ՇԻՄՇԷՔ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ

Պետական գանձի եւ ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւններուն դրական ազդեցութիւնները նկատելի դառնալ սկսած են՝ մաքրօելմտական կայունութեան վրայ։ Իր խօսքով՝ անհրաժեշտ քայլերը առնել պիտի շարունակեն, որպէսզի այդ ազդեցութիւնները դառնան մշտական եւ կայունութիւնը ապահովուի վերջնականօրէն։

Նախարար Շիմշէք մեկնաբանեց՝ այս առաւօտ հրապարակուած այն տուեալները, որոնք կը վերաբերին երկրի տնտեսութեան աճին։ Իր արժեւորումներուն մէջ ան մատնանշեց, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը ներկայ տարուան երկրորդ քառորդին 3.8 առ հարիւր մեծցած է՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին բաղդատմամբ։

Հակառակ համաշխարհային նեղ ելմտական պայմաններուն եւ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին բաղդատմամբ 1.8 տոկոս փոքրացած կլոպալ առեւտուրին, Թուրքիա կը ջանայ հաւասարակշռել՝ երկրաշարժի հետեւանքով իր տնտեսութեան կրած վնասները։ «Տարուան երկրորդ քառորդին մեր տնտեսութիւնը շարունակած է ամուր աճը», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ համաշխարհային աշխուժութեան նուազման հետեւանքով շարունակուած է գործնական արտածման անկումը եւ ներքին ամուր պահանջին զուգահեռ ալ աւելցած՝ ներածումը։ Այսպէսով արտաքին պահանջը սահմանափակած է աճը։

Ի լրումն այս բոլորին, ներդրումները 5.1 տոկոսով բարձրացած են, ինչ որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տնտեսութեան արտադրունակութեան ներուժին տեսակէտէ։

Նախարարը համոզուած է, որ աճը ամուր ըլլալու առընթեր, պէտք է ըլլայ նաեւ հաւասարակշռուած, տեւական ու ներառական։ «Թափանցիկ, հաւասարակշռուած եւ միջազգային չափանիշներու համապատասխան քաղաքականութիւններուն շնորհիւ պիտի բարձրանայ կանխատեսելիութիւնը, ինչ որ պիտի ապահովէ տեւական աճին տեսակէտէ անհրաժեշտ ներդրումները։ Հաւասարակշռուած ու տեւական աճի շնորհիւ ապահովուելիք բարգաւաճման՝ հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար արդար բաշխումն ալ կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է», ըսաւ Շիմշէք։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2023