ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈՔՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ 2016-Ի ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ

ArmSport.am հայ­կա­կան լրա­տուա­կան կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ Հա­յաս­տա­նի տղոց պաս­քեթ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ Եւ­րո­պա­յի փոքր եր­կիր­նե­րու 2016-ի ա­խո­յենու­թեան: Այս ա­խո­յե­նու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յու­լիս 2016-ին:

Եւ­րո­պա­յի փոքր եր­կիր­նե­րու ա­խո­յենու­թեան մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նին հե­տե­ւեալ 11 եր­կիր­նե­րը՝ Հա­յաս­տան, Ան­տոր­րա, Ատր­պէյ­ճան, Ճիպ­րալ­թար, Մալ­թա, Մոլ­տո­վա, Մո­նա­քօ, Նոր­վե­կիա, Սան Մա­րի­նօ, Սկով­տիա եւ Կա­լէս:

Ըստ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէին պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէջին,  մրցա­շար­քին կա­յաց­ման վայ­րը եւ մաս­նակ­ցող եր­կիր­նե­րուն վերջ­նա­կան ցան­կը պիտի յստա­կա­նան 22 Յու­նուար 2016-ին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015