«Ես Խարիսխ Եմ»
Տարուան վերջին գիրը պիտի թակէ սպասումներու պարիսպին վերջընթեր դուռը: Վերջընթեր, որովհետեւ սպասումը եւ յոյսը իրարու հետ պիտի քալեն երկար ճանապարհով:
Տարին արիւններու տարի էր, մեծ՝ տարաժամներու, Արեւելքի աղօթող գմբէթներէն բարձրացող խոստմնադրուժ ծուխին պէ՛ս, որուն գալարուած գուլաներուն համար երկրպագեցինք:
Շատ ճիչ կար մեր մէջ:
Կ՚ուզէինք պոռալ աշխարհի երեսին:
Կ՚ուզէինք պատռել սպասուած օրագրութիւնները բոլոր եւ մեր քերթողական ասպետներու սրտով սիրել այս վիրաւոր աշխարհը:
Մինչ Հայաստանն ու հայութիւնը իր տարաբնոյթ հորիզոններուն վրայ կը նշէր տխուր դէպքերուն հարիւրամեայ յուշը, մենք այդ ոգեկոչումներուն մէջ կը փնտռէինք առաւելաբար ուղի մը, որուն սեւ ասֆալթէն պիտի քալէինք՝ հասնելու համար յոյսի մը երազին:
Երազը պիտի կամենար աշխարհիս խաղաղութիւն, բարիք՝ մարդկանց այս երկրի, եւ հաշտ աչքերով մտնելու պատմութեան լայնոտ ամրոցներէն ներս:
Իրօք, ի՞նչ էր մեր որոնածը: Կամ ի՞նչ հանդերձանքով մեր ձեռքի պսակը կը տանէին հեռու՝ մեզ գրկող լերան:
Կը սպասէինք, որ աշխարհը իր ժամացոյցի սլաքները դադրեցնէ եւ լսէ մեզ:
Կը ցանկայինք տեսնել մեր հրեղէն ձիուն պատրաստուիլը:
Կը ցանկայինք ըմբռնել այս ժամանակի բոլոր ոդիսականներուն լեզուն:
Կը ցանկայինք ստեղծել խաղաղ ու ապահով երդիք:
Պիտի հաշուէինք բառերը եւ ստեղնաշարին վրայ թափուած գինիի կաթիլները սրբելէ ետք միայն՝ շարունակէինք մեր բառին աննահանջ երթը: Կազմէինք՝ նոր քարտէսը Միջին Արեւելքին: Առանց գարուններու: Առանց մահուան: Առանց գերիներու վաճառքի: Առանց Տէր Զօրի «Սրբոց Նահատակաց» գմբէթին խոնարհելուն: Առանց Հալէպի հայաթափումին: Առանց Դամասկոսի ամայութեան: Առանց Մուսուլի հայերու ոդիսականին, եւ առանց Եոզղատի մէջ յայտնուելու անսպասելի սարսափով լեցուն հեւքին: Առանց մանաւա՛նդ համատարած մահերուն, Հալէպի «Նոր գիւղ»ի մէջ սպաննուող մայրերուն ու որդիներուն կամ՝ մեզի համար անծանօթ Իզմիրի ափերուն մօտ հայոց նաւուն խորտակումին: Առանց մեծ տխրութեան խորագիրներու: Առանց ղարաբաղեան սահմանին հայկական հողը արիւնով պահող մեր զինուորներու մեծ կորուստներուն: Մեծ նահատակումին: Առա՜նց, առա՜նց, առա՜նց…
Բայց ինչո՞վ ու ինչի՞ն յենելով պիտի բանայինք մեր առագաստները նաւարկելու այս աշխարհին մէջ: Նաւարկէինք մեր խօսքով, առա՛նց ողբերու, առա՛նց սայթաքումներու, առանց իսլամը չհասկցող Եւրոպայի աղմուկին:
Այս կապոյտին վրայ կամուրջի պէս բացուած Հայաստանի ձեռքերը կ՚երեւին կապոյտով մարմին ստացած մշուշներուն մէջ:
Հայաստանի մինակ ու լուռ փողոցներէն նոր հաւատամքի առաջին բառերը պիտի հոսին ո՛չ միայն աշխարհին խաղաղութիւն մաղթելու կամ արբենալու թաւիշ ձեռքերով բերուած բաժակներով, ոչ ալ՝ խմելու կենացը մեր ինքնահաստատման ՝ երբեմն օդին կրակուած, օթեկ բառերով ու իւղոտ կոկորդներով սպասումով:
Ու ժամանակը չէ՞ր, որ մենք ալ մտնէինք այս խաղին մէջ: Ո՛չ թէ մեր կաշին փրկելու, ո՛չ թէ մեր ոսկին ծախելու, ոչ թէ մեր քոնիաքը հրամցնելու կամ փառաբանելու մեր հինաւուրց վանքներն ու թոնիրին մէջ պատրաստուող լաւաշը, այլ ըսելու, որ մեր Արեւելքի մարմինը, որուն մէջ հզօր սիրտ ունինք դրած, պիտի խօսի կազմելու նոր երանութեան մը շապիկը՝ յանուն աշխարհի խաղաղութեան:
Մենք կրնանք այդ լեզուն ունենալ, այդ լեզուով խօսիլ, այդ լեզուով բացատրել եւ ճանապարհ ցոյց տալ:
Պոլիս ծնած ու աչքերը Երեւանի մէջ փակած Լեւոն Ներսիսեանի մասին շատ գրուած է: Անոր ատենախօսութիւններէն իւրաքնաչիւրը եղած են բառի ու բանի խորհուրդի ատենախօսութիւններ, ուր մտաւորականը իր միս-ոսկորով, իր երկրային գոյին ամբողջանուէր շաղախը եւ քրտինքը դնելով կը խօսէր իր ուսանողներուն:
Առիթով մը, շատ հաւանաբար իր վերջին օրերուն, Ներսիսեան իրեն հարազատ ուսանողներուն հետ զրուցելով, խօսած էր ազգի ներուժին մասին: Առանց բառերուն հետ խաղալու, այլ միշտ մեկնելով իր անձնական փորաձառութենէն իր սէրն ու համարումը տալով այն դարաւոր ժողովուրդին մասին, որ դարիւ դարիւ ապրած է Մեծն Հայքի մէջ ու կերտած՝ իր Ես-ն ու անպարփակելի միջուկը: Դարիւ դարիւ դիմացող ադամանադին պէս Լեւոն Ներսիսեան կը բառբարէր ու կ՚ըսէր. «Իմ Փարիզից վերադարձիս, (այնտեղ) աշխատանք ունէի, տուն ունէի, ամէն ինչ թողեցի եկայ, ասացի՝ Ես խարիսխ եմ: Նաւապետը կարող է սպաննուել կամ փոխուել, նաւաստիները կարող են ընկղմուել ծովի մէջ, մկները կարող են փախչել նաւից, բայց նաւը պիտի կանգուն մնայ, կանգուն մնալու համար պէտք է որ նա խարիսխ ունենայ: Ոչինչ, որ ես ժանգոտած խարիսխ եմ, բայց խարիսխ եմ: Ես եկել եմ այստեղ ասելու համար, որ ոչ մի տեղ չեմ գնայ: Ոչ մի բնակարաններով եւ աշխատանքներով, «Սորպոններ»ով ինձ գայթակղել հնարաւոր չի: Քանի որ ես դեռ Հայաստանում եմ, ուրեմն նաւը դեռ ընկղմուած չէ, որովհետեւ՝ խարիսխ ունի: Ես խարիսխ եմ»:
Հայ ժողովուրդի ոգեղէն նաւու նաւաստիներէն մէկն է Ներսիսեան, որուն մարմինը չէին արտօնած տեղադրել Ազգային ակադեմիային դահլիճին մէջ, պարզ անոր համար, որ մտաւորականը ակադեմական կոչում մը չունէր: Իր նմաններուն բառը սլացող նետ է ճշմարտութեան ճանապարհով, որուն դիմաց խոնարհումէն ու յարգանքէն կարեւորը՝ դաս քաղելն է:
Դաս՝ առանց քարոզի: Խօսք օծուն իմաստութեամբ եւ դարերուն դիմացող դիմադրողականութեամբ: Ներսիսեան կը խօսէր նաւուն վրայ եղողներուն անունով, նաւուն վրայ դիմացողներուն համար: Հայսատանի ամենէն հիւսիսէն մինչեւ երկրի ամենէն խուլ տեղերը: Հաւաքելու, կազմելու, իր մէջ կրելու, իրմով ըլլալու նաւապետ էր Ներսիսեան, որուն համար նաւապետ կամ նաւաստի ըլլալը ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր: Ցեղային խորհուրդին համար իր Ես-ը զոհաբերող ու միասնութեան գաղափարին մէջ աճող քուրմին համար կարեւորը տեղը չէր: Հայաստանը միայն Երեւանը չէր: Հայաստանը իր մէջ էր: Իր խորքէն հոսող բառին պէս ու այդ բառին մէջ թանձրացնելով մեր գոյի բոլոր անտեսանելի ու բարդ յուզմունքները:
Ներսիսեան կը շտապէր ճիշդ ժամանակին հասցնելու իր վաւերական խօսքին նետը:
Ու հիմա այդ ժամանակներուն մէջ այս ամեհի տատանումներուն ու մեծ խլրտումներուն դիմաց, մեր կերտուածքին ու մեզի համար բացուելիք ճանապարհներուն համար վաւերական պակաս էր խարիսխը:
Խարիսխը, որ պիտի կանգնեցնէր ափունքի մը ծայրը մեր ազատութեան ոգիին ճամբորդող նաւը, որմէ նորէն պիտի վերադառնայինք դէպի մեր էութեան արմատները:
Եւրոպայի ափերուն նստած մեր մտաւորակններուն համար այսօր լեզուն է գերխնդիրը: Անոնք մտագարուած են՝ լեզուն կը մեռնի՞: Կամ հաստատակամօրէն կ՚ըսեն՝ մեր լեզուն կը մեռնի: Հայաստանի մտաւորականները ուրիշ շրջագիծով կը հասկնան մեր բառի ու բանի աշխարհը: Անոնք կ՚ապրին իրենց փոքր Ես-երու շուրջպարին մէջ ու մտահոգ աչքերով կը դիմաւորեն նոր գալիք տարին Հայաստանի համար: Միջին Արեւելքի հայ մտաւորականներուն համար պահը կարեւոր է հեռանալու այդ արիւնոտ թաղանթով պարուրուած շրջաններէն դէպի աւելի ապահով շրջաններ: Իրաւացի են թերեւս: Ինչ խօսք: Իւրաքանչիւրը իր խարիսխը այլ ափեր պիտի նետէ ու փորձէ նաւարկող նաւէն ազատութեան եւ մարդկայնութեան ճիչեր արձակել:
Երեք տեսակ մտաւորականներու մէջ ալ սակայն չկայ մէկը, որ Լեւոն Ներսիսեանի նման կանգնի ու ըսէ. «Ահա ես եմ խարիսխը»: Պիտի հաւաքեմ ձեզ իմ օճախին շուրջ: Պիտի խօսիմ ձեզի նոր լեզուով մը, պիտի սորվեցնեմ նաւարկել ու գծեմ նոր քարտէս մը գալիք տասնամեակներուն համար:
Ինչ խօսք որ հայաշխարհը իր բազում տագնապներով, իր բազում վէրքերով, տատանումներով եւ վէրքին հասած այս ժամանակներուն կորսնցուցած է իր ուղին:
Ուղին մթագնած է արեան թաղանթին տակ ու տակաւին կը սպասէ, որ մեր ոգին ու ոգեղէնի նաւը իրմէ դուրս նետէ ժամանակի խարիսխը:
Ու բացագանչէ.
-Ես խարիսխ եմ:
Հայաշխարհը կը սպասէ այդ խարիսխին անունով խօսողին, որ պիտի բանայ ջուրի, հողի եւ ոգիի նոր ճամբաներ մեզի պէսերուն համար, որոնք պատրաստ են իրենց թեւերը սոթտել եւ ջուրին, հողին ու ոգիին մէջ բացուած նոր ճամբաներէն քալել:
«Ես խարիսխ եմ», կ՚ըսէր Լեւոն Ներսիսեան:
Այսօ՛ր նոյն խօսքին կը սպասենք բոլորս:
Շնորհաւոր Ամանոր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան