ՎԵՐՋԻՆ ԵՂԵՒԻՆԸ…

Այս պատմութիւնը իրական է, Մեխակեաններու ընտանիքին մասին է: Բազմանդամ ընտանիք էին Մեխակեանները: Երիտասարդ Սուրէնը ունէր մայր մը, հայր մը, շատ երեխաներ եւ այդ մեծ ընտանիքին անվերջ ծառայող կին մը, որ իմ պզտիկ մօրաքոյրս է: Մօրաքոյրս գիւղէն Երեւանի այդ ընտանիք հարս գացած էր տասնինն տարեկանին: Դպրոցական վերջին տարիներուն եւ դպրոցն աւարտելէն ետք ան կը խնամէր անկողինին երիտասարդ տարիքէն գամուած իր մայրը՝ իմ մօրական մեծ մայրս: Դուրսի լոյս չէր տեսներ, աշխարհէն տեղեակ չէր. ան պարտականութիւն ունէր փոքրիկ սենեակին մէջ պահելու իր սիրելի մայրը: Հեռաւոր 1970-ականներու վերջերուն խնամքի, բժշկութեան միջոցները սակաւ էին եւ յետամնաց եւ անկողնային հիւանդը կը նմանէր ծանր հիւանդի, որուն անընդհատ դարման եւ հոգատարութիւն պէտք էր… Եւ երբ Երեւանէն միջնորդի մը միջոցով գիւղ աղջիկ ուզելու գացած էին Մեխակեանները, գիւղացի մարդ մը մօրաքրոջս տեղը ցոյց տուած էր՝ իբրեւ նուիրուած, լուռ եւ բարի աղջնակ… Մեծ մայրս անմիջապէս համաձայնած է իր աղջիկը մարդու տալու՝ ըսելով, որ թող երթայ եւ ազատի սենեակի բանտարկութենէն եւ հիւանդապահի տաժանելի պարտականութենէն: Ինչպէս յաճախ կ՚ըլլար՝ առանց ճանչնալու ամուսնացած են երիտասարդները: Մեծ մօրս խնամքը անցած է մեծ հօրս եւ իմ մայրիկս, որ արդէն ամուսնացած էր եւ իր ընտանիքէն զատ ստանձնեց նաեւ իր մայրը պահելու պարտքը՝ ուսուցիչի իր աշխատանքը աւարտելէն ետք նախ վազելով իր մօրը տուն, ապա նոր գալով մեզի…

Մեխակեանները Երեւան հարս կը բերեն ամօթխած, հնազանդ մօրաքոյրս, որ արագ կ՚ընդօրինակէ նոր ընտանիքին կեանքին ձեւը… Իսկ այդ ընտանիքը այնքա՜ն տարբեր էր իր գիտցած ընտանիքէն… Աղմկոտ, խնջոյքներու, ընտանեկան, ընկերային հաւաքներու սիրահար Մեխակեանները միշտ հիւրեր կ՚ունենային, անոնց տան դուռը երբեք չէր գոցուեր եւ մօրաքոյրս ստիպուած էր երբեմն մինչեւ կէս-գիշեր արթուն մնալով մաքրել ամէն կողմ, յաջորդ օրն ալ կանուխ արթննալով ստանձնել օրուան ճաշն ու միւս գործերը…

Շուտով կը ծնի առաջին երեխան՝ կապուտաչեայ շէկ աղջնակ մը, յետոյ՝ երկրորդը, կրկին աղջիկ, երրորդը՝ նորէն աղջիկ… Աւանդական հայ տղամարդու խառնուածքով եւ արմատներով Խոյէն ու Շապինգարահիսարէն անոր ամուսինը որդի կ՚ուզէր: Չորրորդ զաւակը նորէն աղջիկ կ՚ըլլայ, հինգերորդը՝ նոյնպէս, վեցերորդ զաւակը՝ սեւաչ, անուշիկ, նորէն աղջիկ էր: Բոլոր աղջիկները՝ մէկը միւսէն գեղեցիկ հրաշալի աչքունքով, կը կրէին մեծ մայրերու եւ անոնց մայրերուն անունները՝ Արուս, Շուշան, Լաուրա, Ռոզա, Ալիսա եւ միայն Վանուհին տուին մեծ հօրը՝ Վանուշին անունէն կազմուած անուն մը: Հակառակ որ այդքան սպասուած տղան չէր ծնած, ընտանիքը ուրախ էր աղջիկներով, հայրը, մեծ մայրը կ՚աշխատէին, աղմկալի կը մեծնային պզտիկները:

Կեանքին գոյները կը սկսին խամրիլ… Կը մահանայ մեծ մայրս, Մեխակեաններու մեծ հայրը: Հայաստան կը թեւակոխէ ծանր ժամանակաշրջան մը, երկրին մէջ լոյսը, կազը, ջուրը օրերով կը կտրեն, ընտանիքները, այդ կարգին՝ վեց երեխաներով այս բազմանդամ ընտանիքը ստիպուած կ՚ըլլայ նստիլ մութի, ցուրտի մէջ… Յաճախ մութ երեկոներու միակ մխիթարանքը կ՚ըլլայ երգը, որ կ՚երգէր անոնց Շուշիկ մեծ մայրը եւ որդին ու թոռնիկները կը ձայնակցէին: Մօրաքոյրս երգող չէր. ան անվերջ գործի վրայ էր: Շատ տեսած եմ, թէ ինչպէս ան չոր ալքոլի ճերմակ կոճակը վառելով ապուր եփած է պզտիկ աղջիկներուն համար, իսկ յետոյ մոմին կրակին վրայ տաքցուցած է այդ ապուրը, որ արագ կը պաղէր ընդարձակ տունի՝ ոսկոր ներխուժող սառնութեան մէջ: Օր մը ամուսինը թիթեղեայ վառարան մը կը գտնէ եւ տուն կը բերէ… Վառարանը փրկութիւն էր, բայց փայտ պէտք էր այդ վառարանին համար եւ ընտանիքի մի քանի անդամ կ՚ուղեւորուէին Երեւանի Բուսաբանական այգին եւ չոր ճիւղեր շալկած տուն կու գային… Այդ տարիներուն կտրուեցան Երեւանի սքանչելի ծառերը, այրուեցան տուներու մէջ պահուած հաստափոր շատ գիրքեր, վաճառուեցան կիներու ոսկեայ զարդերը, ադամանդները եւ վառելանիւթ դառնալով այրուեցան վառարանի թիթեղներուն մէջ… Մեխակեանները շատ դժուարութեամբ կը դիմանային ծանր պայմաններուն, իբրեւ բազմազաւակ ընտանիք պետութեան կողմէ տրուած միակ օգնութիւնը փոշի կաթն էր, որուն սովոր չէին պզտիկները: Մարդասիրական օգնութիւններուն մէջ նաեւ չոր, շաքարազուրկ թխուկներ կային, որոնք համ իսկ չունէին, բայց կաթին մէջ թաթխելով, մարդիկ նախաճաշի տեղ կ՚ուտէին… Մեխակեաններուն մեծ երեխաները՝ 10-12 տարեկան աղջնակներ, հերթ կը կանգնէին հացի համար. բարեբախտաբար հացին գործարանը մօտ էր տունին եւ առտու կանուխ արթննալով՝ արագ կը վազէին կարգ սպասելու: Հացը կը գնէին կառավարութեան բաժնած կտրօններով, ընտանիքի անդամներու թիւին համեմատ: Դպրոցական օրերը նոյնպէս անհամ էին, դասարանները նոյնպէս պաղ էին, երեխաները դասի կը նստէին վերարկուներով, կէս անօթի… Ասիկա շատ-շատ ընտանիքներու ապրած կեանքն էր 1990-ականներու առաջին տարիներուն: Շատեր չդիմացան եւ տուն-տեղ վաճառելով գաղթեցին Հայաստանէն: Սկսաւ պատերազմը: Հայաստանը մտաւ աւելի ծանր շրջան մը… Ամէն օր սահմանէն եւ հեռաւոր գիւղերէն ահռելի լուրեր կ՚առնէինք: Կապի միջոցները տկար էին, ձմեռները՝ անտանելի դժուար, յոյսը՝ հեռու եւ հեռաւոր… Մօրաքրոջս ամուսինը, որ թաքսի կը քշէր, ձգեց գործը եւ մեկնեցաւ պատերազմ: Ան կամաւորագրուեցաւ ջոկատի մը եւ անմիջապէս գնաց Արցախ: Օրերով, նոյնիսկ շաբաթներով լուրեր չէին առներ, երեխաները կու լային անվերջ, մայրը եւ կինը նոյնպէս սպասումի, դժուար ապրումներու մէջ էին: Լուրերը կը հասնէին միջնորդաւորուած եւ դժուար, իր հետ կապ հաստատել չկար: Ջոկատի կեդրոնատեղին մայրաքաղաքին մէջ էր, ուր մօրաքոյրս կամ ազգականներէն մին ժամերով կը սպասէին, որպէսզի սահմանէն մէկը գար, լուր մը բերէր, աղօտ լուր մը առած տուն կ՚երթային: Այդ կապի սենեակի պատասխանատուն՝ «Քեռի» ծածկանունով, երկար պեխերով բարի ծերուկ մը, միշտ կը ճանապարհէր մօրաքոյրս՝ յուսադրելով, որ ամուսինը տուն պիտի դառնայ: Օր մըն ալ ամուսինը անակնկալ կերպով տուն մտաւ: Գիտնալով անոր բազմազաւակ ըլլալը, «Քեռի»ն ամէն ինչ ըրած էր, որպէսզի ան որոշ ժամանակ անցընէ անոնց հետ: Եկաւ նիհարցած, աշխարհազօրայինի հագուստին մէջ սմքած, սեւ մօրուքը երկնցած, ինքը՝ ջղային: Շատ բան տեսած էր, շատ բան չէր խօսեր, օրերով կը ծխէր եւ աղջիկ զաւակները կը գուրգուրար… Առաջին այդ տուն դարձին երկար մնաց: Օր մըն ալ լուր ունեցանք, որ մօրաքոյրս յղի է եւ տղայ պիտի ունենայ: Ընտանիքի ուրախութեան չափ ու սահման չկար, օրերով կը բաժնէին ուրախութիւնը եկող-գացողներուն հետ՝ թիթեղեայ վառարանին շուրջը գաւաթ մը թէյ, սուրճ խմելով, կտոր մը հաց բաժնելով: Այդ տարի մօրաքոյրս տակառին մէջ կաղամբ ու աղ դրեր էր, որպէսզի թթուի։ Գիւղէն պարկով գետնախնձոր ղրկած էին եւ ընտանիքին հիմնական կերածը վառարանի սաճին վրայ խորովուած գետնախնձոր էր եւ թթու բռնած կաղամբը: Այդ ընթացքին մօրաքրոջս ամուսինը սկսաւ թիթեղեայ վառարաններ պատրաստել տունին մէջ եւ վաճառել շուկան, շրջան մը այդպէս ապրեցաւ ընտանիքը… Յետոյ ան նորէն մեկնեցաւ պատերազմ: Պատերազմի վերջին ամիսներն էին, Հայաստանը թէեւ կը յաղթէր պատերազմին, բայց զոհերը, վիրաւորները անթիւ էին: Վիրաւորուեցաւ նաեւ Մեխակեաններուն հայրը... ծանր վիրաւորուեցաւ եւ ընտանիքը զինքը գտաւ զինուորական հիւանդանոցին մէջ՝ վէրքերէն քամուած, առողջութիւնը քայքայուած: Բայց ան պիտի տեսնէր ծնունդը տղային, զոր պիտի կոչէր իր խոյեցի հօր անունով՝ Վանուշ: Ամառնային գեղեցիկ օր մը Վանուշը ծնաւ, ընտանիքին ուրախութիւնն էր, հօր սփոփանքը… Հազիւ քանի մը ամսական եղած էր, հայրը մահացաւ՝ այդպէս ալ չապաքինուելով վիրաւորումէն: Բայց ան հասցուց գրկել միակ որդին, որ ի տարբերութիւն հինգ սեւաչուեայ քոյրերու, մեծ քրոջ պէս շէկ ու կապուտաչեայ էր: Մեխակեաններու համար կեանքը կրկին դժուարացաւ, չկար հայրը, տան մէջ եօթ երեխայ եւ անոնց մեծ մայրը կը նայէին մօրաքրոջս ձեռքերուն: Մօրաքոյրս փայտ կը բերէր փողոցներէն, հաց կը թխէր եւ մինչեւ հիմա ինծի համար գաղտնիք է, թէ ինչպէ՞ս ան կը կերակրէր այդ շատուոր ընտանիքը, նաեւ մեզ, երբ հիւր կ՚երթայինք յաճախ՝ սիրելու համովիկ պզտիկները: Անշուշտ, ազգականներ, ով ինչով կարող էր կ՚օգնէր, բայց ժողովուրդը ընդհանուր վատ վիճակի մէջ էր եւ զրկանքը, չարքաշութիւնը սովորական դարձած էր: Ամենաանտանելին կրկին կը մնային ցուրտը, մութը…

***

1993-ի այդ ձմեռը ամենադաժանն էր. ընտանիքը տակաւին սուգի մէջ էր, բայց երեխաները Կաղանդի ծառ կ՚ուզէին: Մանաւանդ պզտիկները շատ կը տենչային գունաւոր այդ ծառը. անոնք զբաղելու ոչ մէկ բան ունէին, միշտ քանի մը կտրուած խաղալիք կար անոնց մահճակալներուն մէջ եւ ուրիշ ոչինչ կ՚ուրախացնէր անմեղ այդ մանուկները: Մօրաքոյրս Կաղանդի ծառը կը մերժէր երկու պատճառով. նախ սգաւոր էր ընտանիքը եւ երկրորդ՝ Կաղանդի շնորհքով ծառ ալ չկար: Իրենց ունեցած-չունեցած արհեստական, գունաթափ պզտիկ ծառը անցնող տարիներուն կոտրուած, քանի մը անգամ անյոյս նորոգուած եւ տեղ մը նետուած էր՝ անգործածելի իրերուն մէջ, ծառին վրայ կախուելիք զարդեր ալ չկային: Բայց պզտիկները ծառ կ՚ուզէին: Մօրաքոյրս ի վերջոյ տեղի տուաւ, պզտիկ ծառ մը գնենք, ըսաւ: Օր մը մեծ աղջիկներէն մէկը տուն եկաւ եւ ըսաւ, որ թաղամասի շուկայի մուտքին բնական եղեւնիներ կը վաճառուին: Երկու հազար հինգ հարիւր դրամ էր այն ժամանակ այդպիսի բան մը, որ ծառագողները կը հատէին Հայաստանի անտառներէն եւ ապօրինի կերպով կը վաճառէին: Օրէնք չկար երկրին մէջ, դրամը կը լուծէր բոլոր հարցերը: Հայկական դրամը մօտ մէկ ամիս էր, ինչ կը շրջանառուէր եւ ազգային արժոյթը տակաւին ինքզինք գտնելու փուլին մէջ էր… Երկու հազար հինգ հարիւր դրամը բաւական մեծ գումար էր ընտանիքի մը համար, որ տակաւին ձմեռ ունէր առջեւը: Մօրաքոյրս չունէր այդ գումարը: Ան քանի մը հատ խորհրդային թղթադրամ ունէր, որոնք որոշ խանութներ տակաւին կը վերցնէին, բայց եղեւնի վաճառողները՝ ոչ: Երեխաներու խնամքի դրամները ամիսներով կ՚ուշացնէին, մեծ մայրիկի ծերութեան նպաստը՝ նոյնպէս: Փոստատան դուռը, ուրկէ կը ստանային այդ աղքատիկ գումարները, օրերով փակ էր, երեխաները ամէն օր կ՚երթային մօտիկ փոստատունը, որ տեսնէին արդեօք բացուեցա՞ւ: Շատ ծերեր, նպաստառուներ յուսահատ կը սպասէին փոստատան մօտ: Խորհրդային օրերէն մնացած փոստատան այդ դուռը այդ տարի միշտ գոց էր, ներսը՝ մութ, կողպէքը՝ խոնաւ եւ ժանգոտ: Կառավարութիւնը Մեխակեաններուն օժանդակութիւն նշանակած էր՝ իբրեւ պատերազմի ընթացքին վիրաւորում ստացածի եւ մահացածի ընտանիք: Սակայն ատոր համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ոչ մէկ կերպ կ՚ամբողջանային, որպէսզի ընտանիքը ստանար այդ գումարն ալ: Պետական բոլոր գրասենեակները անկանոն կ՚աշխատէին, երթեւեկի միջոցներ չկային, երկիրը խառն էր, մօրաքոյրս՝ գերզբաղ եւ փաստաթուղթերու որեւէ հարց ամիսներով չէր լուծուեր… Այդպիսի օրեր ապրեցան հայաստանցիները, պատերազմն ալ տակաւին չէր վերջացած: Ընտանիքները հացը դեռ կը գնէին քաղաքապետարանի տուած կտրօններով: Ամէն մէկ ընտանիքի իր անդամներու թիւով հաց կը հասնէր, աւելի չէին կարող գնել, նոյնիսկ դրամով: Կտրօնին վրայ ընտանիքի անդամներուն թիւը եւ ամիսը գրուած կ՚ըլլար, կու տային, այդքան հաց կը գնէին:

Նոր տարուան հաշուըւած օրեր մնացած էին: Մեխակեաններու երեխաները որոշեցին քանի մը օր վաճառել իրենց հասնելիք հացէն քանի մը հատ եւ այդպէս տօնածառի դրամ հաւաքել: Այդպէս ալ ըրին: Կը բաւարարուէին քանի մը հացով, իսկ միւսները շուկայ կը տանէին եւ 9, 10, 11, 12 տարեկան աղջիկները կը վաճառէին գինէն յիսուն դրամով աւելի: Ուրիշներ ալ իրենց բաժին հացերէն վաճառքի կը հանէին: Գնողներ կ՚ըլլային: Պզտիկները ուրախացած տուն կու գային՝ հաշուելով մետաղադրամները: Միւս կողմէն ալ աչքերնին փոստատան դրան վրան էր՝ բացուեցա՞ւ արդեօք, որ մայրն ալ հոնտեղէն հասնելիք դրամը ստանար:

Կաղանդի օրը աղջիկներէն մէկը ըսաւ, որ միայն երկու եղեւնի մնացած է շուկայի աստիճաններուն վրայ: Կէսօրէ ետք մնացած էր միայն մէկ հատ: Պէտք է վաճառէին այդ օրուայ հացերը եւ վերջապէս գնէին եղեւնին: Լաուրան՝ երրորդ աղջիկը, ամբողջ օրը հացերը ձեռքին կեցած է շուկային առջեւը, բայց վերջին հացերը չէ կրցած վաճառել: Այս պատմութիւնը մեր բոլոր ազգականները գիտեն եւ միշտ կը պատմեն: Ան մօտեցած է կաշիէ երկար բաճկոն հագած մարդու մը, որ շուկայ գացած էր ուրիշ առեւտուրի համար եւ առաջարկած էր հաց գնել: Մարդը հաց չէ ուզած եւ շարունակած է իր ճամբան: Լաուրան քիթին տակ «օ՜ֆ» հանած եւ ետ դարձած է իր տեղը… Բայց տասը վայրկեան չանցած, մարդը ետ եկած եւ հարցուցած է, թէ ինչո՛ւ «օ՜ֆ» ըսաւ, արդեօք պզտիկ աղջիկ մը այդքան կարի՞ք ունի այդ գումարին: Լաուրան պատմած է իր ընտանիքին պատմութիւնը եւ ըսած, որ հացերը պիտի վաճառէ եւ մնացած վերջին եղեւնին պիտի գնէ, քոյրիկները կը սպասեն: Մարդը ըսած է, որ «օ՜ֆ»ը շատ ազդած է իր վրան եւ ետ եկած է, հաց չ՚ուզեր, «երթանք եղեւնին գնենք եւ տանինք տուն», ըսած է: Կաղանդին քանի մը ժամ մնացած էր, աղջիկը անմիջապէս կը համաձայնի: Անծանօթ մարդուն հետ կը գնեն վերջին եղեւնին, մօտակայ սեղանիկի վրայէն ալ մարդը քանի մը զարդ կը գնէ, գունաւոր շաքարներ եւ իր ինքնաշարժով անծանօթ երեխան տունը կը տանի: Բոլոր երեխաները ուրախութենէն կը թռչկոտին՝ տեսնելով ծառը, զարդերը եւ շաքարները, որոնք իրանական էին: Հայկական ոչ մէկ արտադրանք կար այդ ժամանակ եւ Հայաստան ներմուծուող միակ ապրանքը Իրանէն էր: Մինչ մօրաքոյրս եւ մեծ մայրիկը կը փորձեն մարդուն շնորհակալութիւն յայտնել, ան արագ կը հեռանայ: Ծառը կը զարդարուի շատ արագ եւ երեխաները կը համախմբուին շուկայի վերջին եղեւնիին շուրջը, որ իրենց աղքատիկ տունի ամենագեղեցիկ եւ հարուստիկ իրն էր այդ պահուն: Կաղանդը կը դիմաւորեն ուրախութեամբ, զոր օտար բարերարը պարգեւած էր… Եղեւնին մէկ ամսուայ չափ զարդարուն կը մնայ տունին մէջ: Նոր տարին քիչ մը աւելի լուսաւոր կ՚ըլլայ Հայաստանի համար, երկիրը կը փորձէ թօթափել անցեալի զրկանքները եւ այդ տարուայ մայիսին կերտուած յաղթանակի գինով ոտքի կենալ: Մեխակեաններն ալ, հազարաւորներու պէս կը ջանան յաղթահարել դժուարութիւնները: Երեւանի քոնեաքի գործարանը աշխատանքի կ՚ընդունի զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու եւ ազատամարտիկներու ընտանիքի անդամները եւ մօրաքոյրս ալ աշխատանքի կ՚անցնի այնտեղ՝ պզտիկներու խնամքը վստահելով դպրոցին, մանկապարտէզին: Ժամանակէն շուտ հասունցած մեծ երեխաները կը խնամեն պզտիկները, որոնք կեանքի դժուարութիւններէն նոյնպէս արագ կը հասուննային: Յաջորդ բոլոր տարիներուն ընտանիքը կ՚ունենայ տօնածառ, որուն վրայ տարիէ-տարի կ՚աւելնային խաղալիքներն ու լոյսերը, բայց ոչ ոք դեն կը նետէր նեղութեան օրերուն անծանօթ մարդէն նուէր ստացած զարդերը: Այսօր ալ, երբ Լաուրան Գանատա կը բնակի եւ հոնտեղէն վառվռուն Կաղանդի զարդեր կը ղրկէ՝ ոչ ոք կը մոռնայ վերջին եղեւնին, որ հրաշքով յայտնուեցաւ երրորդ յարկի իրենց բնակարանը: Մեծ մայրիկը շատոնց հեռացած է կեանքէն, Մեխակեաններուն բոլոր աղջիկները ամուսնացած են, տղան՝ նոյնպէս: Անցեալ տարի քոնեաքի գործարանը թոշակի ղրկեց մօրաքոյրս՝ մօտ 30 տարի անխոնջ ու նուիրեալ աշխատելու համար պարգեւատրելով իր անունը կրող քոնեաքի հսկայ շիշով: Ան ունի քսան թոռնիկ, որոնցմով երջանիկ է: Ամէն Կաղանդի ընտանիքը կը հաւաքուի իր տունը եւ անպայման կը յիշեն նեղ օրերը՝ մաղթելով, որ անոնք երբեք ետ չգան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

(Երեւան)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022