ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ ՌԱԶՄԱՃԱԿԱՏԻՆ

Իսրայէլի յարձակումները կը շարունակուին Լիբանանի դէմ ու կը խլեն զոհեր, կան հազարաւոր վիրաւորներ, նաեւ իրենց երկրին մէջ փախստական, գաղթական դարձածներ։

Մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ անդրդուելի մնալ, միւս կողմէ բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, որոնք կը յայտնեն, թէ Իսրայէլի բանակը այս գործողութիւնները շարունակելու համար ժամանակաւոր կանաչ լոյս մը ունի եւ այդ կարգադրութիւնը՝ կամ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրուած համաձայնութիւնը պիտի երկարի մինչեւ յառաջիկայ նոյեմբերը՝ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնը։

Մարդկային, մարդագրական, տնտեսական եւ, ամենակարեւորը, առողջապահական բարդ վիճակ մը կը բոլորէ Լիբանանը, որուն բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը նոյնիսկ այս պատերազմէն առաջ յայտնուած էր բարդ կացութեան մէջ։ Լիբանանի հասարակական, քաղաքական եւ կրօնական մարմինները ճիգ կը թափեն, որպէսզի կնքուի հրադադարը, սակայն արգելքներու կը բախին։

Միւս կողմէ, «Հիզպուլլահ»ը կը շարունակէ իր հասարակութիւնը հանդարտեցնելու փորձերով հանդէս գալ ու կը վստահեցնէ, որ իրենք ամէն գնով պիտի տանին յաղթանակ մը, որու գաղտնաբառը կը գտնուի Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ, ուր տեղի կ՚ունենան սաստիկ բախումներ՝ «Հիզպուլլահ»ի եւ Իսրայէլի բանակին միջեւ։

Մինչ այդ, Լիբանանի լրատուամիջոցները այս շրջանին կը շեշտեն, թէ վերջնական խօսքը կը պատկանի ռազմաճակատին։ Այս խօսոյթը ջուրի երես ելաւ, որովհետեւ Իսրայէլ մէջտեղ հանեց ցամաքային ներխուժման մը ընտրանքը՝ ո՛չ միայն իր հիւսիսային շրջաններուն անվտանգութիւնը ապահովելու, այլեւ ստեղծելու համար անվտանգութեան գօտի մը, որուն կրնան յաջորդել բանակցային գործընթացներ։ Անշուշտ, Իսրայէլի նպատակը միայն անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելը չէ, այլ ոչնչացնել «Հիզպուլլահ»ը։ Իսրայէլ որքան կը յաջողի յայտնի չէ, սակայն, յստակ է, որ «Հիզպուլլահ» այլեւս նոյնը պիտի չըլլայ, ինչ որ էր Սէյիտ Հասան Նասրալլահի սպանութենէն առաջ։

Ինչ կը վերաբերի ցամաքային գործողութիւններուն, Իսրայէլ իր ռազմական ողջ կարողականութեամբ չյաջողեցաւ տեղաշարժ մը ունենալ։ Ու Թել Աւիւ նոր ձեւաչափով մը սկսաւ աւելի բուռն կերպով հարուածել Պէյրութի հարաւային արուարձանը։ Իր կիրարկած արդիական ռումբերը կրնան Պէյրութի մէկ հատուածը Կազզէի վերածել։ Ինչպէս Կազզէի մէջ, այս անգամ եւս Նեթանիյահու ճարահատ է։ Ան սահմանին վրայ այլընտրանք կը փնտռէ, որպէսզի կործանէ «Հիզպուլլահ»ի տիրապետութեան տակ եղող շրջանները։

Անշուշտ, «Հիզպուլլահ»ը ինք եւս լուրջ տագնապի մէջ է։ Թէեւ «Հիզպուլլահ»ի զինեալները կը շարունակեն իրենց պայքարը։ Ռազմական գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին՝ յատկապէս Ատայսէ, Մարուն ալ Ռաս եւ Քաֆարքիլա գիւղաւաններու սահմաններուն։ Ու կան փոխմեղադրանքներ եւ իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ հանրութեան վստահեցնել, որ կարողացած է մահացու հարուածներ տալ դիմացինին։

Մինչ այդ, պատերազմին կ՚ուղեկցի տեղեկատուական պատերազմը, սակայն գետնի վրայ իրականութիւնը աւելի քան պարզ ձեւով ցոյց կու տայ, որ Լիբանանի հետ սահմանին Իսրայէլն ու անոր բանակի լաւագոյն ստորաբաժանումները լուրջ խնդիրներ ունին։ Հարկ է նշել, որ սահմանային պայքարէն ամբողջապէս յոգնելէ ետք Իսրայէլ պիտի փորձէ նոր ռազմավարութիւն մը մշակել՝ յառաջիկայ քայլերուն կապակցութեամբ։ Իսկ արաբ վերլուծաբաններու համաձայն, Իսրայէլ պաշարման օղակի տակ պիտի առնէ Պէյրութի հարաւային արուարձանը, ապա ծովային ճանապարհով Լիբանանի հարաւը կտրէ այլ շրջաններէ։ Ցամաքահանումներով ալ պիտի կղզիացնէ ու պաշարէ «Հիզպուլլահ»ի այն զինեալները, որոնք կը շարունակեն կռուիլ Իսրայէլի բանակին դէմ։

Միւս կողմէ, Լիբանանի իրադարձութիւններուն մասին երեւելի սկսած են դառնալ կարգ մը նախանշաններ, որոնք կրնան ճանապարհ հարթել յառաջիկայ քաղաքական լուծումներու։ Այսպէս, լիբանանցիք կարիքն ունին ներքին համաձայնութիւններու եւ նոր նախագահի մը։ Այդ մէկը կ՚ըմբռնէ Լիբանանի ժողովուրդը, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել երկրի քաղաքական վերնախաւին համար, որուն իւրաքանչիւր հատուածը տարուած է ո՛չ միայն իր ներքին շահերով, այլեւ՝ մանաւանդ արտաքին կախեալութիւններով։ Օրինակ՝ երկրի շիի տարրին (որուն մեծ հատուածը վիրաւոր է ու նոյնիսկ ցնցուած «Հիզպուլլահ»ի կրած հարուածներով) համար կարեւոր է, թէ նպատակայարմար լուծման մը ճանապարհին ինչ կը մտածէ Թեհրան։ Իսկ սիւննիներու մեծամասնութիւնը յոգնած է «Հիզպուլլահ»ի գործողութիւններէն ու կ՚ուզէ ապահովել Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներու համաձայնութիւնն ու օրհնութիւնը։ Ի վերջոյ, Լիբանան վերականգնելու համար կարիքն ունի սիւննի աշխարհի նեցուկին։ Այդ մէկը կրնայ իրականութիւն դառնալ, եթէ Լիբանան յարգէ արաբական աշխարհի տեսակէտներն ու ճիշդ ընկալէ անոր դերն ու դերակատարութիւնը։

Հետեւաբար, յառաջիկայ շրջանին շատ աւելի կարեւոր է նոր նախագահի մը անունը, քան պատերազմի թելադրած կանոնները։ Այդ լուծումին մէջ կեդրոնական դեր պիտի ունենան երկրի քրիստոնեաները, որոնք այս կէտին բաւական մասնատուած են, իրերամերժ ու տարաբնոյթ։ Բաց աստի, հարկ է նշել, որ «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլահի կորուստով Լիբանան մուտք գործեց բարդ փուլ մը, որուն ընթացքը, մանրամասն պատկերը եւ յետագայի դէպքերը դեռ վաղ է կանխատեսել։

Միւս կողմէ, ինչպիսի՞ Լիբանան, քաղաքական ի՞նչ արեւելում եւ ներքին ի՞նչ տեսակի համայնապատկեր. ահա այն հարցումները՝ որոնք լսելի պիտի դառնան շուտով, անոնց կապակցութեամբ յստակօրէն կարելի է խօսիլ միայն այն պարագային, երբ ցամաքային մարտերը յստակութեան մէջ մտնեն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2024