Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ ԲԱԳՐԱՏ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Հարկ է պատշաճը հատուցել այն ջանքերուն, ինչ որ արդէն վեցերորդ ամիսն է՝ Հայաստանի լաւ ապագային համար կը գործէ «Տաւուշը՝ յանուն Հայաստանի» շարժման առաջնորդը: Բագրատ սրբազանի մասին տեսակէտները կրնան տարբեր ըլլալ՝ ծայրայեղ դրականէն մինչեւ ծայրայեղ բացասական՝ նոյնիսկ կծու վիրաւորանքով լի պիտակաւորումներ, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ան հայաստանեան նիրհուն քաղաքական դաշտ բերաւ ո՛չ միայն գարնանային շունչ ու թարմութիւն, այլեւ` ինքնավստահութիւն, հոգեւոր լիցքեր եւ պայքարի ոգի:

Այլ հարց է, թէ այդ ամէնը որքանով արդիւնաւէտ է իրական գետնի վրայ եւ այս խառնակ ժամանակներուն մէջ որքանով կը մօտենայ հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան բաղձանքը՝ վռնտել երկիրը գահավիժման տանող խաբեբայ, անկարող ու ազգադաւ իշխանախումբն ու վերահաստատել հայկական օրակարգ սպասարկող կեդրոնաձիգ, ազգային իշխանութիւն մը։ Սա՛ է այսօր գերխնդիրը, որովհետեւ Փաշինեանի ու անոր խմբակի յաջորդ վերարտադրութիւնը, Աստուած չընէ, հայոց պետականութեան, հայու ու հայկականի վախճանը կը գուժէ:

Սրբազանի համար, անշուշտ, հեշտ չէ՛: Ան «նեռի» դէմ պայքարի զոհասեղանին դրած է իր խաղաղ անդորրը, անձնական երջանկութիւնը, գործնական ասպարէզն ու նոյնիսկ՝ կեանքը, որպէսզի «լոյսը յաղթէ խաւարին, ճշմարտութիւնը՝ սուտին, իրաւունքը՝ ամենաթողութեան»: Բայց պայքարը, առաւել եւս՝ պայքարով յաղթանակի հասնիլը, մէկ-երկու մարդու գործ չէ՛. ուժերու ու պաշարամիջոցներու մէկտեղում կը պահանջէ անիկա, հանրային լայն համախմբում, գործողութիւններու յստակ ծրագրում, համակարգում, ճանապարհային քարտէսի մշակում եւ այլն: Հանրահաւաքներն ու բողոքի միւս գործողութիւնները ապստամբութեան համար անհրաժեշտ, բայց բաւարար միջոցներ չե՛ն:

Ցաւօք, պայքարի վերոյիշեալ առանցքային գործընթացները կը ձգձգուին՝ առանց պատճառաբանութեան։ Այսինքն, Սրբազան հայրը դանդաղ կը շտապէ: Եւ այստեղ հարց կը ծագի. ի՞նչ է անոր չըրածը։ Ի՞նչ պէտք է ընէ ան։

«Հայեացք» պարբերականը Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանին, անոր աջակիցներուն ու համայն հայ ժողովուրդին սրտանց յաջողութիւն ու յաղթանակ կը մաղթէ, եւ մեր բարեկամական խորհուրդները, նկատառումներն ու գուցէ եւ՝ կսմիթները ճիշդ այդ ցանկութեամբ պայմանաւորուած են՝ յոյսով, որ այդպէս ալ կ՚ընկալուի նաեւ «Հայեացք»ի ընթերցողներու կողմէն:

Ուրեմն՝ ի՞նչ պէտք է ընել:

Առաջին՝ թէեւ բաւական ուշացած, պէտք է յաջորդ հանրահաւաքի ընթացքին հրապարակել «Սրբազան պայքարը» գլխաւորող խումբին ամբողջական կազմը. ո՞վքեր են որոշում կայացնողները, ո՞վ կազմակերպչական ո՞ր ուղղութեան պատասխանատուն է եւ այլն: Եթէ շարժման միա՛կ աղբիւրը ժողովուրդն է, ապա անոր առջեւ պէտք է ըլլալ բացարձակապէս անկեղծ, անկաշկանդ ու թափանցիկ։

Երկրորդ՝ որեւէ իշխանափոխութիւն կ՚ենթադրէ նոր ընտրութիւն եւ կառավարութեան նոր կազմ։ Մարդկանց պէտք է ներկայացուի ստուերային կառավարութեան կազմը, նախընտրական հնարաւոր ցուցակը եւ, ի վերջոյ, վարչապետի թեկնածուն:

Ասոնք սկիզբի համար ամենաանհրաժեշտ քայլերն են. մնացածի մասին կարելի է խօսիլ յաջորդիւ, երբ այս երկու կէտերը իրականացած ըլլան:

Նշուած քայլերը, ընդհանուր առմամբ, պէտք է ընդունիլ որպէս մեթոտաբանութիւն եւ նոր մշակոյթ՝ մեծ քաղաքականութիւն մտնելու յայտ ներկայացնող ոեւէ գործիչի համար: Ի դէպ, յետանկախութեան շրջանին Արցախահայաստանեան միա՛կ յաջող նախագիծը եղած է «Ղարաբաղ» կոմիտէն, ուր հանրօրէն յստակ էին որոշում կայացնողներու շրջանակը, ոլորտներու պատասխանատուներու անունները, գործունէութեան ուղղութիւններն ու տեղական կառոյցներու կազմերը:

Արդէն ընթացքին կը պարզորոշուին նաեւ միւս հարցերը՝ գործողութիւններու ծրագիրը, անցումային գործընթացի հայեցակարգը, ճանապարհային քարտէսը եւ այլն:

Կեանքի յաջող փորձ անցած, աշխատող ռազմավարութիւն է սա՛, «նոր հեծանիւ» պէտք չէ յօրինել:

Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2024