Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ԵՒՍ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍՈՎ
Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով։ Ծանօթ է, որ Նախարարաց խորհուրդը նախընթաց օր Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ժողով մը գումարելով որոշում կայացուցած էր այս ուղղութեամբ։ Այդ որոշման հիման վրայ պատրաստուած տնօրինութիւնը երէկ քննարկուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ։ Խորհրդարանը երէկ գիշերուան ժամերուն որոշեց հաւանութիւն տալ համապատասխան արտօնագրին։ Այսպէսով, 19 Յունուար 2017 թուականի դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւնը եւս երեք ամիսով պիտի երկարաձգուի։
Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017