ՕԳՏԱԿԱՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Ազգային ժողովի երդիքին տակ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ընթացքին։ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին կապակցութեամբ Միրզոյեան հերթական լաւատես յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ։

Հայաստանի խորհրդարանէն ներս կը շարունակուին 2025 թուականի պետական պիւտճէի պատրաստութիւնները, որոնց ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ մասնակցեցաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին։ Նախարարը այս առթիւ ըսաւ. «Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին հետ։ Մեր գնահատմամբ՝ սա այդքան ալ շինիչ մօտեցում մը չէ»։ Յամենայնդէպս, Արարատ Միրզոյեան Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան ընթացքը որակեց աշխոյժ եւ դրական։

Իր կարգին, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Երեւան հնարաւորութիւն կը տեսնէ՝ Պաքուի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ցարդ խնդրայարոյց մնացած հարցերուն շուրջ համաձայնութեան գոյանալը։ Ան համոզուած է, թէ բանակցութիւններու մէջ չհամաձայնեցուած կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն կրնայ գոյանալ։ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձաւ մօտաւոր անցեալին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման։ «Մենք նման բոլոր հանդիպումները դրական կը գնահատենք երկխօսութեան առումով եւ վստահաբար միտուած ենք, որպէսզի յառաջիկային այն գործընթացները, որոնց նախաձեռնած ենք, նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, իրականութիւն դառնան։ Կը կարծեմ, թէ նման շփումները օգուտ կու տան», ըսաւ ան։ Ընդգծելով, որ հայկական կողմը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հնարաւորութիւնը կը տեսնէ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի հետ առկայ բոլոր հարցերը քննարկելի են, սակայն, Հայաստանն ալ ունի իր կարմիր գիծերը։

Միւս կողմէ, երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց։ Հերթական նիստը գլխաւորեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ քննարկուած են արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր։ Քննարկումներու բովանդակութեան մասին այլ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2024