ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան Մինսք այցելեց՝ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի հիմնական խումբի հանդիպման առթիւ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լուքաշենքօ երէկուան զրոյցի ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց Արմէն Սարգսեանի Մինսք կատարած այցելութեան բերումով։ «Անկախ տարատեսակ դատողութիւններէն՝ ժողովրդավար Հայաստանի մէջ դուք ի դէմս Սպիտակ Ռուսիոյ ունեցած էք եւ մշտապէս պիտի ունենաք լաւ ու վստահելի ընկերներ։ Մենք ձեզի հետ կ՚աշխատինք տնտեսական միասնական հարթակի վրայ՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մէջ, կ՚աշխատինք ռազմաքաղաքական միութեան մէջ՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ եւ հետեւողականօրէն կը կատարենք մեր պարտաւորութիւնները եւ այն ամէն ինչը, որ կը մտնէ այս կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ», ըսաւ Լուքաշենքօ Արմէն Սարգսեանը հիւրընկալելու ժամանակ։

Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց Մինսքի մէջ գտնուելու առթիւ։ Իր խօսքով, այդ մէկը առանձնայատուկ քաղաք մըն է։ «Կը կարծեմ, թէ այսօր Սպիտակ Ռուսիան կայունութեան եւ կանխատեսելիութեան օրինակ մըն է։ Այս նոր աշխարհին մէջ, ուր մենք կ՚ապրինք, շատ հազուադէպ կարելի է նման որակներու հանդիպիլ։ Աշխարհը միայն տարածքաշրջանները չեն, աշխարհ դարձած է անկանխատեսելի, անկայուն եւ այն պետութիւնները, որոնք իրականութեան մէջ ունին այս երկու որակները, բարձր գնահատանքի կ՚արժանանան իմ, Սպիտակ Ռուսիոյ իմ գործընկերներուն եւ առ հասարակ համաշխարհային հասարակութեան կողմէ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018