ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐ ՄԸ
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Քլոտ Արմէն Մութաֆեան, ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս այցելեց քաղաքս։ Ան 2016 թուականը Իսթանպուլի մէջ դիմաւորեց իր կողակցին հետ։ Կեցութեան օրերուն Քլոտ Մութաֆեան այցելեց համայնքային զանազան հաստատութիւններ եւ մեր իրականութեան մօտ բառին բուն իմաստով եղաւ պատուոյ հիւր մը։ 1992 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ան եկած էր Իսթանպուլ թէ՛ զբօսնելու եւ թէ հայ Պոլիսին հետ շփումը թարմացնելու։ Այս ամբողջին մէջ ան պատուեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Իր այցելութիւնը մեզի համար հաճելի անակնկալ մըն էր տօնական շրջանին։
Անմիջական ջերմութեամբ զրուցեցինք Քլոտ Մութաֆեանի հետ, որ խօսեցաւ ինչպէս իր վերջին ծրագրերուն, այնպէս ալ ծնողներուն մասին։ Քլոտ Մութաֆեան մեզի հետ բաժնեց իր տպաւորութիւնները՝ դէպի Պատրիարքարան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, Էսաեան վարժարան, կարգ մը գերեզմանատուներ եւ մամլոյ խմբագրատուներ տուած այցելութիւններէն։ Երկար տասնամեակներ գիտական եւ հասարակական գետիններու վրայ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած Քլոտ Մութաֆեան հետաքրքրական դիտարկումներ բաժնեց մեզի հետ։
Խմբագրատունէս հրաժեշտ առնելէ առաջ իրեն յանձնեցինք նաեւ «ԺԱՄԱՆԱԿ 100» մատենաշարին շրջագը-ծով ցարդ լոյս տեսած երեք գիրքերը։