ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՓԱԿ ՏԵՏՐԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ

Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը հե­տա­մուտ է պատ­մու­թեան հին տետ­րակ­նե­րը բա­նա­լու: Ան ան­ցեալ շա­բաթ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ կա­յա­ցած «Սիո­նիզ­մի մի­ջազ­գա­յին» ա­մե­նա­մեայ ժո­ղո­վին սուր յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով փոր­ձեց նա­ցիա­կան Գեր­մա­նիոյ կող­մէ հրեա­նե­րուն դէմ կա­տա­րուած «Հո­լո­քոս­տ­»ի հիմ­նա­կան մեղ­քը բեռց­նել ա­րաբ­նե­րուն վրայ: Իս­րա­յէ­լի թիւ մէկ պա­տաս­խա­նա­տուն իր խօս­քը կ­­՚ամ­րագ­րէր պատ­մա­կան փաս­տով մը՝ յի­շա­տա­կե­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի սիւն­նի­նե­րու միւֆ­թիին հան­դի­պու­մը Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն (Նո­յեմ­բեր 1941) նա­ցիա­կան Գեր­մա­նիոյ ղե­կա­վար Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րին հետ: Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու­ի տուած ճա­ռէն ետք ա­րեւմ­տեան մա­մու­լի տար­բեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձան Հաժ Ա­մին Ալ Հիւ­սէյ­ի­նիի այդ շրջա­նին Պեր­լի­նի մէջ Հիթ­լէ­րի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման եւ իւ­րա­քան­չիւր կողմ հար­ցը իր շա­հե­րու պրիս­մա­կէն դի­տե­լով փոր­ձեց վեր­լու­ծել միւֆ­թիին պեր­լի­նեան ժո­ղո­վը:

Ինչ խօսք, որ Նե­թա­նի­յա­հու­ի ը­րա­ծը բա­ւա­րար հա­մո­զիչ հիմ­քեր չու­նէր հա­մո­զե­լու հա­մար աշ­խար­հը, թէ Հիթ­լէր հրեա­նե­րուն դէմ նախ­ճիր­ներ գոր­ծե­լու ո­րո­շու­մը ամ­րագ­րած է ա­րաբ կրօ­նա­պե­տին հետ իր ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն վերջ, սա­կայն ե­րե­ւե­լի էր, որ քա­ղա­քա­կան լուրջ տագ­նապ ապ­րող վար­չա­պե­տը նոր խնդիր­ներ յա­րու­ցե­լով, կը փոր­ձէր մե­ղադ­րանք­նե­րու նոր ա­լիք մը բարձ­րաց­նել ա­րաբ­նե­րուն դէմ:

Նե­թա­նի­յա­հու իր այս քայ­լով ծանր սա­կար­կու­թեան մը մէջ մտնե­լով, կը շա­հա­գոր­ծէր հրեայ ժո­ղո­վուր­դի զո­հե­րուն ար­ժէ­քը: Ա­նոր կա­տա­րած քայ­լը վատ էր կամ լաւ, այդ մէ­կը ե­րե­ւան պի­տի գայ Իս­րա­յէ­լի մէջ կա­յա­նա­լիք յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, երբ իս­րա­յէ­լա­ցի քուէար­կո­ղը իր խօս­քը ը­սէ քուէասն­տուկ­նե­րուն մէջ։

Այս հանգ­րուա­նին մտա­հո­գիչ է Ե­րու­սա­ղէ­մի, Ա­րեւմ­տեան ա­փի, Բեթ­ղե­հէ­մի եւ Գա­լի­լիոյ մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը: Վե­րաբ­նա­կե­ցեալ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րուն հա­մար (ո­րոնք բնիկ չեն, այլ ե­կուոր) ոե­ւէ պա­ղես­տին­ցիի մը ա­րեան թա­փուի­լը դար­ձած է նպա­տա­կա­կէտ: Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել պա­ղես­տին­ցի­նե­րու մե­ծա­գոյն տո­կո­սին մա­սին, ո­րոնց ապ­րած ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան ծանր պայ­ման­նե­րը զի­րենք դրած են նի­հի­լիզ­մի ճա­նա­պար­հի մը վրայ: Պա­ղես­տին­ցիք կորսն­ցու­ցած են վստա­հու­թիւ­նը ի­րենց ղե­կա­վա­րու­թեան հան­դէպ եւ ի­րենց հա­մար իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րու դէմ կա­տա­րուած դա­շու­նա­հար­ման ե­րե­ւոյ­թը, հա­կա­ռակ ա­նոր որ դէպ­քե­րու ա­ւար­տին ի­րենք կրնան սպան­նուիլ, դար­ձած է ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը փաս­տե­լու միակ մի­ջոց: Ա­րիւ­նա­թա­թախ գե­տի­նը վնա­սա­կար է բո­լո­րին հա­մար ու այս ծի­րին մէջ պէտք է դի­տար­կել ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին Ե­րու­սա­ղէմ ու ա­պա Ռա­մալ­լա տուած յան­կար­ծա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք թէեւ լու­ծում­ներ չբե­րին խնդրին, սա­կայն յա­ջո­ղե­ցան հան­դար­տեց­նել ի­րա­վի­ճա­կը: Այս լուծ­ման ե­ղա­նակ­նե­րը եր­կար շունչ ու­նե­նա­լու ուժ չու­նին, ու ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան ար­դէն տա­րի­նե­րէ ի վեր առ­կայ տագ­նա­պը կրնայ շատ ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րով հա­մա­պա­տե­րազ­մեան նոր ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծել:

Շատ մը դէ­տե­րու հա­մար Իս­րա­յէլ կը մնայ ան­պար­տե­լի ու ա­նոր զի­նուո­րա­կան գե­րա­կա­յու­թիւ­նը պի­տի «մաք­րէ» բո­լոր հա­շիւ­նե­րը: Ա­մե­րի­կեան նժա­րին վրայ՝ Իս­րա­յէ­լի որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ան­դա­դար կեր­պով բնա­կեց­ման նոր վայ­րեր կա­ռու­ցե­լու ո­րո­շում­նե­րը հաշտ աչ­քով չեն դի­տուիր: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով փոր­ձած է բա­ցատ­րել, որ Իս­րա­յէլ այս ըն­թաց­քով կրնայ դժուա­րին ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ ըլ­լալ: Նոյ­նը կ՚ը­սէ Եւ­րո­պան, ո­րուն հա­սա­րա­կու­թեան լայն շեր­տե­րուն հա­մար Իս­րա­յէլ դար­ձած է պա­ղես­տին­ցի ժո­ղո­վուր­դին դա­հի­ճը:

Ներ­կայ հանգ­րուա­նին մի­ջազ­գա­յին գե­րակշ­ռող ու­ժե­րուն հե­տաքրք­րու­թեան գլխա­ւոր ա­ռանց­քը Սու­րիան է: Ու այս ա­ռու­մով եւս Իս­րա­յէ­լի եւ պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն մի­ջեւ զի­նուո­րա­կան ո­րե­ւէ խլրտում խստիւ ար­գի­լուած է:

Այլ խօսք, որ գետ­նի վրայ այ­սօր օ­րա­կարգ պար­տադ­րո­ղը ոչ թէ Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուն կամ Նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ապ­պասն են, այլ նոյ­նինքն պա­ղես­տին­ցի այն ե­րի­տասարդ­նե­րը, ո­րոնք մա­հը աչ­քեր­նին առ­նե­լով ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ դա­շու­նա­հա­րում­ներ կը կա­տա­րեն Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­րաբ եւ իս­րա­յէ­լա­ցի բնա­կիչ­ներ ու­նե­ցող թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ:

Այս բարդ կա­ցու­թեան դի­մաց պատ­մու­թեան տետ­րակ­նե­րը գրգռե­լը բա­ւա­կան ան­հե­թեթ է, սա­կայն Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տին տի­րա­պե­տած այս զէն­քը եւս գո­ր­ծա­ծու­թեան կը դրուի իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուո­րա­կան կարգ մը պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու նախ­քան Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լու­թիւն տա­լը:

Ու նաեւ կա­րե­ւոր է դի­տար­կել, որ Ու­ա­շինկ­թը­նի մէջ Իս­րա­յէլ հեր­թա­կան ան­գամ ստա­ցաւ այն զի­նամ­թեր­քը, որ իր բա­նա­կը պի­տի շա­րու­նա­կէ պա­հել իբ­րեւ շրջա­նին մէջ գե­րակ­շիռ ու­ժե­ղա­գոյն ուժ ու­նե­ցող եւ «ան­պար­տե­լի» եր­կիր:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր մտա­հո­գիչ դրու­թեան աղ­բիւ­րը ա­րաբ իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թիւնն է: Եւ ա­ռանց պա­ղես­տին­ցի­նե­րու ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րագր­ման՝ անհ­նար է, որ լա­ւա­նե­րու մէջ գո­յա­տե­ւող այս հո­ղա­տա­րածք­նե­րը կրնան հան­գիստ շունչ մը քա­շել եւ ստեղ­ծա­ծար կեան­քով ապ­րիլ:

Ըստ Նե­թա­նի­յա­հուի պատ­մա­ծին՝ սիւն­նի միւֆ­թին Հիթ­լէ­րի հետ տե­սակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած է, թէ ե­թէ Հիթ­լէր հրեա­նե­րը իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնուող տա­րածք­նե­րէն ար­տաք­սէ, ա­պա ա­նոնք Պա­ղես­տին եր­թա­լով գլխու ցաւ պի­տի դառ­նան ա­րաբ­նե­րուն: Եւ երբ իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նած է նա­ցիա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դ­­րին, որ բա­ցա­գան­չած է. «Հա­պա ի՞նչ ը­նե­մ»։ Այդ պա­հուն ա­րաբ կրօ­նա­ւո­րը հաս­տա­տա­կամ կեր­պով պա­տաս­խա­նած է. «Այ­րէ զա­նոն­ք»: Ու միշտ հիմ­նուե­լով Նե­թա­նի­յա­հուի պատ­մա­ծին վրայ, Հիթ­լէր մեծ լռու­թեամբ մը ըն­կա­լած է միւֆ­թիին պա­տաս­խա­նը:

Թէ ինչ­քա­նով տրա­մա­բա­նա­կան է այս պա­տու­մը, կամ ինչ­քան ճշմար­տա­ցի կրնայ ըլ­լալ այն մօ­տե­ցու­մը, թէ Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րի նման բռնա­պետ մը իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հիմ­նէր եւ ամ­րագ­րէր լսե­լէ ետք ա­րաբ կրօ­նա­ւո­րին թե­լադ­րանք­նե­րը, յստակ չէ:

Այս մէ­կը, ոչ միայն մեծ կաս­կած­ներ կ­­ը յա­ռա­ջաց­նէ, այլ նաեւ թոյլ կու­ տայ, որ իշ­խա­նու­թիւ­նը իր ձեռ­քե­րուն մէջ պա­հե­լու խոր­քա­յին տագ­նապ ապ­րող Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու­ի բո­լոր խօս­քե­րը կաս­կա­ծի տակ առ­նուին:

Նե­թա­նի­յա­հու կը փոր­ձէ պատ­մու­թեան սեւ է­ջե­րը գրգռել, նպա­տակ ու­նե­նա­լով նոր տագ­նա­պի մը գիր­կը նե­տել ա­րաբ­նե­րը: Ինչ­քա­նով կը յա­ջո­ղի ան, տա­կա­ւին պարզ չէ: Յստակ է միայն, որ ո՛չ ա­րաբ­նե­րը եւ ոչ ալ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ի­րենց օ­րա­կար­գե­րուն ա­մենէն կա­րե­ւոր տե­ղը տուած են ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան: Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը շատ ա­ւե­լի բարդ է, քան Նե­թա­նի­յա­հուի պատ­մա­կան տետ­րակ­նե­րը վերս­տին բա­նա­լու մար­տա­վա­րու­թե­նէն բխող «թե­լադ­րանք­նե­րը»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015