ՄԵՆՊԻՉԷ ՎԵՐՋ ԵՓՐԱՏԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ Մենպիչէ վերջ Թուրք զինեալ ուժերու աշխատանքի դաշտը պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելքը, ուր պիտի ոչնչացուին ահաբեկչական թիրախները։ Այս յայտարարութիւնը արդէն ընկալուած է որպէս նոր գործողութիւններու ազդանշան։

Միւս կողմէ, Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերը պիտի հաստատուին 2019 թուականի հոկտեմբերին։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա Ռուսաստանէն ձեռք բերաւ Ս-400 հրթիռային համակարգերը եւ երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած այս համաձայնութիւնը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Արդարեւ, Թուրքիա ըլլալով ՆԱԹՕ-ի անդամ՝ որոշած էր Ռուսաստանէն ապահովել նման կարեւոր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ մը։ Քննադատութիւններ հնչեցին նաեւ Ս-400-ներու եւ ՆԱԹՕ-ի համանման համակարգերու անհամատեղելիութեան մասին։ Այս բոլորով հանդերձ, Անգարա վճռակամօրէն յառաջ տարաւ այս ծրագիրը։

Նախարար Հուլուսի Աքար վերջերս տեղեկացուց, որ 2019 թուականի հոկտեմբերէն սկսեալ այդ համակարգերու տեղակայման աշխատանքները պիտի սկսին։ Ներկայիս անձնակազմ ընտրելու գործն ալ յառաջ կը տարուի։ Արդարեւ, ընտրուելիք անձնակազմը յառաջիկայ տարուան սկիզբին Ռուսաստան պիտի ուղարկուի մարզուելու համար։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հուլուսի Աքար անդրադարձաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներէն բանակի համար ներածուած Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու նիւթին։ Ըստ իրեն, յառաջիկայ մարտին ամերիկեան կողմը եւս երկու Ֆ-35 ռազմաօդանաւ պիտի յանձնէ Թուրքիոյ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018