ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ. ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Արցախեան հակամարտութեան կողմերը 44 օրեայ ռազմական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական բուռն մարտեր մղեցին երկրորդ պատերազմի ընթացքին։ Մինչ գետնի վրայ կ՚ընթանային կատաղի բախումներ եւ քուլիսներու ետին տարբեր մակարդակներու վրայ բանակցութիւններ, հակամարտ կողմերու պետական քարոզչամեքենաներն ու լրատուական միջոցները արտակարգ դրութեամբ օրն ի բուն կ՚աշխատէին՝ ռազմաճակատէն եւ բանակցութիւններու սեղաններէն լուրեր հաղորդելու համար։

Պատերազմը ունի իր օրէնքները եւ անոր ընթացքին պաշտօնական լուրերուն լսարանը նախ եւ առաջ ներքին հասարակութիւնն է։ Պատերազմական օրերուն հացի ու ջուրի պէս կենսական է տեղեկութիւնը հասարակութիւններուն համար։ Պատերազմական օրերուն տեղեկութիւնը կը վերածուի յոյսի աղբիւրի մը անոնց համար, լաւ լուրի ակնկալիքը կը դառնայ հանապազօրեայ անոնց միակ իղձը։

Նոյեմբերի 9-ի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւնը ցնցեց հայաշխարհը՝ հայկական կողմի ռազմական եւ դիւանագիտական ծանր պարտութեան լուրերով։ Հայկական տեղեկատուական ռազմավարութիւնով զոհի կարգավիճակ ստացաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի ամբողջ հայ հասարակութիւնը, որ շաքարապատուած լուրերու ազդեցութենէն յանկարծ դուրս եկաւ ու դէմ յանդիման գտնուեցաւ դառն իրողութեան։ Իսկ զայն դէպի «յաղթանակ» առաջնորդող տեղեկատուական հոսքը բախեցաւ ճշմարտութեան։

Պատերազմի ընթացքին հայ հասարակութիւնը հիմնականին մէջ ունէր երկու տեղեկատուական աղբիւր՝ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի բանբերը եւ ձեւաւորուած Հայկական միացեալ տեղեկատուական կեդրոնի ներկայացուցիչը։ 44 օր անոնց շրթունքներէն կախուած մնաց հայ հասարակութիւնը։ Ռազմական դրութեան տակ աշխատող լրատուամիջոցները գերեվարուած էին պետական-պաշտօնական քարոզչամեքենային կողմէ։ Անոնք առարկայական, հիմնաւորուած եւ թափանցիկ լրատուութիւն չկատարեցին։ Անոնց հաղորդած լուրերը պարզապէս եղան մէջբերում մը կամ արտատպում մը՝ պաշտօնական բանբերին կողմէ փոխանցած տեղեկութիւններու։ Ու օրէ օր հասարակութեան մօտ ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ համոզումը. եթէ բանբերը կը հաղորդէ լուրը, ուրեմն ճիշդ է, իսկ եթէ այլ աղբիւրէ լուր մըն է, ուրեմն ապատեղեկատուութիւն է։ Բանբերը վերածուեցաւ կուռքի, որ կ՚երաշխաւորէր լուրի հաւաստիութիւնը։

Պետական տեղեկատուական ռազմավարութիւնը աշխատեցաւ երկու ուղղութեամբ, ունենալով երկու թիրախ։ Առաջին թիրախը բնականաբար հայ հասարակութիւնն էր, որուն հրամցուեցաւ «յաղթական» լոզունգներով պատուած ռազմաճակատէն կարճ լուրեր։ Փոխանցուած լուրերը, որոնք աւելի նման էին ընկերային ցանցերու գրառումներու, հիմնաւորուած ու փաստագրուած չէին որեւէ ձեւով։ Ռազմավարութիւնը կը միտէր հասարակութեան յոյսը վառ պահելու, մօտալուտ յաղթանակի սպասումը չմարելու՝ թաքցնելով ռազմական ձախողումներն ու դիւանագիտական ոչ-հայանպաստ իրադարձութիւններն ու ճնշումները։ Երկրորդ թիրախը արտաքին աշխարհն էր, որուն հրամցուեցան Ատրպէյճանի գործած վայրագութիւններուն, վարձկաններու ներգրաւման, երրորդ կողմերու միջամտութիւններու մասին լուրեր։

Պատերազմի օրերուն, հայկական լրատուադաշտը շատ տարբեր չէր պետական վերահսկողութեան տակ գտնուող Ատրպէյճանի լրատուադաշտէն։ Եւ ի տարբերութիւն հայկական քարոզչամեքենային, ան լրատուական իր ցանցով կարողացաւ 21-րդ դարու լրատուութիւն փոխանցել։ Ռազմաճակատէն անոր տեղեկացուցած լուրերը պատկերաւոր էին, լոկ գրութիւններ կամ յայտարարութիւններ չէին։ Անօդաչու թռչող սարքերով, արբանեակներով, զինուորներու կողմէ յստակ նկարուած ու հրապարակ նետուած տեսանիւթերը մեծ տարածութիւն գտան եւ ողողեցին ընկերային ցանցերը, բաց աղբիւրները։ Անոնք շատ յաճախ հատեցին սահմանը եւ հասան նաեւ հայ հասարակութեան։ Ատրպէյճանի քարոզչամեքենան օրը օրին հիմնաւորուած տեղեկութիւն փոխանցեց իր հասարակութեան, գագաթնակէտին հասցուց անոր խանդավառութիւնն ու արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն համար ալ դարձաւ աւելի հաւաստի աղբիւր՝ քան թէ հայկականը։

Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, հայկական կողմը արտերկրի մէջ ունի հսկայական լրատուական ցանց մը։ Խօսքը կը վերաբերի սփիւռքեան գաղութներու եւ Թուրքիոյ հայատառ եւ ոչ-հայատառ լրատուամիջոցներուն։ Ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցան անոնք այս տեղեկատուական պատերազմին մէջ։ Ինչպէ՞ս աշխատեցան անոնք պատերազմական օրերուն։ Հայաստանի պետութինը համագործակցեցա՞ւ անոնց հետ։

Թուրքիա ներգրաւուած էր վերջին պատերազմին մէջ եւ այս պատճառով երկրի հայութիւնը դժուար կացութեան առջեւ գտնուեցաւ։ Ինչպէս ցեղասպանութիւնը, այնպէս ալ Արցախի հակամարտութիւնը զգայուն նիւթ է պոլսահայ թերթերուն համար։ Հաւասարակշռուած, կշռադատուած, անկողմնակալ լրատուութիւն տալէ զատ այլ բան չէր կրնար ընել պոլսահայ մամուլը այս երկրորդ պատերազմի ընթացքին։

Սփիւռքահայ լրատուադաշտի պարագային դիտարկումները այլ են։ Նախ պէտք է արձանագրել, որ բացակայ էր Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ համակարգուած տեղեկատուութեան ներկայացումը։ Չէին երեւիր գործիքակազմերը, որոնցմով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք տեղեկատուական առանցքին վրայ կատարուէր որոշ դերաբաշխում եւ գործէր տեղեկատուական ռազմավարութեամբ։ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու կապը Հայաստանի, այս պարագային, բնականաբար, ներառեալ Արցախի լրատուադաշտին հետ՝ կարելի է ըսել, փխրուն վիճակ մը կը ներկայացնէր։ Սփիւռքը սնուեցաւ բացառապէս Հայաստանի պետական եւ պաշտօնական լրատուամիջոցներէն ու պարզապէս վերա-խըմբագրեց այն ինչ, որ Հայաստանի լրահոսքը կը ներկայացնէր։ Սեփական թղթակիցներ չունենալու փաստը ակներեւ էր։

Ճգնաժամային տեղեկատուութիւնը որոշ ճամբայ անցած էր առաջին պատերազմին եւ 2016-ի Ապրիլեան քառօրեային։ Հիմա պայմանները հիմնովին փոխուած էին։ Ատրպէյճան, անշուշտ, Թուրքիոյ տեղեկատուական քարոզչամեքենայի ենթակայութեամբ կը գործէր աւելի ազդեցիկ։ Միջազգային լրահոսի բաժինները ողողուած էին Ատրպէյճանի արտադրութիւններով, յաճախ նաեւ տեսանիւթերով։ Որոնման համակարգերը գերակշիռ ձեւով աւելի կը հրամցնէին Ատրպէյճանինը եւ միջազգային մամուլին մէջ կը վխտար Ատրպէյճանի եզրաբանութիւնը («անջատողական հայեր», «Ատրպէյճանէն անջատուած Ղարաբաղ», «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներ») եւ այլն։

Տեղեկատուական բաց համակարգէն կ՚օգտուէր Ատրպէյճանի լրատուադաշտը, որ ի դէպ կը յաջողէր թափանցել նաեւ հայկական լրատուական հարթակներուն։ Սփիւռք ունենալու առաւելութիւնը տեղեկատուական մարզին մէջ տեղի կու տար Ատրպէյճանին, որ թէեւ կազմակերպուած սփիւռք չունէր, բայց, կը յաջողէր մեծ եղբօր աջակցութեամբ առաւելներ արձանագրել։

Իրադարձութիւնները այնպէս կը համոզեն, թէ հայկական աշխարհի լրատուամիջոցներու ցանցը ճգնաժամային տեղեկատուութիւն կազմակերպելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի։ Արհեստավարժ գործիքակազմը, դերաբաժանումը եւ տեղեկատուական կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մշակումը կ՚օգնէ՝ իբրեւ համահայկական լրատուադաշտ նախապատրաստուելու։

ԱՌԷՆ ՔԵՐԹԵՇԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020