ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Կիորկի Սականելիծէն, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան դեսպանը շնորհաւորեց նոր ստանձնած պաշտօնին կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական առաքելութեան համար։
Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ աւանդական բարեկամութեան եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման պատմական հիմքին վրայ խարսխուած աշխոյժ միջպետական երկխօսութիւնը համագործակցութեան նորանոր ուղղութիւններ նախանշելու առումով ամուր հիմք մըն է։ Սարգսեան եւ Սականելիծէ համակարծիք են, որ բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններուն զուգահեռ՝ կան նաեւ լայն հնարաւորութիւններ ու չօգտագործուած մեծ ներուժ՝ զարգացնելու համար առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, ընդլայնելու համագործակցութիւնը հեռանկարային շարք մը բնագաւառներու մէջ. ինչպէս՝ զբօսաշրջութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ուժանիւթ, մշակոյթ եւայլն։