ՊԱՀ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ
Թուրքիա կ՚ապրի ճակատագրական շաբաթավերջ մը։ Վաղը տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ։ Թէեւ առ երեւոյթ վաղահաս, սակայն խորքին մէջ վաղուան ընտրութիւնը պիտի ըլլայ անցեալ Յունիսի 7-ին կատարուածին կրկնութիւնը։ Արտահերթ այս ընտրութիւնը երկրի քաղաքական պատմութեան տեսանկիւնէն կ՚իրականանայ իսկապէս աննախընթաց պայմաններու ներքեւ։ Հետեւաբար բոլորը մագնիսացած ուշադրութեամբ կը սպասեն արդիւնքին, որ բառին բուն իմաստով բախտորոշ նշանակութիւն պիտի ունենայ բովանդակ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն։
Անցեալ շուրջ հինգ ամսուան ժամանակաշրջանը, առանց չափազանցութեան, կարելի է ուսանելի համարել երկրին իրականութեան առումով։ Իրադարձութիւններուն բնոյթը, զանազանութիւնը, թափն ու խտութիւնը պայմանաւորած են այդ հանգամանքը։ Շուրջ տասնհինգ տարուան կայուն շրջանէ մը վերջ, յանկարծ երկրի երկնակամարին յայտնուեցան բազում հարցականներ։ Հեռանկարները դարձան յարաբերաբար պղտոր, առանց տագնապայարոյց համեմատութիւններու հասնելու։ Մարդիկ սկսան մտածել, թէ Թուրքիոյ պայմաններով իշխանութեան մը առաւելագոյն վերելքը կրնայ տեւել շուրջ տասը տարի։ Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ իշխանութիւնը ունի մաշեցնող երեսակ մը, իսկ այս անգամ կարելի է մտածել, որ այդ պարագան ի զօրու է՝ անկախ տուեալ իշխանութեան յաջողութեան աստիճանէն։ Մնաց, որ բաւարար նախադրեալներ գոյութիւն ունին նաեւ ամէն տեսակ մեկնաբանութեան կամ կանխատեսումին ճիշդ հակառակը պնդելու համար։
Կացութիւնը ինչ որ ալ ըլլայ, երկրի քաղաքական բեմահարթակին վրայ հասունցած է ուժերու վերադասաւորման պահ մը։ Ո՛վ որ ալ նպաստաւոր դիրքով դուրս գայ առկայ գործընթացէն, անխուսափելիօրէն, հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորում մը պիտի ապրուի Թուրքիոյ մէջ։ Անգարայի պարզած համայնապատկերին վրայ նկատելի պիտի դառնան նոր երանգաւորումներ։ Ինչպէս միշտ, քաղակական այս բարդ գործընթացն ալ կ՚ուղղորդուի շարք մը դրական կամ ժխտական գործօններով։ Բացասական հիմնական ազդակը, անշուշտ, այն է՝ որ ահաբեկչութիւնը առկայ անցումային շրջանին վերստին ողբերգութիւններու ծնունդ տուած է երկրէն ներս։ Այս սպառնալիքը, պարզ է, որ ազդեցութիւն կը գործէ բազում բնագաւարներու վրայ՝ ենթադրուածէն շատ աւելի մեծ համեմատութիւններով։ Գալով դրական գործօնին կամ գործօններուն, բարեբախտաբար, այս գետնին վրայ եւս ամլութիւն մը չկայ։ Յամենայնդէպս, մեծագոյն ձեռքբերումը այն է, որ անցեալ մօտաւորապէս հինգ ամսուան անցումային շրջանին հասունութեան վճռորոշ փորձաքարի մը դէմ յանդիման մնաց Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը։ Ապրուած բոլոր ելեւէջներով հանդերձ, երկիրը դուրս չեկաւ բնականոն հունէն։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, ապահովեց՝ ամէն ինչ ընթանայ օրինականութեան շրջագծին մէջ։ Պետական վարչամեքենան հեռու մնաց տկարութեան ազդանշաններ ցոյց տալէ, հակառակ իր դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն։ Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած վարկածները բաւարար եղան՝ որպէսզի երկիրը կարենայ արտադրել գործնական լուծումներ, չմատնուելով քաղաքական փակուղիներու։ Հանրային կարծիքը հիմա արդէն կը սպասէ նոր բարեփոխումներու եւ ընդհանրապէս նոր մթնոլորտի մը ձեւաւորման երկրէն ներս։ Այդ ամբողջ սպասումներն ալ, իրենց հերթին, ակամայ օրակարգի վրայ կը բերեն ինչ-ինչ հաւանականութիւններ։
Իր անանտեսելի ներուժով՝ Թուրքիա ի վիճակի է վերստին թափ հաւաքելու եւ յաւակնոտ նպատակներու ուղղուելու։ Տարածքաշրջանի եւ միջազգային գետնի եղելութիւններն ալ այնպիսի ընթացք մը ունին, որ երկիրը կը պարտադրեն վերստին աշխուժանալ, հակառակ անոր, որ Թուրքիան հիմա ալ կրաւորական դիրքի մը վրայ չէ քաղաքական առումով։ Արտաքին աշխարհն ալ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ վաղուան ընտրութեան արդիւնքին։ Բոլորը կ՚ուզեն գիտնալ, որ միակուսակցական իշխանութիւն մը ձեւաւորել հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ, թէ ոչ համախոհութիւն մը պիտի ստեղծուի Թուրքիոյ մէջ, իսկ եթէ այո, ապա ո՞ր կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ, ինչպիսի՞ դիմագծով մը։
Օր մը եւս համբերութիւն, որպէսզի վաղը այդ բոլորին մասին իր խօսքն ըսէ ժողովուրդը՝ եւ ընտրութեան արդիւնքը միանգամայն կը կրճատէ հարցականներու երկար շարքը։
ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ԵՒՍ
Վաղուան խորհրդարանական ընտրութիւնները արտասովոր նշանակութիւն ունին թրքահայութեան տեսակէտէ։ Յուլիսի 7-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով երեսփոխան ընտրուած երեք թրքահայ անուններն ալ վերստին առաջադրուած են իրենց կուսակցութիւններուն կողմէ։
Արդարեւ, երկար տասնամեակներ վերջ իսկական հեռանկար մը գոյութիւն ունի՝ որպէսզի հայկական արմատներով քաղաքացիներ կարենան ընտրուիլ երեսփոխան՝ մուտք գործելով խորհրդարան։ Անոնց վերստին թեկնածու առաջադրուիլը կը նշանակէ, որ միայն քանի մը ամսուան բացառութեան մը պիտի չվերածուի թրքահայ պատգամաւորներուն ներկայութիւնը խորհրդարանէն ներս։ Հետաքրքրական հանգամանքներէն մին այն է, որ տասնամեակներու այս սպասումէն վերջ արդէն հայկական արմատներով երեք թեկնածու խորհրդարան մուտք գործելու եզրին հասած են վերստին՝ տուեալ կուսակցութիւններու ղեկավարութեան դրական տրամադրութիւններուն լոյսին տակ։ Ծանօթ է, որ այդ թեկնածուներն են՝ Սելինա Տողան (ՃՀՓ), Մարգար Էսաեան (ԱՔ կուսակցութիւն) եւ Կարապետ Փայլան (ՀՏՓ)։ Այս վերջիններու շարքին Սելինա Տողանի դիրքը արդէն շատ ամուր է եւ իր խորհրդարան չմտնելու հաւանականութիւնը բացառուած է։ Մարգար Էսաեան Իսթանպուլի Բ. շրջանէն թեկնածու առաջադրուած է 14-րդ կարգի վրայ, անցեալ անգամուան 12-րդէն վերջ։ Կարապետ Փայլանն ալ ընտրուելու բարձր հաւանականութիւն ունի, քանի որ իր կուսակցութիւնը այլեւս ձերբազատուած է նուազագոյն քուէներու պատնէշը չյաղթահարելու մտահոգութենէն։
Թրքահայ համայնքը, սկզբունքօրէն, փորձած է միշտ հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնալ կուսակցութիւններու նկատմամբ եւ այս առումով համայնքին տեսակէտէ դրական երեւոյթ մըն է, որ տարբեր աշխարհահայեացքով, մէկէ աւելի կուսակցութիւններու կողմէ թեկնածուներ ցոյց տրուած են հայկական արմատներով քաղաքացիներու շարքէն։