ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԻՐՔԸ Կ՚ԱՄՐԱՆԱՅ

Ա­մե­րի­կեան Stratfor հա­մաշ­խար­հա­յին հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նին կող­մէ վեր­ջերս հրա­պա­րա­կուե­ցաւ զե­կոյց մը, ո­րու մէջ կը նա­խա­տե­սուի, որ 2017 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տան պի­տի ու­ժե­ղաց­նէ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը Կով­կա­սէ ներս։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս Պրեք­սիթն ու Տա­նըլտ Թրամ­փի յաղ­թա­նա­կը գե­տին կը պատ­րաս­տեն, որ­պէս­զի Ռու­սաս­տան վե­րա­դարձ­նէ իր կորսն­ցու­ցած դիր­քե­րը նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րած­քէն ներս՝ նե­րա­ռեալ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սը։ Զե­կոյ­ցին մէջ ընդգր­կուած է, որ Հա­յաս­տան ար­դէն ցու­ցադ­րած է իր ան­սա­սան հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը Մոս­կուա­յի նկատ­մամբ։ Թէեւ, ըստ Stratfor-ի վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն, այդ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը լուրջ փոր­ձու­թեան մը են­թար­կուե­ցաւ ան­ցեալ Ապ­րի­լին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ պա­տա­հած պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ։ Իսկ այդ պա­տե­րազ­մը հնա­րա­ւոր դար­ձաւ, ըստ զե­կոյ­ցի հե­ղի­նակ­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ Ռու­սաս­տան զբա­ղած է Ուք­րայ­նոյ եւ Սու­րիոյ խնդիր­նե­րով։

Նոյն զե­կոյ­ցին մէջ մատ­նանշուած է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Մոս­կուա եւ Պա­քու աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լած են ռազ­մա­թեք­նիկ ո­լոր­տէ ներս։ Ատր­պէյ­ճան մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու սպա­ռա­զի­նու­թիւն գնած է Ռու­սաս­տա­նէն, ինչ որ ա­ւե­լի կ՚ամ­րաց­նէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այդ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։ Ե­թէ սե­փա­կան խնդիր­նե­րու հե­տե­ւան­քով Ա­րեւ­մուտ­քի ազ­դե­ցու­թիւ­նը թու­լա­նայ, ա­պա Ռու­սաս­տան պի­տի վե­րա­կանգ­նէ իր դիր­քե­րը թէ՛ Ատր­պէյ­ճա­նի, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Վրաստա­նի մէջ։ Նոյ­նիսկ այն եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի չէ­զոք ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը կը վա­րէին, այ­սօր կը խո­րաց­նեն ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Յի­շեալ վեր­լու­ծա­բան­նե­րը որ­պէս օ­րի­նակ թուար­կած են Ատր­պէյ­ճանն ու Էօզ­պեքիս­տա­նը։

Ա­ւե­լի՛ն, Տա­նըլտ Թրամ­փի ԱՄՆ-ի նա­խա­գահ ընտ­րուի­լը հա­ւա­նա­կան դար­ձու­ցած է Ուա­շինկ­թըն-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը։ Ե­թէ այդ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը դառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն, ա­պա փոր­ձա­գէտ­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րով կրնայ այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծըւիլ, որ Ա­րեւ­մուտ­քը կրնայ բաւ հա­մա­րել պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի դէմ։ Ե­թէ Մոս­կուա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ կար­գա­ւո­րուին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ա­պա ռու­սա­կան կող­մը յա­ւե­լեալ ժա­մա­նակ պի­տի ու­նե­նայ յետ խորհր­դա­յին տա­րած­քի եր­կիր­նե­րէն ներս իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­ժե­ղաց­նե­լու հա­մար։ Գոր­ծըն­թա­ցը ար­դէն սկսած է։ Այս ա­ռու­մով ալ զե­կոյ­ցին մէջ նշուած է՝ Մոլ­տո­վա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն օ­րի­նա­կը։ Ծա­նօթ է, որ այն­տեղ իշ­խա­նու­թեան գլուխ ե­կած է ռու­սա­մետ Ի­կոր Տո­տին։ Ան ար­դար յայ­տա­րա­րած է, որ պի­տի խո­րաց­նէ քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Փոխուած է նաեւ Վրաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան վերնա­խա­ւին վե­րա­բեր­մուն­քը Ռու­սաս­տա­նի նկատ­մամբ։ Կոշտ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը ե­կած է փո­խա­րի­նուիլ ա­ւե­լի մեղմ դիր­քո­րո­շու­մով։ Բայց եւ այն­պէս, վրա­ցա-ա­մե­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու­նի յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ա­մուր են­թա­գե­տին մը։ Նոյն վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն բա­նա­ձե­ւու­մով, կա­րե­լի չէ կան­խա­տե­սել, թէ որ­քան պի­տի տե­ւէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւ­րո­միու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ Ուք­րայ­նոյ։ Զե­կոյ­ցի հե­ղի­նակ­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րով, հա­կա­ռակ բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն, Ռու­սաս­տան դժուար, թէ յա­ջո­ղի վե­րա­կանգ­նել նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րէն ներս այն նոյն ազ­դե­ցու­թիւ­նը, զոր ու­նէր մին­չեւ 2010 թուա­կա­նը։

Atlantico ֆրան­սա­կան վեր­լու­ծա­կան կայ­քէջն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն հրա­պա­րա­կեց 2017 թուա­կա­նի վե­րա­բե­րեալ փոր­ձա­գէտ­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րը՝ աշ­խար­հի կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­նե­րուն եւ մի­տում­նե­րուն շուրջ։ Այս շրջագ­ծով ֆրան­սա­ցի քա­ղաքա­գէտ ու հրա­պա­րա­կա­գիր Ա­լեք­սանտր Տել Վալ մատ­նան­շած է, որ 2017 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տան կրնայ վե­րա­դառ­նալ մի­ջազ­գա­յին մեծ աս­պա­րէզ եւ աշ­խարհ կրնայ ա­կա­նա­տես դառ­նալ ա­նոր ան­նա­խըն­թաց հզօ­րաց­ման։ Ըստ Տել Վա­լի, Ռուսաս­տան մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զի վրայ պի­տի գրա­ւէ ա­մե­նա­բարձր դիր­քը եւ 2015-ին ար­դէն սկսած է հա­մա­պա­տաս­խան ըն­թաց­քը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016