ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 2022 թուականի առաջին ամիսներուն Արցախի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս պիտի գայ։ Այսպէս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ, «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը կազմակերպէ Արցախին նուիրուած «Հայկական Արցախի պատկանելիութեան պատմական, քաղաքական եւ իրաւական հիմքերու հաստատում» խորագրեալ գիտաժողով մը, որ նախատեսուած է 9-10 փետրուար 2022-ին, Անթիլիասի մէջ։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ծառացած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մթնոլորտին մէջ սփիւռքի կողմէ կարեւոր ներդրում մը պիտի ըլլայ այս ձեռնարկին։

Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս գիտաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն շուրջ 30 պետական անձնաւորութիւններ, ակադեմականներ, պատմաբաններ եւ իրաւագէտներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021