«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԳՈՀ ՉԷ ՍԵՓԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԷՆ»

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն Ֆրանք Էն­կէլ յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան պէտք է ըն­դու­նի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ ու­ղիղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու անց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Եւ­րո­պա­ցի ե­րես­փո­խան Էն­կէլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան անդ­րա­դար­ձաւ՝ «news.am» կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։ Իր խօս­քե­րով, ա­նօ­գուտ է վե­րա­կանգ­նել այն, ինչ որ եր­բեք խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թաց չէ ե­ղած։ «Ի հար­կէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի շուրջ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի մը չի վե­րա­ծուիր, քա­նի տա­կա­ւին Ատր­պէյ­ճան չ՚ըն­դու­նիր Ար­ցա­խի հետ ու­ղիղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը», հա­մո­զուած է երեսփո­խան Ֆրանք Էն­կէլ։

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Ֆրանք Էն­կէլ ընդգ­ծեց այն դի­տար­կու­մը, թէ Պա­քու կը փոր­ձէ տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­պա­կա­յու­նաց­նել ի­րա­վի­ճա­կը սահ­ման­նե­րուն վրայ։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով, այս­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին, ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան տա­կա­ւին գո­հա­ցու­ցիչ չի հա­մա­րեր սե­փա­կան դրու­թիւ­նը։ «Ես կը յի­շեմ, երբ ան­ցեալ տա­րուան Նո­յեմ­բե­րին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան կը ծրագ­րէր այ­ցե­լել Պրիւք­սել, հեր­թա­կան ան­գամ յար­ձա­կում­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Ար­ցա­խի վրայ եւ նա­խա­գա­հը ջնջեց իր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ ան­կա­յուն ի­րա­վի­ճա­կի պատ­ճա­ռով։ Սա ուղ­ղա­կիօ­րէն այն բանն էր, ո­րուն կը ձգտէր Պա­քու», ը­սաւ Ֆրանք Էն­կէլ, որ Լիւք­սեմ­պուր­կէն է։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017