ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալուեցան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Բակօ Սահակեանի հետ միջնորդները քննարկեցին ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ սահմաններու առկայ իրավիճակին, նաեւ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ հարցեր։ Սահակեան պաշտօնապէս վերահաստատեց Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նկատմամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ Ան հերթական անգամ կարեւորեց բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի մասնակցութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն։ Նախագահ Սահակեան կարեւորեց հրադադարի դրութեան պահպանումը եւ այդ մէկը համարեց տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման առանցքային բաղադրամասերէն մին։

Մասիս Մայիլեանն ալ միջնորդներու հետ տեսակցութեան ընթացքին վերահաստատեց հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Ան եւս ընդգծեց, որ Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ բանակցութիւններու եռակողմանի ձեւաչափի վերականգնման անհը-րաժեշտութիւնը։ Ժամանակին սա ապացուցանած է իր արդիւնաւէտութիւնը։ Մայիլեան ընդգծեց, որ կարգաւորման հիմքին պէտք է գտնուի Արցախի եւ իր ժողովուրդի անվտանգութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018