ԵԽԽՎ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը (ԵԽԽՎ) 2016 թուա­կա­նին իր տա­րե­կան նստաշր­ջա­նը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ Թիֆ­լի­զի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղով­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 1-5 Յու­լիս 2016 թուա­կա­նին։ Սա պի­տի ըլ­լայ ԵԽԽՎ-ի 25-րդ նս­տաշր­ջա­նը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ 700 քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ աշ­խար­հի 57 եր­կիր­նե­րէն։

Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս մի­ջո­ցա­ռու­մը ան­նա­խա­դէպ կը հա­մա­րէ իր քա­ղա­քա­կան մա­կար­դա­կով եւ ընդգր­կու­մով։ Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը Եւ­րո­խոր­հուր­դի եր­կու գլխա­ւոր կա­նո­նադ­րա­կան մար­մին­նե­րէն մին է ու կը ներ­կա­յաց­նէ շա­հե­րը այն հիմ­նա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք գո­յու­թիւն ու­նին կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն մօտ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015