ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԱՅՑԵՔԱՐՏԵՐ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները նախընթաց օր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ Դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն հանդիպումը։ Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին փութացած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Եպսկ. Յովհաննիսեան։

Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Նաթան Եպսկ. Յովհաննիսեան, որմէ վերջ հանդէս եկաւ նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Այս առթիւ ան ներկայացուց համաժողովի աշխատանքներու ընթացքը, անդրադարձաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ որդեգրուած արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներու հիմքին կը գտնուին ազգային արժէքները եւ Հայաստանի շահերը։ Ան առանձնայատուկ ընդգծեց Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը՝ բարձր գնահատելով այն սերտ համագործակցութիւնը, որ ձեւաւորուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններով եւ աշխարհասփիւռ եկեղեցական կառոյցներով հանդերձ։

Աւելի վերջ Դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն իր հայրապետական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը՝ մաղթելով ուժ եւ եռանդ դիւանագէտներու հայրենանուէր գործունէութեան մէջ։

«Գոհունակութիւն է Հայրապետիս համար, որ հերթական անգամ համախմբուած էք հայրենիքի մէջ՝ քննարկելու մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան հիմնախնդիրները եւ ուղենշելու այն ճանապարհները, որոնք առաւել արդիւնաւէտութեամբ պիտի նպաստեն մեր երկրի զարգացման ու յառաջընթացին։ Մեծ է այն պատասխանատուութիւնը, որ կը կրէք ձեր ուսերուն։ Ձեզի վստահուած է տարբեր երկիրներու մէջ ու միջազգային հարթակներու վրայ մեր երկիրը ներկայացնելու կարեւոր առաքելութիւնը, ինչ որ իր արդիւնքներով անմիջականօրէն կ՚առընչուի Հայաստանի վարկի եւ հեղինակութեան, մեր հայրենիքի անվտանգութեան, մեր ժողովուրդի բարօր ու ապահով կեանքի տեսլականին հետ։ Մեծապէս կը գնահատենք մեր երկրին ու ժողովուրդին մատուցած ձեր նուիրեալ ծառայութիւնը ու կը բերենք ձեզի մեր օրհնութիւնը՝ մաղթելով ուժ, եռանդ եւ նոր յաջողութիւններ ձեր հայրենանուէր գործունէութեան մէջ», ըսաւ դիւանագէտները ողջունելով Վեհափառ Հայրապետը։

Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը խիստ խորհրդանշական համարեց համաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեւոր նուիրական կեդրոնը։ Արդարեւ, Հայոց Եկեղեցին հոգեւոր իր առաքելութեան զուգընթաց շատ յաճախ ստանձնած է նաեւ քաղաքական պատասխանատուութիւն հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ «Մեր պատմութեան ընթացքին թէ՛ պետականութեան գոյութեան եւ թէ բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայ Եկեղեցին ներգրաւուած եղած է հայրենիքի առջեւ ծառացած թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին քաղաքական հիմնախնդիրներու լուծման գործին՝ կոչման հաւատարիմ իր հեղինակութիւնն ու կարողութիւնները ծառայեցնելով հայրենիքի եւ ազգի շահերուն։ Պատմութիւնը առատ է վկայութիւններով, որոնք մեզի կը փոխանցեն յանուն երկրի ու ժողովուրդի ապահովութեան իրենց անձնուրաց ծառայութիւնը մատուցած նշանաւոր եկեղեցականներու անուններ։ Մեր եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ կերտուած ու խնամուած է ազատագրական պայքարի ոգին, մարմին առած ազգային իղձերու իրականացման տեսիլքները, սերունդէ սերունդ փոխանցուած հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման եւ ազատատենչութեան աննկուն կամքը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Դեսպանահաւաքի մասնակիցներուն ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այսօր ալ Հայ Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր եւ անհաղորդ մնալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, որոնք չափազանց մեծ կարեւորութիւն եւ ընդգրկում ունին եւ կը պահանջեն առաւել մեծ ուշադրութիւն եւ ուժերու համախմբում։ Ան ընդգծեց, որ պետութեան, եկեղեցւոյ եւ համազգային կառոյցներու ներդաշնակ գործունէութիւնը մեծ ներուժ կը պարունակէ՝ բազմաթիւ խնդիրներու լուծման տեսակէտէ։ Այս ամբողջին մէջ Նորին Սրբութիւնը առանձնացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նորին Սրբութիւնը այս առումով էական համարեց, որ պետութեան առաջնահերթութիւններու եւ արտաքին քաղաքական գերակայութիւններու սահմաններուն մէջ նկատի առնուին համահայկական կառոյցներու օրակարգերը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ձեւաւորելու նաեւ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու համազգային օրակարգը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց համընդհանուր ջանքերու կարօտ շարք մը խնդիրներու, որոնց շարքին էր զանազան երկիրներէ ներս հայկական ժառանգութեան պահպանումը։ «Կարեւոր խնդիր է նաեւ աշխարհով մէկ սփռուած եկեղեցական եւ ազգային մշակութային ժառանգութեան խնամատարութիւնը։ Մենք ուրախ ենք նշելու, որ այս ուղղութեամբ միասնական ջանքերով կատարուած է մեծ աշխատանք։ Հարկ է, որ այդ մէկը նախանձախնդրօրէն շարունակենք՝ հետամուտ ըլլալով մեր ժառանգութեան անխաթար պահպանութեան։ Արտերկրի մէջ մեր մշակութային մասունքներն ու սրբավայրերը իւրայատուկ եւ անփոխարինելի այցեքարտներն են մեր ժողովուրդի։ Անոնց պատշաճ ներկայացումը եւ խնամքը նոր գրաւչութիւն եւ առաւել ընդարձակ ճանաչողութիւն կ՚ապահովէ մեր երկրին համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ հայրերու հաւատքով զօրացած բարձրաստիճան դիւանագէտները մեկնին իրենց ծառայութեան վայրերը՝ առաւել խանդավառութեամբ ու արդիւնաւորութեամբ իրագործելու իրենց առաքելութիւնը ի նպաստ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի բարօրութեան ու յառաջընթացի։

Իր ելոյթէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ներկայ բարձրաստիճան դիւանագէտներու հարցումներուն։ Քննարկուեցան Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ի մասնաւորի, օտարերկրեայ պետութիւններէ ներս Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջեւ ներկայ գործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ 

Շաբաթ, Օգոստոս 31, 2019