատնանշեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ փուլ եկած է այն տպաւորութիւնը, ըստ որու ԵՓԿ միակ ուժն է, որ կը պայքարի ԻՇԻՊ-ի դէմ։
Միւս կողմէ, ի շարունակութիւն վերջին օրերուն Ուաշինկթընէն հնչած մտահոգութիւններուն՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտն ալ երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիայէ ներս յառաջ տարուած գործողութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ բախումներու թափ ստանալուն։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, ֆրանսացի ղեկավարը համոզուած է, թէ Սուրիոյ հիւսիսին Թուրքիոյ ռազմական գործունէութիւնը այդ երկրէն ներս լարուածութիւնը բարձրացնելու ռիսքեր կը պարունակէ։ Օլանտ նման վտանգ մը ի զօրու համարած է նաեւ Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ մէջ կատարուած միջամտութիւններուն առումով։ Ֆրանսուա Օլանտի համոզմամբ, ԻՇԻՊ-ի յարձակումներուն ենթակայ մնալէ վերջ Թուրքիա հասկնալիօրէն քայլերու ձեռնարկած է, սակայն բացի ԻՇԻՊ-էն Անգարա թիրախ ընտրած է նաեւ քրդական զօրքերը, որոնք պատերազմ կը մղեն նոյնպէս ԻՇԻՊ-ի դէմ։