ԱՍԿԵՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐ ՄԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ

Ասկերանի շրջանին մէջ յայտնաբերուած է 12-13-րդ դարերու խաչքար մը։ Այսպէս, Արցախի Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղի տարածքին 12-13-րդ դարերով թուագրուող խաչքար մը յայտնաբերուած է: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նորայայտ խաչքարը յայտնաբերած են Ասկերանի շրջանի յուշարձանի պահապան Զարինա Այտինեանն ու վերջինիս ամուսինը:

Միւս կողմէ, տարածքին մէջ կան նմանատիպ կոտրած այլ  խաչքարեր:

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019