ՈՒԺԻ ԼԵԶՈՒՆ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան տարեմուտի առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ յայտարարեց. «Ոչ ոք մեզի խաղաղութիւն պիտի նուիրէ, բայց մեր որդիները վերջնականապէս պիտի ամրագրեն մեր յաղթանակը»։
Սէյրան Օհանեան մատնանշեց, որ անցեալ տարի հայկական բանակը փայլուն ձեւով կատարած է իր առաքելութիւնը՝ զինուած դիմակայութեան պայմաններուն ներքեւ պաշտպանելով սահմանները։ Ան յիշեցուց, թէ անցեալ տարի զինադադարի հաստատումէն ի վեր առաջին անգամ, իր կարծիքով նաեւ արտաքին հրահրումով, Ատրպէյճան օգտագործեց հրանօթներ եւ հրասայլեր։ Փոխարէնը ան ստացաւ վճռական պատասխան եւ միշտ պիտի ըլլայ այդպէս՝ մինչեւ որ բոլոր կարճամիտները հասկնան, թէ հայկական կողմին հետ չեն կրնար ուժի լեզուով խօսիլ։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ լուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է զինեալ ուժերու հզօրացման եւ սահմաններու պաշտպանութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Մեծ աշխատանքներ իրականացուած են մարտական հերթապահութեան անվտանգութեան եւ մարտական պատրաստութեան բարձրացման ասպարէզներէն ներս։
Օհանեանի բացատրութիւններով, պաշտպանութեան ռազմավարական վերատեսութեան արդիւնքին վերամշակուեցան 2016-2020 թուականներու զինեալ ուժերու զարգացման ծրագիրը եւ սպառազինութեան ու ռազմական սարքաւորումներու զարգացման պետական ծրագիրը։ Շնորհիւ այս երկու ծրագրերուն պիտի ապահովուին զինեալ ուժերու կայուն զարգացումը, համալրումը ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ սարքաւորումներով, իսկ իրադրութեան որեւէ զարգացման պարագային պիտի երաշխաւորուի սահմաններու անձեռնմխելիութեան ապահովումը։ Լուրջ քայլեր կատարուած են, ըստ Օհանեանի, բարեվարգութեան ու բանակի նկատմամբ հասարակական վերահսկողութեան ընդլայնման ուղղութեամբ։
Սէյրան Օհանեան անդրադարձաւ նաեւ լայն տարածում գտած «Փոքր ուժերով մեծ խնդիրներու լուծման» սկզբունքին, որուն զուգորդուած հայեցակարգերուն հետ էապէս մեծցաւ ստորաբաժանումներու հրամանատարներու ինքնուրոյնութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը։ Այս երեւոյթն ալ, իր կարգին, հնարաւորութիւն ընձեռեց կասեցնելու Ատրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները։
«Սիրելի հայրենակիցներ, ես չեմ կրնար խոստանալ, որ հակառակորդը այլեւս պիտի չդիմէ նոր ոտնձգութիւններու։ Բայց կը հաւաստիացնեմ, որ ամէն ինչ կը կատարուի առաջնագծին վրայ զինուորներու անվտանգութեան ապահովման զուգընթաց՝ պաշտպանուած հայրենիք մը ունենալու համար։ Ոչ ոք մեզի խաղաղութիւն պիտի նուիրէ, բայց հաւատացէք, որ մեր 18-20 տարեկան որդիները վերջնականապէս պիտի ամրագրեն մեր յաղթանակը։ Մեզմէ երբեք այդ յաղթանակը չի կրնար խլել ոեւէ մէկը», ըսաւ Օհանեան։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Պապայեանն ալ ամփոփեց անցեալ տարին։ Ըստ իրեն, անցեալ տարին լարուած էր, որովհետեւ Ատրպէյճան կ՚օգտագործէր ծանր զինատեսակներ։ Բանբերը մատնանշեց նաեւ, թէ վերջին տարիներուն լայն թափ ստացած է Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը։ 2016 թուականի վերաբերեալ ակնկալութիւնները համեստ են՝ նախ եւ առաջ՝ խաղաղութիւն։ «Աշխարհաքաղաքական զարգացումները այնպէս մը կ՚ընթանան, որ ըստ երեւոյթին Ատրպէյճան պիտի շարունակէ իր ստոր քայլերը։ Հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակը կը բարդանայ, ներքին լարուածութենէն ուշադրութիւնը շեղելու համար անոնք պիտի դիմեն սահմանային լարուածութեան», ըսաւ Դաւիթ Պապայեան։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը պէտք է պահպանեն գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւններու պահանջները, որոնք ուղղուած են հրադադարի դրութեան ամրապնդման։ «Ինթերֆաքս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսաւ. «Վերջին ամիսներուն մենք ականատես եղանք զինեալ դիմակայութեան աշխուժացման՝ ծանր հրետանիի, խոշոր տրամաչափով գնդացիրներու կիրառմամբ եւ այս բոլորին հետեւանքով աճած է զոհերուն թիւը, ներառեալ խաղաղ բնակիչներու շրջանակները։ Նման իրավիճակը անկարելի է, որ մեզի չանհանգստացնէ։ Կողմերը պէտք է կրկնապատկեն ջանքերը կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Քարասին աւելցուց, թէ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ Ռուսաստան աշխոյժ ջանքեր կը գործադրէ փոխզիջման հասնելու ճանապարհին հակամարտ կողմերուն աջակցելու համար։