ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

2016-ի տա­րե­մու­տին աշ­խար­հի 68 եր­կիր­նե­րէն ներս 66 հա­զար հո­գիի մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուած է հար­ցա­խոյզ մը, ըստ ո­րու ար­դիւն­քին աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան 54 տո­կո­սը կ՚ակն­կա­լէ, որ 2016 թուա­կա­նը ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լայ 2015-ի բաղ­դատ­մամբ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, BAREM հե­տա­զօ­տա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը «Կլո­պալ եր­ջան­կու­թեան, յոյ­սի եւ բա­րե­կե­ցու­թեան» այս հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է իր հա­մաշ­խար­հա­յին գոր­ծըն­կե­րոջ՝ WIN/Gallup International-ի հետ։ Ըստ ար­դիւնքնե­րուն, աշ­խար­հի վրայ մար­դոց 66 տո­կո­սը կը զգայ եր­ջա­նիկ, իսկ 10 տո­կո­սը՝ դժբախտ։ Իւ­րա­քան­չիւր չորս ան­ձէն մին ալ կը զգայ ո՛չ եր­ջա­նիկ, ո՛չ ալ դժբախտ։

Նոյն հար­ցա­խոյ­զի ար­դիւնք­նե­րով, բա­րե­կե­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ սպա­սում­նե­րը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի նուազ են։ Հար­ցա­խոյ­զին մաս­նա­կից­նե­րուն միայն 45 տո­կո­սը կը կար­ծէ, որ 2016-ին տնտե­սու­թեան տե­սան­կիւ­նէն աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րուն վի­ճա­կը պի­տի գե­րա­զան­ցէ 2015-ի կա­ցու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի վատ տա­րի մը ակն­կա­լող­նե­րուն հա­մե­մա­տու­թիւ­նը կը հաս­նի 22 տո­կո­սի։ Հա­ման­ման սպա­սում­նե­րու տէր է մաս­նա­կից­նե­րուն միայն 28 տո­կո­սը։ Վե­րո­յի­շեալ հար­ցա­խոյ­զի տուեալ­նե­րով աշ­խար­հի վրայ զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի լա­ւա­տես եւ յու­սադ­րուած են։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015