ԱՆԹՈՒԱՆ ՊԱՂՏԻԿԵԱՆԻ ՏԽՈՒՐ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Ֆրանսահայ համայնքը կը սգայ իր երէց սերունդէ սիւներէն մէկուն կորուստը. ոչ եւս է Անթուան Պաղտիկեան, որ մահացած է օգոստոսի 26-ի գիշերը։ 1970-ական թուականներէն ի վեր ան մշտական ներկայութիւն դարձած էր ֆրանսահայ կեանքէն ներս՝ ըլլալով նաեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) հիմնադիրներէն։
Նորոգ հանգուցեալ Անթուան Պաղտիկեանի շուրջ 55 տարիներու վրայ տարածուած ազգային գործունէութիւնը իսկապէս ծաւալուն է եւ բազմակողմանի։ Այդ մասին կան բազում վկայութիւններ, որոնց ընդմէջէն կը բիւրեղանայ հանգուցեալին դերակատարութեան եւ յանձնառութիւններուն նշանակութիւնը։ Անթուան Պաղտիկեան տասնամեակներ շարունակ նախագահած էր Ֆրանսայի Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան (ANACRA)։ Իր դրօշակակիր ընկերներուն հետ միշտ ներկայ կ՚ըլլար հայկական կամ ֆրանսական ազգային արարողութիւններուն։ Եղած էր ֆրանսական դիմադրութեան հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի այրիին՝ Մելինէ Մանուշեանի մտերիմներէն։ Անխոնջ աշխատանք տարած էր, որպէսզի Միսաք Մանուշեան եւ իր խմբակից ընկերները բարձրանան իրենց արժանի պատուանդանին վրայ՝ Ֆրանսայի ի նպաստ հայրենանուէր եւ անձնուրաց պայքարին համար։ Մինչ այդ, անոնք անարդարօրէն մնացած էին շուքի տակ։ Անթուան Պաղտիկեան լիուլի յաջողած էր այդ առաքելութեան մէջ։ Անշուշտ, այս հանգամանքի լաւագոյն ապացոյցներէն մին է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի վերջին որոշումը՝ յառաջիկայ փետրուարին, Մանուշեանի եւ ընկերներու գնդակահարման տարելիցին՝ անոր աճիւնները Փարիզի Պանթէոն վերամփոփման ուղղութեամբ։ Նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինած է, որ Անթուան Պաղտիկեան պիտի չկարողանայ մասնակցիլ այդ արարողութեան։
Անթուան Պաղտիկեան նաեւ գործադրած էր մեծ ջանքեր, որոնց շնորհիւ յայտնաբերուած էր Նափոլէոնի դիկնապահ՝ ծագումով թիֆլիզահայ Ռուստամ Ռազա երեւոյթը։ Ամէն տարի անոր յիշատակին այցելութիւններ կը կազմակերպէր դէպի Տուրտան, ուր կը գտնուի անոր շիրիմը։
Անթուան Պաղտիկեան ջատագովներէն մին էր նաեւ Ֆրանսայի հայ եւ հրեայ համայնքներու մերձեցման։ Ան այս աշխատանքը կը տանէր՝ մանաւանդ այն հասարակաց գետնին վրայ, որ Մանուշեանի խումբին մէջ մեծ թիւով հրեաներ ալ կը գտնուէին։ Անոնց գնդակահարման տարելիցի օրերուն հրեայ համայնքին հետ միասնաբար կազմակերպուիլ սկսած էին ոգեկոչման եւ աղօթքի հաւաքներ, որոնց գլխաւոր նախաձեռնողը դարձեալ Անթուան Պաղտիկեանն էր։ Այդ արարողութիւնները ամէն տարի տեղի կ՚ունենային փոխն ի փոխ՝ հայկական եկեղեցւոյ եւ սինակոկի մէջ։
Դարձեալ Անթուան Պաղտիկեանի ջանքերով ձեւաւորուած էր՝ Փարիզի արուարձաններէն Սեն-Տընիի տաճարին մէջ՝ հայոց վերջին արքային՝ Լեւոն Ե. թագաւորին (Լուսինեան) յիշատակին կազմակերպուած տարեկան ոգեկոչումներու աւանդութիւնը։
Այս բոլորէն վերջ կարելի է անվարան ըսել, թէ Անթուան Պաղտիկեանի գործունէութեան նշանակութիւնը չէր սահմանափակուած միայն ֆրանսահայութեան հետ, այլեւ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր համայն հայութեան տեսակէտէ։
Իր երախտաշատ սպասաւորութենէն վերջ այժմ ֆրանսահայութիւնը կը պատրաստուի ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տալ իրեն։