ՊՈԼՍՈՅ ՇԻՐՄԱՔԱՐԵՐ. ԶՐՈՅՑ՝ ՀՐԱՉ ՔԸՐՄԸԶԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Օրը 2 հոկտեմբեր էր։ Քաղաքը խցանուած։ Այդ օր նոյնիսկ անհնար էր հասնիլ Հանրապետութեան հրապարակ եւ կարծես փոխադրութեան միակ միջոցը մնացած էր մեթրոն։ Պոլսահայ բարեկամ մը՝ Նազար Պինաթլըն, որ վերջին ամիսներուն յաճախակիօրէն Երեւան կը յայտնուէր, իմաց տուած էր, թէ այդ օրերուն Երեւան պիտի գտնուին պոլսահայ արմատներով՝ Անուշաւան-Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները։ Զանոնք չէի ճանչնար, սակայն լսած էի, որ այս ազնուազարմ հայորդիներու անդուլ ճիգերուն շնորհիւ վերանորոգ-ւած են Պալեաններու, ինչպէս նաեւ անմահանուն բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը։ Այս բոլորին մէջ նաեւ կը յիշեմ, որ Դուրեանի շիրմաքարի նորոգութեան առընթեր փոքրիկ վէճ մըն ալ ծագած էր Պոլսոյ մէջ։ Մեր վաղեմի բարեկամ Սեւան Տէյիրմենճեանը յօդուած մը գրած էր առարկելով, որ տեղի ունեցածը անընդունելի եւ նոյնիսկ «պղծում» է բանաստեղծի յիշատակին։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Տէյիրմենճեան այս նիւթին շուրջ թրքերէն կայքի մը մէջ յօդուած մը կը ստորագրէր, երեւի նոյն տրամաբանութեամբ։ Երեւի կ՚ըսեմ, որովհետեւ հակառակ թրքերէն խօսակցական լեզուն հասկնալուս, կարդալու ունակութիւններս բաւարար չեն, որ գրաւորը ճիշդ ընկալեմ, մանաւանդ որ նիւթը կապ չունի քաղաքական զարգացումներու հետ, այլեւ կը ներկայացնէ մշակութային հարթութեան վրայ եղած խնդիր մը։ Բնականաբար նուրբ նիւթ մըն է այն, որ արդեօք բանաստեղծի մը շիրիմը «վերադասաւորել»ը պէտք է ընկալել որպէս մեղք կամ դրական գործ, մանաւանդ որ Քըրմըզեան եղբայրներուն համար նպատակը մէկն էր՝ մաքրել շիրմի շրջապատը եւ զայն բարեզարդել, որպէս գերեզմանատուն այցելող ոեւէ մէկը առիթն ունենայ աւելի մաքուր, աւելի տանելի եւ շիրմաքարի տիրոջ մեծութեանը վայել տեղ մը դառնալ։

Հիմա շատեր պիտի առարկեն, որ արդեօք շիրմաքարի գեղեցկութիւնն ու մաքրութիւն-կոկիկութիւնն են, որ «հրապուրանք» պիտի տան շիրմաքարի տիրոջ անունին։ Այդ ալ կայ, չեմ հակաճառեր, սակայն լաւ պիտի ըլլայ, որ այդ դամբանները ըլլան մաքուր եւ կոկիկ, վայել Պոլսոյ բոլոր շիրիմներուն, որոնց մաքրութեան եւ պատմականութեան մասին բոլորս գիտենք։

Անշուշտ կարելի է երկար գրել Պոլսոյ գերեզմաններուն մասին, որոնք սոսկ գերեզմանատուներ չեն, այլ աւելին։ Հոն միայն մեռելներ չեն պառկիր, այլ արեւմտահայ մշակոյթի վաւերական մեծերը, որոնց յիշատակը միշտ ալ խնկելի պիտի մնայ։

Անցնինք մեր նիւթին, ուրեմն այդ երեկոյեան ես կերպով մը յաջողեցայ հասնիլ «Մարիոթ» պանդոկի սրճարանը, որ ամրան շրջանին կը հանդիսանայ սփիւռքահայ մեր ծանօթ-անծանօթ բարեկամներու «նստավայր»ը։ Զիս դիմաւորեցին իմ բարեկամ Ռոմանոս Ճեզվէճեանն ու Նազար Պինաթալըն, որմէ ետք ալ մեր խօսակցութեան միացաւ նուիրեալ անձնաւորութիւն մը՝ Տիար Անուշաւան-Հրաչ Քըրմըզեանը, որուն հետ ալ ունեցայ ստորեւ ներկայացուած զրոյցը։

-Պրն. Քըրմըզեան, ինչպէ՞ս յղացաք Մատթէոս Զարիֆեանի շիրիմը վերանորոգելու գաղափարը, ի՞նչ է այս ծրագիրը:

-Այս մտայղացումը պէտք է ըսեմ, որ Զարիֆեանէն առաջ եղած էր: Ինչպէս գիտէք, Պոլսոյ մէջ այսօր անցեալէն մնացած շուրջ 15 հայկական գերեզմաննոցներ կան: Անոնցմէ մէկը Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիին գերեզմանն է, որ մեզի համար արժէքաւոր է, որովհետեւ հոն կը հանգչին մեր պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթի մեծ դէմքեր, դպրոցներու տնօրէններ, կաթողիկոսներ եւ մանաւանդ Պալեան ընտանիքին մէկ մասը:

Ուրեմն, այս մտայղացումը ունեցանք հինգ տարի առաջ: Իմ ծնողներս՝ մայրս եւ հայրս իրենց երիտասարդութիւնը Սկիւտարի մէջ անցուցած են, վերջը Ռումանիա գացած են, ուր ծնած ենք ես ու եղբայրս՝ Յակոբը: Հետեւաբար մօրս եւ հօրս ընտանիքի անդամներուն շիրիմները այդ գերեզմանատան մէջ կը գտնուին եւ ես ու եղաբայրս միշտ կապ մը ունեցած ենք այդ գերեզմանատան հետ, յաճախ կ՚այցելենք մեր անցեալը յիշելու համար եւ այլն:

Զուգադիպութեամբ՝ մօրաքրոջս եւ Պալեաններու գերեզմանը իրարմէ 10 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին եւ միշտ մեր այցի ժամանակ, երբ կը տեսնէի Պալեաններու գերեզմանը, կը ցաւէի, որ ինչպէս կ՚ըլլայ այսպիսի հանրածանօթ, աշխարհով մէկ ճանչցուած ընտանիք մը, իրենց անունին արժանի անկիւն մը չունենան:

Այս ալ եղաւ մտայղացումը, եղբօրս հետ որոշում առինք, որպէսզի արտօնութիւն խնդրենք եւ եթէ կարելի է, անոնց վարկին յարմար քանդակներ տեղադրենք: Եւ այսպէսով, երկու եղբայր համաձայնեցնաք, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հետ եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ խորհրդակցեցանք ու անոնցմէ հրամանը առինք։ Ծանօթացանք «ՀայՃար»ի պատասխանատուներ՝ Գէորգ Էօզգարակէօզի եւ Նազար Պինաթլըի հետ, որոնք կարեւոր գործ կատարեցին մեր ծրագիրը իրականութինն դարձնելու  համար։

Այստեղ կարեւոր կը նկատեմ նշել, որ Պոլսոյ քաղաքապետութեան պատասխանատուներն ալ մեզի նեցուկ կանգնեցան մեր ծրագիրը յաջողցնելու համար։ Պալեաններու դամբարանի բացումին երկրորդ օրը, Թուրքիոյ գլխաւոր հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանները գովազդեցին մեր ըրած գործը եւ խօսեցան Պալեաններու մասին։ Այս եղելութիւնը մեծ իրադարձութիւն համարուեցաւ, որովհետեւ Պալեանները իրենք պատմական աւանդ ունեցած են եւ բոլորին կողմէ յարգելի են։

-Պալեաններէն ետք, ինչպէ՞ս շարունակուեցաւ ծրագիրը:

-Պալեաններու շիրմին բարեկարգումէն ետք, ուրեմն, տեսանք, որ գերեզմանատան մէջ կայ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, որ ժամանակի ընթացքին խնամուած չըլլալու պատճառով անշուք դարձած է։ Անցեալ տարի ան ալ բարեզարդեցինք, մարմարէ գիրքի էջ մը բացինք շիրմաքարին վրայ, ուր հայերէնով եւ թրքերէնով անոր «Իմ մահը» ոտանաւորը գրել տուինք:

-Այդ շիրմին բացումը կարգ մը շրջանակներու կողմէ քննադատուեցաւ, ի՞նչն էր պատճառը:

-Այո այդպէս եղաւ, պոլսեցի երիտասարդ բանասէրներէն՝ Սեւան Տէյիրմենճեան, որուն այդ ժամանակ ծանօթ չէինք, բայց հիմա արդէն բարեկամներ ենք, շիրմի ձեւաւորումը յարմար չէր տեսած: Ես միշտ կ՚ըսեմ, բնական է, որ երբ գործ մը ընես, թէկուզ լաւ գործ, քննադատութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Բայց եւ այնպէս, այս պարագային գիտնալով, թէ նման գործերով զբաղող մարդիկ շատ քիչ են, կը կարծեմ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ այդ հարցը ընտանիքէն ներս լուծել, առանց տարաձայնելու: Այս առթիւ սակայն, ծանօթացանք Սեւանին, շատ արժէքաւոր երիտասարդ մըն է ան, իր աշխատանքները, գրութիւնները մեզի գոհացում կը պատճառեն, բայց այս նիւթին շուրջ անոր գրութեան խորագիրը քիչ մը վիրաւորական էր, մեր նպատակը յարգանք մը ընելն էր: Ամէն պարագայի մենք ընդունեցինք այդ քննադատութիւնը եւ չնեղացանք, որովհետեւ երբ յառաջդիմել կ՚ուզենք, պէտք է ըլլան զանազան կարծիքներ. չեմ ուզեր պատկանիլ ազգի մի, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով կը մտածէ. միայն թէ այդ քննադատութիւնը պէտք է յարգալից ձեւով ըլլայ:

-Ինչո՞ւ երրորդ դամբանը ընտրեցիք Զարիֆեանի շիրմաքարը:

-Գալով Մատթէոս Զարիֆեանին, ան ալ իմ հօրս կողմէ՝ մեծ մայրիկիս շիրիմին ճիշդ քովը կը գտնուէր։ Թէեւ անոր շիրիմը շինուած էր, պզտիկ դանբան մը կար, բայց ժամանակի ընթացքին կոտրուած էր եւ թափթը-փած վիճակ մը ունէր: Այս անգամ եղբայրներով խորհեցանք, որ քանի ճամբայ ելած ենք, շարունակենք մեր գործը: Կինս այս առումով կատակելով սկսած է ըսել՝ «Դուն այս ընթացքով կարծեմ գերեզմաններու տնօրէն պիտի ըլլաս»: Ուրեմն այս ծրագիրն ալ «Հայճար»ի բարեկամներու հետ սերտեցինք, գտանք յայտնի քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանը, որ իսկապէս շատ աղուոր գործ մը ըրաւ, նորոգեց, բացումը եղաւ 6 հոկտեմբերին:

-Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ձեր այս ծրագրի իրագործումը:

-Մեր բոլոր այս ըրածը երկու բարձր նպատակ կը հետապնդէ, առաջինը՝ պահպանել այս հողերուն վրայ ապրած ժողովուրդին անցեալը, ըրած գործերը եւ ապացուցել, որ այս ժառանգը այս ժողովուրդին ալ կը պատկանի, անկախ ժողովուրդներուն միջեւ եղած կրօնական տարբերութիւններէն, քանի որ կրօնը շատ անձնական հարց մըն է, անկախ կրօնէն, մա՛նաւանդ, նոյն հողին վրայ ապրող մարդիկ պէտք է սիրեն զիրար: Երկրորդ պատճառն ալ այն է, որ նոր սերունդը ճանչնայ իր անցեալը: Մեզի համար Պոլիսը գանձ մըն է եւ ամէն ինչ պէտք է ընենք պահպանելու համար այդ զայն։ Շատ անգամներ նկատած ենք, որ դժբախտաբար նոր սերունդը քիչ մը անտարբեր է: Պէտք է ըսեմ, որ մեր ազգը առանց անցեալը յիշելու չի կրնար ապագայ ունենել, մեր անցեալը շատ հարուստ է, մեր անցեալը պէտք է ապրի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019