ԴՌՆՓԱԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը 2016 թուականի Յունուարին դռնփակ քննարկում մը պիտի իրականացնէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ։ Այս շրջագծով օրակարգի վրայ պիտի գան հրադադարի պահպանման վերաբերեալ նոր միջոցները։ Այս քննարկման պիտի մասնակցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք։
Միջոց մը առաջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման կապակցութեամբ ԱՄՆ-ի Ներկայցուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս նամակ մը ուղարկած էր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան։ Եւս 85 գոնկրէսական միացած էին ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան հասցէագրուած այդ նամակին։ Էտ Ռոյսին ուղարկուած պատասխանին մէջ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը աջակցութիւն յայտնած էր զինադադարի պահպանեան ուղղեալ նոր միջոցներուն։ Մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ վիճակը՝ ԱՄՆ-ի Արտաքին քաղաքականութեան հետազօտութիւններու հաստատութեան վերլուծաբան Մայքըլ Սեսիլի նշեց, որ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու վատթարացումը փոխած է իրավիճակը նաեւ այս տարածքաշրջանէն ներս։ «Եթէ նախապէս պարզ էր, թէ ո՛վ որո՛ւ դաշնակցին է, ապա ներկայիս Ատրպէյճան ու իր դաշնակիցները կ՚ընթանան այլ ուղղութեամբ եւ անոնց ռազմավարական շահերը աշխարհաքաղաքական հակասութիւններու մէջ են», նշեց ամերիկացի վերլուծաբանը, որու կածիքով Ատրպէյճանի ռազմավարական դաշնակիցը Թուրքիան է, սակայն ստեղծուած իրավիճակին մէջ իր շահերը կը տեղաւորուին Ռուսաստանի եւ Իրանի շահերու շրջագծին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի ճակատին վրայ կը տիրէ գերլարուած վիճակ։