ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ եռակողմանի հանդիպում մը ունեցան Իսթանպուլի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ, եռակողմանի այս ժողովէն վերջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տավիտ Զալքալիանիի  եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Եռակողմանի հանդիպման առընթեր նախարարները իրարու միջեւ ունեցան նաեւ երկկողմանի զը-րոյցներ։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա ամէն պարագայի մէջ կը պաշտպանէ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը։ Անգարա պիտի շարունակէ Պաքուի եւ Թիֆլիզի հետ համագործակցութիւնը՝ որպէսզի անոնց դիմագրաւած խնդիրները լուծուին խաղաղ ճանապարհով, միջազգային իրաւունքի յարմար ձեւով եւ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։

Բաց աստի, Իսթանպուլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան այս երեք երկիրներու համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։

Չավուշօղլու նոյնպէս Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ու Էլմար Մամէտեարովը։ Սա իր տեսակին մէջ վեցերորդ հանդիպումն էր։ Ժողովէն վերջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այսպէս, նշուեցաւ, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի՝ ըստ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, մանաւանդ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հիման վրայ, խաղաղ ճանապարհով։

Ուժանիւթի բնագաւառի վերաբերեալ համագործակցութիւնն ալ օրակարգի վրայ էր այս հանդիպման ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018