ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վաղը պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ ան պիտի տեսակցի ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, տարածքաշրջանային ու միջազգային արդի խնդիրներու շուրջ քննարկումներ տեղի պիտի ունենան հանդիպման ընթացքին։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ջանքերով Սուրիոյ մէջ հաստատուած է հրադադար մը ու ջանքեր կը գործադրուին քաղաքական լուծման գետին պատրաստելու առաջադրութեամբ։
Հարկ է նշել, որ Կութերէշ ՄԱԿ-է ներս վարած նախորդ պաշտօնին ժամանակ կարճատեւ այց մը տուած էր Թուրքիա եւ այցելած՝ գաղթականաց ճամբարները։