ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՅՍՕՐԸ. ԴԷՊ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ՄԵԾ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՎ
Գուցէ Նիկոլ Փաշինեան եղաւ Հայաստանի առաջին ղեկավարը, որ 23 օգոստոսին «բաց թեքստ»ով ակնարկեց, թէ այս օրերուն երկրի անկախութիւնը վտանգուած է։
Ի դէպ հարկ է յիշեցնել, որ միայն օրեր առաջ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը նշեցին Անկախութեան հռչակագրի «ծննդոց»ի 32-րդ տարեդարձը, որ կը զուգադիպէր օգոստոսի 23-ին։ Օր, որ ուղենշային եղաւ Հայաստանի համար, նաեւ հիմք, որ աւելի ուշ (ընդամէնը ամիս մը անց) սեպտեմբերին տեղի ունենայ հանրաքուէ եւ երկիրը հռչակուի անկախ պետութիւն՝ կրելով Հայաստանի Հանրապետութիւն անունը։
Ինչքան արագ կը փոխուին ժամանակները եւ ինչքան արագ կը սայթաքի եւ անկում կ՚ապրի համահայկական օրակարգը։ Վերջին չորս տարիներուն ինչ-ինչ տուայտանքներ ապրած հայրենի ժողովուրդը այսօր կարծես չի մտածեր մէկ օրակարգի մասին։ Առօրեայ հոգերու, ամէնօրեայ խնդիրներու մեծ աւազանին մէջ ինկած ժողովուրդը կը լուծէ իր աւուր հացի խնդիրը՝ յաճախ լուռ անցնելով այն փոսերուն վրայէն, որոնք ամէն օր, ամէն առթիւ կը լայննան ու իրենց մէջ կը կլանեն այս երկրի անկախութիւնը փառաւորապէս դիմաւորած վերջին սերունդներուն մեծ երազը։ Հարցումը, որ այսօր կը տրուի վաղուան ճակատագրին, վաղուան գալիքին հետ առընչակից հարցադրում մըն է, իսկ այդ վաղը շատ ալ հեռու չէ։ Այսօր-վաղը այդ «խաղ»ին, այդ սպասումին եւ ամենակարեւորը՝ վաղուան ահէն սոսկալու պահը օրուան շեշտերուն ու երանգներուն հետ այնքան մը տարբաղդրուած է, որ մարդ պարզապէս կ՚ապշի ու ափ ի բերան կը մնայ եղածներուն ի տես, նաեւ պահ մը կը սառի, թէ ինչպիսի արհաւիրքներ դեռ կրնան պատահիլ «պատմականութեան» մը բեռը իր ուսերուն՝ այս կտոր մը հայրենիքին մէջ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի կողմէ հնչած ուղերձին (որ ուղերձ մը ըլլալէ անդին՝ իրավիճակի ահաւորութիւնը մատնող ինքնախոստովանութիւն մըն էր), ապա հարկ է նշել, որ այդտեղ ան իրավիճակը ներկայացնել փորձելով արտայայտած էր իր «ահը» գալիք վիճակներուն վերաբերեալ։ Ի դէպ, առաջին անգամը չէ, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները նման «խաղադրոյթներու» կը դիմեն, իրավիճակը ձեւով մը մեղմելու կամ ալ իրենց ձեռքերը Պիղատոսի նման արագօրէն լուալու նպատակով։
Մինչ Փաշինեան տխուր շեշտերով խօսքեր կը հնչեցնէր, անդին իր իշխանախումբի «փայլուն» անդամներ իրարու ետեւէն առիթ չէին փախցներ վերստին «մեկնելու» իր խօսքերը, նաեւ յայտարարելու, որ Փաշինեանի ըսածին մէջ ամէն ինչ շատ «նորմալ» է ու հաստատելու, որ «վախնալու կամ մտահոգուելու հարկ երբեք չկայ…»։
Նշեցի, անշուշտ, որ այս միջոցը նորութիւն մը չէ, ասկէ առաջ ալ անոնք նման ձեւերու դիմած են ու բոլորիս յայտնի է ու տակաւին մեր յիշողութեան մէջ ալ մեծ նստուածք ձգած է. օրինակ՝ «Արցախի կարգավիճակի նշաձող իջեցնենք»ի ոճով յայտարարութիւնները, որոնք կը մատնեն, անշուշտ, կրուած վնասները, համընդհանուր անկումն ու իրավիճակներուն վրայ ազդելու մեծ անզօրութիւնը։
Գալով Փաշինեանին, հարկ է ներկայացնել այն հատուածը, որ հիմքով եւ տուն ու տեղով կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի անկախութեան եւ անվտանգութեան կապուած մեծ խնդիրը, նաեւ աւելիով կը կազմալուծէ՝ մեզմէ շատերուն մօտ արդէն իսկ տատանում ապրող վստահութեան խնդիրը։
Վստահութիւնը, որ վերջին տարիներուն վերածուեցաւ անվստահութեան, որ նաեւ հարուածեց ու տակաւին կը հարուածէ մեր ժողովուրդի բարոյական հասկացութիւններու մեծ ու գլխաւոր շէնքը՝ պետականութիւնը, որ կարծէք ամէն օր աւելիով կը խրուի աւազներուն մէջ։
Փաշինեան մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Սիրելի՛ ժողովուրդ, սիրելի՛ հայրենակիցներ, այսօր կը լրանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 32-րդ տարեդարձը: 1991 թուականի օգոստոսի 23-ին Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած Հռչակագիրը այն մասին է, որ Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը սկիզբ կը դնէ անկախ պետութեան հաստատման գործընթացին: Մեկնարկած այդ գործընթացը իրաւականօրէն վերջ գտաւ 1991 թուականի սեպտեմբերի 21-ի անկախութեան հանրաքուէով եւ միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչմամբ: Փաստացիօրէն այդ գործընթացը չէ աւարտած մինչեւ օրս ո՛չ թէ այն պատճառով, որ անկախութիւն չունինք, այլ այն պատճառով, որ անկախութիւնը նման է առողջութեան, զոր ունենալով հանդերձ՝ պէտք է ամէն օր հոգ տանիս զայն ունենալու համար: Կառավարութիւնը ամէն օր կը պայքարի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան համար: Անկախութիւնը մեզի համար անվտանգութիւն է, զոր ապահովող միջազգային կառուցակարգերը բոլորիս աչքերուն առջեւ կը ճաթին եւ այդ ճաթոցներէն առաջինը, դժբախտաբար, արտայայտուեցաւ Արցախի մէջ»։
Անշուշտ, միայն բաժին մը ներկայացուած է Փաշինեանի ուղերձէն, որ ինչպէս վերը նշուած է՝ ուղերձ ըլլալէ անդին ճակատագրական վիճակի մը, անկումի մը, վախի մը եւ վաղուան օրուան մասին անվստահութեան մը մեծագոյն վկայագիրն իսկ է։ Խնդիրը, սակայն, միայն այս ուղերձը արտայայտելը, երեւելի եւ աներեւոյթ «մեսաժ»ներ հասցնելը կամ նոյնիսկ դաշնակից ու հարեւան մեղադրելը չէ։ Խնդիրն այն է, որ այս մարդիկ եւ գլխաւորապէս ինք՝ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ուրանայ ամէն տագնապ, աչքերը կը փակէ ամէն խնդրի դիմաց, նաեւ այս մեծ կորուստներով հանդերձ՝ կ՚ուզէ տիրել, ժամանակ շահիլ, խուսանաւել ու ստել։ Ու այս մեծ փորձութիւններուն դիմաց ան եւ իր համախոհները յենլով տասնեակ վարկածներու վրայ, գործի դնելով ամէն տեսակի ձեռնավարութիւններ, նժարի կշիռները ուղղելով ընդդիմութեան «նախկին» ըլլալու նժարափսէին վրայ՝ կը փորձեն հանրութեան այնպէս մը ներկայանալ, որ ոչինչ պատահած է, ոչինչ տեղի ունեցած է ու ամենակարեւորը՝ վստահեցնելով, թէ ամէն ինչ «նորմալ» հունի մէջ է։
Մինչեւ այստեղ առկայ իրականութեան բնութագրումն էր։ Ի հարկէ, այլ առիթներով պիտի խօսինք ընդդիմութեան պարզած վիճակին մասին, պիտի փորձենք նաեւ ներկայացնել, թէ ի՛նչ զարգացումներու կարելի է սպասել՝ յատկապէս, որ արդէն իսկ պարզ դարձաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը, որ այսօր տեղի կ՚ունենայ Պրիւքսելի մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլորին զուգահեռ հարկ է շեշտադրել, որ սահմանային խնդիրներու, ճանապարհային հիմնահարցերու եւ անվտանգութեան կապուած մեծ հարցադրումներու կողքին, Հայաստանի մէջ ստեղծուած է անիշխանական իրավիճակ մը, որուն ականատեսն ալ եղանք օրեր առաջ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումին ժամանակ։ Այդ դէպքը, խորքին մէջ, նաեւ մեծ բնութագրիչն էր առկայ իրադրութիւն-քաոսին։ Այս քաոսային վիճակին մասին օրերս կարեւոր ակնարկ մը ստորագրած է քաղաքագէտ Վահէ Յովհաննիսեան, որուն խորհրդածութիւնը ներկայացուած է առանձնապէս։
Միւս կողմէ ալ, քաղաքական-իրողական վիճակի այլ բնութագրիչ խօսք մը կայ Աւետիք Չալաբեանէն, որ ներկայիս անարդարօրէն կալանքի տակ կը գտնուի։ Ան օգոստոսի 23-ին բանտի իր պայմանները զանց առնելով հրապարակային գիրով մը դիմեց հանրութեան՝ նշելու համար, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը ամէն օր կը նօսրանայ եւ աւելիով կը վտանգուի։ Այս բոլորը կը ներկայացուին անգամ մը եւս ահազանգելու համար, անգամ մը եւս ըսելու համար, որ այսօր Հայաստանի իրադրութիւնը իսկապէս հասած է «կարմիր գիծ»ը հատելու դրութեան եւ այդ կարմիր գիծէն անդին ամէն բան անորոշ է ու անյստակ։
Ճիշդ է, անշուշտ, այն գրաւը, թէ այսօր Հարաւային Կովկասի մեծ զարգացումները փոքրիկ Հայաստանի խելքէն վեր տրոհումներ են. տրոհում՝ սահմանային շահերու, նաւթի, ջուրի, ճանապարհներու, խողովակաշարներու ու ամենակարեւորը՝ մեծ քաղաքականութեան մը փոխկապակցումներու, բայց եւ այնպէս, այդ բոլորին առընթեր արդէն աւելի քան երեւելի է, որ ի տարբերութիւն մօտաւոր անցեալի վիճակէն եւ «մասնակի» իրականութենէն, Հայաստան շատ բան զիջած է իր դիրքերէն։ Այլ հարց, թէ այդ զիջումը ինչքանով կապուած է անցեալ երեսուն տարիներուն Հայաստանը ղեկավարել փորձած կամ նոյնիսկ ղեկավարած առաջնորդներու բարոյահոգեբանական կտրուածքէն, անոնց ժամանակի գործօնը լաւապէս չգնահատած ըլլալու մեծ մեղքէն, կամ նոյնիսկ երկիրը լաւապէս կազմակերպելու ընդունակութեան պակասէն՝ փաստը կը շարունակէ մնալ փաստ, որ այսօրուան առկայ մթնոլորտը, երկրին պարզած համարեա սպառած պատկերը ու լայն հասարակութեան մօտ անել դրութեան մէջ ստիպողաբար լողալու ճշմարտութիւնը մեզ կը տանին այն համոզման, թէ այսօրուան Հայաստանի վէրքերը բուժելու համար մենք պէտք ունինք իսկական հրաշքի։
Ո՛չ միայն Փաշինեանի հեռացումն է լուծումներու բանալին, այլեւ՝ փարատումը քաղաքական դաշտի առկայ անորոշութեան, որ ամէն օր մեզ աւելիով կը հեռացնէ նոր յոյսեր որոնելու կարեւորագոյն գործէն։
*
ՎԱՀԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ. «ՀԵՐԻ՛Ք Է ԱՅՍ ՓՈՔՐ ԵՐԿՐԻՆ ԱՅՍՔԱՆ ԱՂԷՏ ՈՒ ՄԱՀ»
Հայաստանը կը գտնուի ներքին անկայունութեան շատ վտանգաւոր փուլի մէջ։ Պայթիւններ, հրդեհներ, ահաբեկչական ահազանգներ, տարհանումներ, փլուզումներ, խոշոր վթարներ։ Սա արդէն մեր կենցաղն է։ Ամենօրեայ լրահոսը լեցուն է հանրային տագնապով եւ սահմռկեցուցիչ վթարներով։ Սա ունի երկու խորքային պատճառ։ Նախ՝ մենք կարողութիւնը չունինք փակելու պատերազմին էջը։ Այդ մէկը հնարաւոր է կատարել միայն նոր իշխանութեան ձեւաւորմամբ եւ երկրին մէջ նոր մթնոլորտի հաստատմամբ։ Պատճառներէն երկրորդը՝ պետական հիմնարկներու գործունէութեան խայտառակ ցած որակն է, որ կը մօտենայ ներքին անկառավարման աստիճանին։ Բացի այն, որ համակարգը լեցուած է գիտելիք չունեցող իւրայիններով, պետական համակարգի եւ պետական հիմնարկներու առջեւ դրուած է բացառապէս մէկ խնդիր՝ իշխանութեան պահպանումը։ Սա շատ վտանգաւոր փուլ է, որ կը պահանջէ զգօնութիւն, զսպուածութիւն եւ խորքային լուծումներ։ Միեւնոյն ժամանակ, կ՚ուզեմ ընդգծել փրկարար եւ այլ յատուկ ծառայութիւններու անձնակազմերու անձնուրաց եւ անձնազոհ աշխատանքը։
Սուր խնդիր մը եւս կայ, որ իր մէջ հսկայական վտանգներ կը պարունակէ։ Թէ՛ մինչեւ 2018 եւ թէ՛ 2018-էն յետոյ, քաղաքին մէջ տրուած են մեծ թիւով շինարարութիւններ կատարելու արտօնութիւններ, որոնք բառին բուն իմաստով մահաբեր են։ Կը կառուցուին շէնքեր՝ առանց անվտանգութեան որեւէ կանոնի պահպանման։ Ճիշդ հիմա, Երեւանի մէջ կը կառուցուին շէնքեր, որոնք վաղը կրնան դառնալ մեծ աղէտներու հասցէներ։ Ամէն նեղ անկիւնի մէջ խցկուած են բազմաբնակարան, բազմայարկ շէնքեր։ Աստուած չընէ, եթէ վաղը բան մը ըլլայ, պիտի ըսեն՝ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ։
Եթէ հիմա պարզ լրագրական յետաքննութիւն մը կատարուի կառուցուող շէնքերու, շինութիւններու մասին՝ կրնանք պատկերացնել, թէ ինչ վտանգի առջեւ ենք։ «Սուրմալու»ի ողբերգութիւնը պէտք է դառնայ մեծ ահազանգ ու ցաւոտ խթան մը՝ ստուգելու եւ վերստուգելու համար բոլոր՝ կասկածելի անվտանգութեամբ շէնքերն ու տարածքները եւ եթէ անհրաժեշտ է՝ վերանայելու շինարարական արտօնագիրներն ու խստացնելու օգտագործուող տարածքներու անվտանգութեան պահանջքները եւ հնարաւոր լուծումներ գտնելու։ Պետք է գործի լծել համապատասխան գիտելիքի ու փորձառութեան տէր մասնագէտներ՝ անկախ անոնց քաղաքական հայեացքէն ու կուսակցական աստիճանակարգէն։ Անվտանգութիւնը պէտք է վերջապէս դառնայ երկրի թիւ մէկ հարցը։
Մենք չենք նկատեր, մենք արդէն յարմարած ենք, բայց աղէտը արդէն մշտապէս մեզի հետ կ՚ապրի։ Սա բնական վիճակ չէ։ Հերի՛ք է այս փոքր երկրին այսքան աղէտ ու մահ։ Որպէս առաջին քայլ՝ անվտանգութիւնը, ներքին եւ արտաքին, պէտք է դառնայ հանրային, ընդհանուր պահանջք, պէտք է կազմակերպել այդ պահանջքը, պէտք է ձեւաւորուի այդ պահանջքին բովանդակային, կազմակերպչական տեսք տուող քաղաքական-հասարակական շարժում մը՝ միաւոր կամ այլ ձեւաչափով, որպէսզի մեր երկիրը ներքին եւ արտաքին անվտանգութեան որոշակի կայուն մակարդակի մը վրայ ըլլայ։
ՎԱՀԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
«Այլընտրանքային նախագծեր» խումբ
*
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿՐՃԱՏՈՒԻԼ»
Անկախութեան հռչակագրի ընդունումէն 32 տարի անց մենք ունինք անկախ պետութիւն, բայց, միւս կողմէ, անոր իրական ինքնիշխանութիւնը սահմանափակ է եւ կը շարունակէ կրճատուիլ։ Մէկ կողմէ, կրցանք ազատագրել Արցախը, բայց միւս կողմէ, չկրցանք պահել ու օրէ օր կը կորսնցնենք զայն։ Արտաքնապէս մեր երկիրը կը զարգանայ, բայց, միւս կողմէ, բնակչութեան թիւը կը կրճատուի։
Մենք կանգնած ենք ճակատագրական երկընտրանքի առջեւ։ Կա՛մ պէտք է նոր շունչ ու իմաստ հաղորդել անկախութեան հայեցակարգին եւ կա՛մ պէտք է հաշտուիլ այն մռայլ մտքին հետ, թէ իւրաքանչիւր տարի մեր ինքնիշխանութիւնը աւելի պիտի նուազի։ Մենք կա՛մ պէտք է պատրաստ ըլլանք զոհաբերուելու յանուն պետականութեան եւ կա՛մ համակերպինք այն բանին հետ, որ մեր ազգային առաքելութիւնը աւարտած է եւ նիւթական բարեկեցութեան ակնկալիքով երթանք օտար երկիր։ Ընտրութիւնը պէտք է միասին կատարենք։
ԱՒԵՏԻՔ ՉԱԼԱԲԵԱՆ
«Արմաւիր» քրէակատարողական հիմնարկէն
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան