ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան դէպի Նիւ Տելհի աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետի Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։ Արմէն Գրիգորեան շնորհաւորութիւններ յղեց Հնդկաստանի կողմէ ուղարկուած տիեզերանաւուն լուսնի վրայ կատարած բարեյաջող վայրէջքին առթիւ։ Քննարկուեցան նաեւ այս շրջանակէն ներս տիեզերական արդիւնաբերութեան գծով հաւանական համատեղ ծրագրերու մշակումը։

Գրիգորեան եւ Տովալ կանգ առին նաեւ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան իրադարձութիւններուն վրայ։ Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հայկական կողմի մօտեցումները։ Ան առանձնապէս ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի առկայ մարդասիրական տագնապը եւ կարեւորեց անոր յաղթահարման համար միջազգային ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։ Զրուցակիցները գոհունակութեամբ ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը եւ անդրադարձան շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը խորացնելու հեռանկարներուն։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջին շրջանին համագործակցութիւնը կը զարգանայ նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս, ինչ որ արձագանգ կը գտնէ միջազգային լրահոսին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2023