ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Սէիտ Քեա­զըմ Սա­ճի­տի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը շնոր­հա­ւո­րեց դես­պա­նը՝ Ե­րե­ւա­նի մօտ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ձեռ­նար­կած ըլ­լա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ Յա­կո­բեա­նի, հայ ժո­ղո­վուր­դը իւ­րա­յա­տուկ յար­գանք կը տա­ծէ Ի­րա­նի նկատ­մամբ, որ Հա­յաս­տա­նի դա­րա­ւոր հա­րե­ւանն է ու բո­լոր դժուա­րին պա­հե­րուն սա­տար կը հան­դի­սա­նայ ա­նոր։ Բաց աս­տի, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ փոր­ձա­ռու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Յա­կո­բեան նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ կանգ ա­ռաւ ի­րա­նա­հա­յու­թեան հետ ի­րա­կա­նա­ցուած բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րե­րուն վրայ։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան եւ հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ Սէիտ Քեա­զըմ Սա­ճիտ նշեց, որ խոր յար­գանք ու հիա­ցում ու­նի ի­րա­նա­հայ հա­մայն­քին եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։ Ան մեծ պա­տիւ կը հա­մա­րէ բա­րե­կամ Հա­յաս­տա­նի մէջ դես­պա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ եր­կու եր­կիր­ներն ալ ու­նին սփիւռք­ներ՝ զրու­ցա­կից­նե­րը խօ­սե­ցան նաեւ այս ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­լու հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։

Միւս կող­մէ, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­տեա­նին նիս­տը։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015