ԱՄՈՒՐ ՁԳՏՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի նախագահ Պեհրամ Սալիհը։ Պեշթեփէի համալիրին մէջ երկու նախագահները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնը։ Նախագահները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Էրտողան ըսաւ. «Իրաքի քաղաքական միութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը հիմքը կը հանդիսանան մեր Իրաքի քաղաքականութեան»։

Ասուլիսի ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ Իրաք յաղթական դուրս եկած է ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ տուած պայքարէն, ինչ որ գնահատանքով ընկալուած է ամբողջ աշխարհի կողմէ։ Սա ունեցած է ծանր փոխարժէք մը։ Պատմութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը շատ մը վայրերու մէջ գետնի հաւասարեցուած են, եղած են հազարաւոր նահատակներ։ «Թուրքիա այդ բարդ պայքարին մէջ ամուր զօրակցութիւն ցուցաբերած է Իրաքին։ Թուրքիա պատրաստակամ է Իրաքի կայունութեան ու վերակառուցման ուղղեալ ջանքերուն ամէն տեսակ նպաստը բերելու։ Իրաքի ինքնաբաւ դառնալը տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ ծայր աստիճան կարեւոր է», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան, մաքսի, ուժանիւթի եւ ջուրի նման բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ խնդիրներ։ Ուստի, Էրտողան առաջարկեց 20 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնել երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը։ Նախագահը համոզուած է, թէ պաշտօնական արդիւնաբերութեան բնագաւառն ալ կրնայ լուրջ հեռանկարներ խոստանալ երկկողմանի համագործակցութեան տեսակէտէ։

Իր կարգին, Պեհրամ Սալիհն ալ նշեց, որ Իրաք կը ձգտի իսկական համագործակցութիւն մը եւ ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատել Թուրքիոյ հետ։ Իրաք նոր շրջանի մը մուտք գործելու վրայ է եւ երկրի ղեկավարութիւնը կը փափաքի, որ երկիրը տարածքաշրջանէ ներս դարձեալ ստանձնէ իր ամուր դերակատարութիւնը։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա եւ Իրաք երկու հարեւան երկիրներ են եւ բացի հասարակաց մշակոյթէն, պատմութենէն եւ ընկերային կառոյցէն, երկու երկիրները կը միացնեն բազմաթիւ տարրեր՝ անվտանգութեան, բնապահպանութեան եւ աշխարհագրութեան առումով։ «Այլեւս ժամանակը եկած է, որպէսզի մեր տարածքաշրջանը կայունութիւն ունենայ, վերաձեւաւորուի եւ մեր ժողովուրդներն ալ ունենան ազատ ու արժանապատիւ կեանք մը», ըսաւ Սալիհ եւ աւելցուց, որ Թուրքիա-Իրաք համագործակցութիւնը չունի միայն երկկողմանի նշանակութիւն, այլ պիտի ծառայէ ամբողջ տարածքաշրջանին։

Անգարայի մէջ նախագահ Սալիհ նշեց նաեւ, որ կ՚ակնկալեն Թուրքիոյ նպաստը Իրաքի՝ ահաբեկչութենէն մաքրագործուած շրջաններու վերակառուցման համար։ Ան կարեւորեց նաեւ պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան եւ ռազմական բնագաւառի մէջ համագործակցութիւնը։

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին՝ Սալիհ նշեց, որ սուրիացիները ազատ կամքով պէտք է վճռեն իրենց ճակատագիրը։

Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Սալիհ շեշտեցին, որ ջուրի վերաբերեալ խնդիրները այլեւս պէտք չէ զբաղեցնեն երկու երկիրներու օրակարգը։

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019