ՆՈՒՌԻ ՓԱՌԱՏՕՆ՝ ՄԱՐՏՈՒՆԻԻ ՄԷՋ
Մարտունիի մէջ, Մարտունի շրջանային վարչակազմի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է նուռի փառատօն: Այս փառատօնը երրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացուի՝ տարուէ-տարի ներգրաւելով նոր մասնակիցներ:
Փառատօնին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը ազդարարուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդի փոխանորդ Տ. Սահակ Վրդ. Շաքարեանի կատարած նուռի օրհներգի արարողութեամբ:
Տաղաւարներ ներկայացուցած էին Մարտունի շրջանի բոլոր գիւղերը եւ միւս շրջանները:
Փառատօնին ներկայ գտնուած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Ան շրջած է տաղաւարները եւ ծանօթացած ներկայացուած ապրանքներուն:
Փառատօնի կազմակերպիչներէն Արտակ Մկրտչեան նշած է, որ այս տարի ներկայացուած էր 135 տաղաւար, իսկ միջոցառման մշակութային մասը ստանձնած են Մարտունիի մշակոյթի տան եւ «Արամ Խաչատրեան» արուեստի դպրոցի սաները: Անոր համաձայն, յատկապէս ուրախանալի էր մեծ թիւով արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու ներկայութիւնը փառատօնին: Բացի տաղաւարներու հետաքրքրական զարդարանքներէն եւ գեղարուեստական տարատեսակ լուծումներէն, այս տարուան անակնկալներէն էր նաեւ փահլեւանի ելոյթը:
Միւս կողմէ, նուռի բերքը այս տարի առատ էր: Արդէն հաւաքուած է 2200 թոն նուռ, կը նախատեսուի հաւաքել եւս մօտաւորապէս 4000 թոն, ինչ որ 2018-ի ցուցանիշը կը գերազանցէ երկուքէս անգամով: