ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄԸ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Սու­րի մէջ, Տիար­պա­քըր։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն զի­նուոր մը նա­հա­տա­կուած է այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։ Ժա­մը շուրջ 22.25-ին ծանր վի­րա­ւո­րեալ վի­ճա­կի մէջ հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուած այդ զի­նուո­րին ցու­ցաբերուած ամ­բողջ բժշկա­կան խնամ­քը դժբախ­տա­բար մնա­ցած է ա­պար­դիւն եւ ան նա­հա­տա­կուած է այն­տեղ։

Միւս կող­մէ, Շըր­նա­քի Սի­լո­փի գա­ւա­ռա­կին մէջ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ կրակ բա­ցուե­ցաւ՝ անվ­տան­գու­թեան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը լքել փա­փա­քած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վրայ։ Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով մէկ հո­գի մա­հա­ցաւ, եր­կու հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2016