ԹՐԱՄՓԷՆ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախատեսէ փոփոխութեան ենթարկել՝ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կանոնները։ Ան կը նախատեսէ արգիլել՝ ոչ-ամերիկահպատակ ընտանիքներու ԱՄՆ-ի մէջ ծննդաբերուած զաւակներուն եւ անկանոն գաղթականներու՝ նոյնպէս ԱՄՆ-ի մէջ աշխարհ եկած զաւակներուն քաղաքացիութիւն տրուիլը։

Թրամփ այս մասին յայտարարեց «Axios on HBO» ծրագրի ընթացքին։ Ան նշեց, որ Սպիտակ տան մէջ հարցը կ՚ուսումնասիրուի իրաւական առումով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018