ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ 2021 թուականը պիտի ըլլայ բարեփոխումներու տարի։ Նոր տարուայ ընդառաջ ան յայտարարութիւններ ըրաւ յառաջիկայ շրջանի պարագային որդեգրուած նպատակներուն եւ զանազան ոլորտներու կանխատեսումներուն շուրջ։ Ըստ իրեն, կառավարութեան որդեգրած նպատակներուն համահունչ բարեփոխումները պիտի շարունակուին՝ միշտ նշաձողը բարձր պահելով։ «Առաջ Աստուած, 2021 թուականը պիտի բնորոշուի մեր ազգին խոստացած ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներով։ Այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած պատրաստութիւնները ամենակարճ ժամանակի ընթացքին մեր ազգին եւ խորհրդարանի գնահատականին պիտի ներկայացուի», ըսաւ Էրտողան։

Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառի իրադարձութիւններուն՝ նախագահը ըսաւ. «Մեր սիրտն ու թեւերը բաց են բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին մեզի հետ ճանապարհ ընթանալ»։ Թուրքիա պայման կը համարէ, որ յարգանք ցուցաբերուի իր գերիշխանութեան, իրաւունքներուն եւ ներուժին։ Անգարա պատրաստ է բոլորի հետ երկխօսելու, համաձայնելու եւ միասին շարժելու։ Էրտողանի խօսքով՝ Թուրքիա որեւէ անլուծելի խնդիր չունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսաստանի, Չինաստանի եւ տարածքաշրջանի միւս երկիրներուն հետ։

Տարեմուտի յայտարարութիւններուն մէջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները պիտի վերաբերին կրթութեան, առողջապահութեան, հաղորդակցութեան, ուժանիւթի, մարմնամարզի, քաղաքաշինութեան նման զանազան ոլորտներու։

Սեւ ծովու մէջ յայտնաբերուած բնական կազի պաշարները թուարկելով երկրի կարեւորագոյն ձեռքբերումներու շարքին՝ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա անպայման պիտի հասնի 2021 թուականի նպատակներուն։ Յառաջիկայ շրջանին նոր ներդրումներով պիտի նուազի Թուրքիոյ կախուածութիւնը թէ՛ ուժանիւթի եւ թէ հումքերու տեսակէտէ։ Այս խնդրի ներկայացուցած կարեւորութիւնը շատ աւելի լաւ պիտի բացատրուի ազգին եւ թոյլ պիտի չտրուի, որ լուսանցքային շրջանակներ պղտորեն երկրի մարդոց միտքը։ Ըստ իրեն, շուրջ երկու տարի վերջ Սէօղիւթի մէջ պիտի սկսի ոսկիի արդիւնահանում։ Էրտողան ընդգծեց, որ ժամանակը արդիւնաւէտ ձեւով պիտի արժեւորուի եւ բուռն ձեւով քննադատեց այն շրջանակները, որոնք ուրախութիւն չեն զգար երկրի ձեռքբերումներով եւ երկրին ու ազգին հետ խզած են իրենց կապը։

Միւս կողմէ, Էրտողան Նախարարաց խորհուրդի այս տարուայ վերջին ժողովէն վերջ շեշտեց, որ 2023 թուականին Թուրքիա մաս պիտի կազմէ աշխարհի մեծագոյն տասն պետութիւններու շարքին։ Իսկ 2021 թուականը հռչակուած է Անկախութեան քայլերգի տարի։ 2022 թուականին Թուրքիա իր առաջին հաղորդակցութեան արբանեակը պիտի ուղարկէ անջրպետ։ «Մեր ծովային տարածքներէն սկսեալ, մինչեւ անջրպետ՝ բոլոր բնագաւառներէ ներս տէր պիտի կանգնինք մեր գերիշխանութեան իրաւունքներուն», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա պիտի դառնայ երկիր մը, որ աշխարհի վրայ փորձագիտութիւններուն ուղղութիւն պիտի տայ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020