ԼԻԲԱՆԱՆ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…

Շատեր հարց կրնան տալ, որ Պոլսոյ սրտին մէջ լոյս տեսնող հայկական ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ինչի՞ն է պէտք, որ այսքան մանրազննին կերպով հետեւի փոքրիկ Լիբանանի զարգացումներուն։ Տակաւին շատեր կրնան առարկել, որ կ՚արժէ՞ այսքան մեծ ուշադրութիւն դարձնել ընդամէնը վարչապետի մը հրաժարականի լուրին, որուն քայլը Միջին Արեւելքի մեծ զարգացումներուն մէջ ընդամէնը տողատակի դեր ունի։

Նոյն այդ առարկողները, որոնց մէջ, շատ հաւանաբար քիչ չեն նաեւ, այս սիւնակին հետւողները, կը մոռնան կամ մոռնալ կը ձեւացնեն, որ Հարիրիի հրժարականին լուրը անցնող 48 ժամերուն ընթացքին գրաւեց միջազգային գործակալութիւնները՝ «թոփ նիւզ»ի գլխաւոր դիրքը։

Մեր առարկումներէն անդին յստակ է նաեւ, որ այս աւազանի (նկատի ունինք Մերձաւոր Արեւելքը) ընդհանուր ծիրին վրայ Լիբանանը ոչ միայն կարեւոր դեր եւ դիրք ունի, այլ այնտեղ կատարուած զարգացումները մեզի կ՚օգնեն աւելի լայն հայեացքով փորձել հասկնալ մեր խճճուած տարածքաշրջանի ընդհանուր զարգացումներն ու մօտիկ ապագային սպասուող իրադարձութիւնները։

Եւ այսպէս, եթէ պահու մը համար մէկդի դնենք Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական-ընկերային ծանր պայմաններն ու այդ պայմաններուն հետեւանքով ընթացք առած եւ արդէն իսկ երկու շաբաթէ ի վեր շարունակուող լայնածաւալ բողոքի գործողութիւնները, ապա անպայման պիտի հասկնանք, որ Պէյրութի մէջ եղած զարգացումները, անմիջական կապ ունին շրջանէն ներս արդէն երկար ժամանակէ ի վեր առկայ լարուածութիւններուն հետ։ Ի դէպ, երբեք զուգադիպութիւն պէտք չէ համարել այս օրերուն Իրաքի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, որոնք յար եւ նման են Պէյրութի դէպքերուն եւ որոնց շնորհիւ ալ վերջին երեք տարիներուն «խոր քունի» անցած ամերիկամէտ ուժերը քունէն արթննալով կը փորձեն շփել եւ լայն բանալ իրենց աչքերը։

Ճիշդ է, որ Պէյրութի պարագան բաւական տարբեր է Իրաքի պարագայէն, ուր համայնքային դրութեան մը առկայութիւնը երկիրը դարձուցած է աւելի փխրուն, աւելի խոցելի եւ նոյնիսկ պայթիւնավտանգ գոյութեան մը։

Մարդիկ դժգոհ են Պէյրութի մէջ, դժգոհ են կեանքի պայմաններէն, դժգոհ են ապրուստի սղաճէն, դժգոհ են բնապահպանական ոլորտի խնդիրներէն ու դժգոհ են նաեւ առողջապահական համակարգի փտածութենէն։ Ու հակառակ անոր, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն անցած են քսանվեց երկար տարիներ, քաղաքացիական հասարակութիւնը հեռու է իր ապրած փորձառութիւնը դրական գործօնի մը վերածելու խիստ կարեւոր ընթացքէն։

 Քաղաքացիական հասարակութիւնը բացակայ է, որովհետեւ ներկայ են փոքր ու մեծ համայնքներու կրօնական գործիչները, որոնք օրն ի բուն կը կրծեն երկիրը։

Երկիրը կը թալանուի, պարտքերը կը մեծնան ու Լիբանան կը շարունակէ մնալ լաւագոյն պարագային մեծ տէրութիւններու ձեռքերուն մէջ թփռտացող «խաղալիք» մը, որուն պէտքը կը զգացուի ամէն անգամ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կ՚ուզէ հարուածել Իրանը, կամ Սէուտական Արաբիան, «Հիզպուլլահ»ը։ Ու այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ կեդրոնական կառավարութեան թոյլ մնալը ձեռնտու է դարձեալ համայնքի գործերը առաջ տանող պետերուն։

Այս ծիրին մէջ եւ այս համակարգի լոյսին տակ ուրեմն, կարեւոր զարգացում կարելի է համարել Սաատ Հարիրիի հրաժարականը, որուն ամենէն կարեւոր կէտը յատկացուած էր երկրի անվտանգութիւնը պահպանելու հարցին։

 Ուրեմն Լիբանան վտանգուած է։ Այո՛, վտանգուած է։ Վտանգուած է անոր համար, որ Սուրիոյ տագնապը կը մօտենայ իր աւարտին եւ այդ տագնապի փոխարէն քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը կարիքն ունի հրդեհի նոր օճախներու։ Նոյնը կարելի է ըսել Եմէնի, ԱՄՆ-Իրան տագնապի եւ սիւննի աշխարհին մէջ ընթացող զարգացումներուն։

Այսօր եւ յատկապէս Հարիրիի հրաժարականէն ետք, լիբանանցի հազարաւոր ցուցարարներ հեռացած են փողոցէն։ Ճիշդ է, որ երկրին մէջ համեմատական խաղաղութիւն մը կայ, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն։

Լիբանան մտած է քաղաքական նոր փուլ մը, որուն ամենէն խոցելի կէտը Հարիրի-նախագահ Աուն շուրջ երեք տարի առաջ կնքուած համաձայնութեան խնդրոյ առարկայ դառնալն է ու աւելի քան յստակ է, որ այդ համաձայնութեան փլուզումով Լիբանան կը մտնէ քաղաքական քաոսի շրջան մը։

Ի դէպ, իմ ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ ճիշդ երեք տարիներ առաջ այս օրը՝ 31 հոկտեմբերին, նոյն այդ համաձայնութեան ճամբով զօրավար Միշել Աուն կ՚ընտրուէր երկրի նախագահ, լիբանանցի ժողովուրդին համար դառնալով նոր յոյսի կարեւոր առաջնորդ մը, որ սակայն այսօր սկսած է յոգնութեան նշաններ ցոյց տալ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019