ՄԱՅՏԱՆ

Իվանքա Կոզաչէնկոն, «Սոլոմիյա» պարբերաթերթի լրագրողը, հետս կը քալէր դէպի գետնուղիի կայարան։ Ուշ գիշեր էր եւ փողոցը՝ մութ։ Մայտան հասնելուս պէս՝ տարօրինակ տպաւորութիւն մը անակնկալ կերպով մրրիկի պէս զիս հարուածեց։ Չէի հասկնար ի՞նչ էր, բայց, շուտով անդրադարձայ։ Հրապարակին խաղաղ ամայութիւնն էր, տխուր լուսաւորութեամբ։ «Ուքրանիա» հիւրանոցի բարձր շէնքը բլուրի վրայէն կը վերհսկէր Մայտանի ընդարձակ տարածութիւնը։ Հրապարակի կողքի ծաղկանոցը ծածկուած էր Ուքրայնայի երկնագոյն եւ դեղին դրօշակներով, իւրաքանչիւրը ինկած զինուորի մը համար, յաճախ նահատակին կցեալ լուսանկարով, գրեթէ միշտ ժպիտը երեսին եւ, առանց բացառութեան, երիտասարդ։ Երկու միջին տարիքի կիներ կը փութային գետնուղիի կայարանին մուտքը։

-Կարծե՛ս երէկ էր՝ մէկ ակնթարթի ընթացքին տասը տարի երազի պէս եկաւ անցաւ, բացագանչեցի, երկիւղախառն հիացմունքով։

-Տասը տարի անցած է, ըսաւ Իվանքան ժպիտով մը։

Յունուար 2024 էր։ Տասնամեակ մըն էր, որ Ուքրայնա չէի եղած։

«Եւրոմայտանի» 2014-ի յեղափոխութեան ժամանակ, Իվանքան փոքրիկ աղջիկ մըն էր՝ մանկութեան տարիներն էին, երբ ժամանակին անիւները դանդաղ ծանրութեամբ կը դառնան եւ երբ չափահաս ըլլալը շատ հեռաւոր նպատակ կը թուէր, որ անհամբերութեամբ կը սպասէինք մեր երազները իրականացնելու համար՝ թռչիլ լուսին, չարին դէմ պայքարիլ, գտնել անբուժելի հիւանդութիւններու դեղը։ Մանկութեան երազներ։ Պահ մը կու գայ, սակայն, երբ ժամանակը կ՚անցնի լերան լանջէն գլտորուող ժայռերու դաժան արագութեամբ, իրենց տակ խախտելով ժամանակի անցման մեր ընկալումը։

Ուքրայնական «Փրոտոյ Փրոտուքցիայ» գեղարուեստի կազմակերպութեան հրաւէրով Քիեւ վերադարձած էի յունուար 2024-ին՝ մօտէն ծանօթանալու համար արուեստի ստեղծագործութեան պարագաներուն պատերազմի ժամանակ։ Մայրաքաղաքին՝ Քիեւի մէջ ռազմական վիճակը ծայրայեղ ճնշիչ չէր եւ միայն որոշ անխուսափելի նշաններ կը բացայայտէին բացառիկ իրադրութիւնը. զինուորներու երթեւեկութիւնը, մարտական քարոզչութիւնը եւ, եթէ մարդ ուշադրութիւն դարձնէր, սակաւաթիւ երիտասարդ տղամարդոց ներկայութիւնը։ Ճաշարաններու մէջ լման սեղաններ կային միայն կին յաճախորդներով։ Եւ, անշուշտ, ամենօրեայ ռումբերը։ Քիեւ, սակայն, հսկայ քաղաք է եւ կեանքէ կանգ չէր առներ երկնքէն տեղացող կրակին պատճառաւ։ Օր կար, երբ օդային յարձակման ահազանգերը կը հնչէին նոյնիսկ ժամը անգամ մը, բազմապատկուած բջիջային հեռաձայններու հակաօդային պաշտպանութեան յաւելուածքներու կրկնութեամբ, որ ուքրաներէն կամ անգլերէն օգտատէրերուն կը զգուշացնէին անմիջական ռմբակոծման դէմ։

Ուրիշ էր Ուքրայնայի սքանչագեղ մայրաքաղաքը մարտ 2014-ին, երբ նոր հասած էի լրագրական առաքելութեամբ։ Մայտանը տարբեր խմբաւորումներու «Ո»ներով ծածկուած էր՝ ուքրանացիներու, որոնք եկած էին Ռուսաստանի առաջին յարձակման դէմ իրենց ընդդիմութիւնը յայտնելու։ Ուքրայնայի հայերն ալ բերած էին իրենց ներկայութիւնը վրանով մը։ Դեռ մարդիկ ուրախ էին եւ հոգիները՝ բարձր։ Վերջին անգամով Ուքրայնա եղած էի Խորհրդային Միութեան հոգեվարքի օրերուն՝ հոկտեմբեր 1991-ին, երբ Խարկիւ այցելած էի, որ ինչպէս սովետական աշխարհի համայն տարածքը ծածկուած էր մռայլութեան քօղով մը՝ այն տնտեսական եւ քաղաքական քայքայման օրերուն դեռ աւելի խիտ, որու տակ անշքութեան մէջ կը կորսուէր քաղաքին վեհ ճարտարապետութիւնը եւ այդ պատճառաւ ալ անցորդին ուշադրութենէն կը վրիպէր անոր գեղեցկութիւնը։ Այսօր Խարկիւը ենթարկուած է ռուսական տեղացող հրթիռներու իրերայաջորդ ալիքներու, շփման գծին այնքան մօտ ըլլալով, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը յաճախ չեն հասցներ հակազդելու սլացող ռումբերուն, որոնք երեք կամ հինգ երկվայրկեանէն կը հասնին իրենց թիրախին։

Տասներեք տարի վերջ, անճանաչելի Ուքրայնա մը գտած էի։ Երկիր ու ժողովուրդ ծաղկած էին եւ ամէնուրեք նոր ձեռք բերուած տնտեսական յառաջդիմութեան նշաններ կային։ Շատ քիչով կը տարբերէր ուրիշ՝ աւելի հարուստ Արեւմըտեան Եւրոպայի երկիրներէ։ Ուքրայնա հասած էի մարտ 2014-ին ու թէեւ, անշուշտ, մտահոգութիւն կար, ուքրանացիներու մեծամասնութիւնը խօսակցութեան ընթացքին լարուածութենէ աւելի զարմանք կը յայտնէր Ռուսաստանի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ։ Տրամադրութիւնները համաեւրոպական էին՝ աւելի քան հակառուսական։ Երիտասարդի մը խօսքով՝ պարզապէս կը ձգտէին Եւրոպական Միութեան անդամակցելու, բայց ո՛չ հակառուսական ոգիով. «Ո՞վ պիտի նախընտրէր Լատա մը՝ Մերսետեսի մը», բացատրեց յայտնի գերմանական ինքնաշարժի մակնիշը բաղդատելով աւելի համեստ ռուսական արտադրութեան օթոներուն հետ։ Չէին ուզեր Ռուսաստանի պարտադրած Եւրոասիական շուկային միանալ։

Ամէն պարագայի, 2014-ին գերիշխող զգացումը Մայտանի բողոքի մասնակցողներուն մէջ շշմումն էր։ Քիչեր չէին, որ հակամարտութիւնը կը նմանցնէին հարազատներու միջեւ տարակարծութեան կամ կռուի, յաճախ բառին բուն իմաստով. «Ընտանիքիս կէսը ռուս է», ըսողներուն հաշիւը կորսնցուցած էի։ Ուքրանացիներու մեծամասնութիւնը խօսակցութեան ընթացքին հաւատք կ՚արտայայտէր, թէ լարուածութիւնը կարելի պիտի ըլլար խաղաղ ճանապարհով լուծել։ Ռուսաստան եւ Ուքրայնա դեռ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը պահէին եւ երկու երկիրներուն միջեւ երթեւեկութիւնը գրեթէ անխտիր էր։

Դեռ ասոնք Եւրոմայտանի առաջին օրերն էին, երբ հոգիները հրահրուած են նոր ապագայի ընկալումով եւ իւր, թէական կամ ոչ, խոստումներով, երբ շատ անգամ յեղափոխութիւնը յղացող մարդոց ու շարժումներուն մղիչ տեսլականը Բարեկենդանի արկածախնդրութեան կամ խաղի թեթեւ խանդավառութիւնը կը կրէ եւ անոր փոխանցիկ ուժը ժողովուրդը ոտքի կը հանէ։ Այդ առումով, թերեւս չափազանցած չըլլանք, եթէ որոշ նմանութիւն տեսնենք Ֆրանսական յեղափոխութեան առաջին օրերուն հետ, երբ պիտի ծնէր նոր, անկանխատեսելի աշխարհ մը, որ, այո՛, ծնաւ ու հրամցուեցաւ պատմութեան կառափնատի միջոցաւ։

Եւրոմայտանի 2014-ի առաջին ամիսներուն վրաններուն ընդմէջէն քալողներէն շատերը ոգեւորուած էին։ Լուսահոգի Տ. Գրիգորիս Արք. Պունիատեան, այդ պահուն Ուքրայնայի հայոց թեմի առաջնորդ, ընդհանրապէս զուսպ մէկը ըլլալով հանդերձ, զիս ընկերացած էր այդ առաջին օրը։ Յայտնիօրէն վերապահ էր, խաւար ապագայի մտահոգութենէն տարուած, որ հարազատութեամբ կռահեց առանց որ տեսնէր, որովհետեւ պաշտօնի գլուխ վախճանեցաւ ճիշդ տարի մը ետք՝ մարտ 2015-ին։ Սակայն կը կանխատեսէր ռուսական լիածաւալ յարձակում մը՝ ինչպէս իրօք պատահեցաւ փետրուար 2022-ին։

Նոյնիսկ գեղագիտական տարրեր կը բացատրէր 2014-ի յեղափոխութեան առաջին օրերու խանդավառութիւնը։ Եւրոմայտանի շրջող լուսնկարները կը յիշեցնէին Ֆրանսական յեղափոխութեան պատկերագրութիւնը, ուստի, թերեւս ենթագիտակցաբար արեւմտեան պատմութեան ծանօթ մարդիկ Ուքրայնայի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները ոգեւորիչ կը գտնէին։

Վերջին այցելութեանս վերջին օրը, 26 յունուար 2024-ին, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի 702-րդ օրը, երբ Մայտանի կայարանը պիտի իջնէի, գետնուղիին մէջ տեսայ իւրայատուկ պատկեր պարզող ծերունի մը՝ խիտ պեխերով եւ գլխուն մուշտակէ փափախով, սեւ հաստ վերարկու հագած, կարծես ուքրանացի Թարաս Շեւչէնքօ գրողի կերպարին մէկ տարբերակը, եթէ ոչ անշուշտ կրկնօրինակը, խիզախ, բայց, բարի նայուածքով։ Կառքի ճամբորդներու բազմութեան մէջ աչքի կը զարնէր։ Կէս ժպիտով մը, թոյլատրեց զինք նկարէի։

Շաբաթներ վերջ, արդէն վերադարձած Վենետիկ, երբ տանս մէջ լուսանկարները թուային ալպոմի մէջ կը դասաւորէի, դիմաճանաչման համակարգչային ծրագիրը, ինծի համար անակնկալ կերպով, այս ծերունին «ճանչցած» էր՝ 2014-ի Եւրոմայտանի ամենէն յիշատակելի տիպարներէն էր, միշտ ճոխ ղազախական տարազներ հագած եւ ղազախներու մէկ կազմակերպութեան վրանին մէջ գիշեր-ցերեկ պահակ կանգնած։ Հետը մի քանի խօսք փոխանակած էի։

Տասը տարի վերջ արդէն ծերացած, նոյնիսկ աշխարհականի հանդերձանքի տակ պահպանած էր իր ղազախի մարտունակ կեցուածքն ու պահուածքը, գաւազանը աներեր ձեռքով բռնած։ Այս ծանօթ անծանօթին դարձեալ գտնել կամ յայտնաբերել տասը տարի ետք համակարգիչիս պաստառին վրայ զիս ուրախացուցած էր՝ իբրեւ կենդանի օրինակ կեանքի շարունակութեան, նոյնիսկ սարսափելի պայմաններու մէջ։ Մարդ մը, որ հաւանաբար ծնած էր սթալինեան բռնատիրութեան վերջին տարիներուն, ականատես եղած քանդուող եւ վերածնող աշխարհներու, ինչպէս մեզմէ շատեր՝ Խորհրդային Միութեան եւ Պերլինի պատի կործանման, Սովետական Հայաստանի եւ իր անկախութեան, Արցախի ազատագրութեան եւ իր կորուստի ու հայաթափման։ Ու դեռ… ու դեռ կեանքը հրաշալի յամառութեամբ միշտ իր ճամբան պիտի բանայ «մահուան շուքի ձորին» ընդմէջէն։

ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ

Իտալիա

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024