ԶՈՀԵՐԸ Կ՚ԱՒԵԼՆԱՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վիճակագրական տուեալներու ցոլացուցած պատկերը կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Ըստ ընկերային ցանցերու միջոցաւ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած հրապարակումներուն, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 91 հազար 302 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1482 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 42 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1027։ Ներկայ դրութեամբ 945 վարակեալի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ միասնական պայքարի պարագային կարելի պիտի ըլլայ յաջողութեան հասնիլ։ Ըստ իրեն, օր մը առաջուան բաղդատմամբ աւելի նուազ թիւով քննութիւն կատարուած է, հակառակ այս հանգամանքին՝ նոր վարակեալներու թիւը բարձր է։ Կ՚աւելնայ նաեւ ծանր հիւանդներու թիւը։ Նախարարը յիշեցուց, որ այս կացութիւնը կը բարձրացնէ նաեւ նոր զոհերու թիւը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020