ԵՐԱՆԵԼԻ ՄՍՈՒՐԸ

Եւ ոչ գոյր նոցա տեղի իջեւանի
(Ղուկաս, 2.7)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

Անգամ մը եւս այս բառերով կը սկսինք բարեւել զիրար, որով ի լուր աշխարհի կը յայտարարուի «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին» յայտնութեան աւետիսը։ Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար սոյն յայտնութիւնը տիեզերքի պատմութեան մէջ արձանագրուած է որպէս աննախադէպ իրողութիւն։ Բնութեան օրէնքներով անբացատրելի սոյն անհասանելի խորհուրդի յայտնութիւնը, որ գեր ի վեր է մարդկային մտքի հասողութենէն,  կը բացուի միայն հաւատքով եւ այդ մերձեցումով է որ  կարելի կ՚ըլլայ թափանցել այս խորհուրդի յայտնութեան իմաստին։ Բանին Աստուծոյ՝ Միածին Որդիին հրաշալի յայտնութիւնը, մեծագոյն ցուցիչն է, թէ Աստուած որքա՜ն կը սիրէ աշխարհը, մանաւանդ աննկատ թողլով մարդկութեան մատնուած մեղքով անկեալ վիճակը։ Սուրբ Աւետարանը կը սորվեցնէ, թէ Աստուծոյ Միածին Որդիին յայտնութիւնը, յայտնութիւնն է սրբազան առաքելութեան մը, առհաւատչեան՝ մարդկային ազգի փրկութեան։ Այս փրկութեան հասանելի ըլլալու առաջադրուած նախապայմանն է հաւատալ՝ Աստուծոյ Միածին Որդիին։ Ըստ Աստուածային խոստման այս քաղցր լուծը հաւատքով ընկալողներ պիտի չկորսուին եւ պիտի հասնին յաւիտենական կեանքի երջանկութեան (Յովհաննէս, 3.16-18)։

Սուրբ Աւետարանի մէջ ներկայացուած Քրիստոսի ծննդեան հետ առընչուած հրաշալի դէպքերէն իւրաքանչիւրը մեզի կը ներկայանայ իւրայատուկ պատգամներով։ Երբ մերօրեայ մարդկային իրաւանց տրամադրութիւնները նկատի կ՚առնենք, չենք կրնար ընդունիլ, թէ ծննդաբերութեան օրերը մօտեցած եւ մայր ըլլալու պատրաստուող կին մը  հանդերձ ընտանեօք դուրս ձգուի մարդկային հետաքրքրութենէն։ Սակայն այդ մէկը իրականացած է Բեթղեհէմի երկնակամարին ներքեւ։ Արքայական հրամանի մը ենթարկուած էին Մարիամ եւ խօսեցեալը՝ Յովսէփ ու հասած՝ Դաւիթի քաղաքը։ Մարիամ, Սուրբ Հոգիէն յղացած, կը պատրաստուէր խոստացուած Փրկիչը՝ Տիրոջ Օծեալը՝ Մեսիան աշխարհ բերելու։ Յովսէփ, հրեշտակի երեւմամբ բացայայտուած Աստուածային ճշմարտութեան իրազեկ դառնալով յանձն առած էր իր քով առնել Մարիամը։ Եւ այս Սուրբ Ընտանիքը Բեթղեհէմի մէջ ողջունուեցաւ «ոչ գոյ տեղի իջեւանի» բառերով։ Ամէն անգամ տարբեր անձերու կողմէ այս բառերուն արտասանումը, համազօր էր փակել դռները իրենց երեսին։

Մարիամ եւ Յովսէփ փակեալ դռները իրենց ետին թողլով գտան համեստ ու անմարդաբնակ վայր մը որպէս ապաստան, ուր կենդանիներ կը մնային միայն։ Եւ այդ վայրին մէջ աշխարհ եկաւ Աշխարհի Փրկիչը եւ դրուեցաւ մսուրի մը մէջ։ Մսուրը այն տեղն էր, ուր խոտեր կը դրուէին կենդանիներու ճարակման համար։ Կեանքի Հացը՝ Քրիստոս աշխարհ կու գար Հացի Տուն՝ Բեթղեհէմի մէջ, ըլլալու համար «աշխարհի կեանք տուող հացը, իջած՝ երկինքէն» (Յովհաննէս, 6.32)։

Քրիստոսի ծննդեան պահուն խնդրոյ առարկայ բազմամարդ իջեւանները եւ համեստ մսուրը այսօր եւս կը ներկայանան իրենց խորհդանշական իմաստով։ Քրիստոսի առջեւ փակուած կը մնան դռները, «ոչ գոյ տեղի իջեւանի» բառերով։ Թէ ովքե՞ր լեցուցած են իջեւանները։ Իջեւանները լեցուն են աշխարհիկ մտայնութեան տէրերով։ Իջեւանները լեցուն են գնայուն արժէքները մեծարողներով։ Իջեւանները լեցուն են զԱստուած մոռցնելու աստիճան ծանրաբեռնուած զբաղումներու պատճառաւ տուայտողներով։ Իջեւանները լեցուն են իրենց շրջապատի գաղափարներու բերմամբ ստեղծուած գաղափարախօսական միջավայրէն խրտչողներով։ Իջեւանները լեցուն են Աստուծոյ Խօսքին՝ Սուրբ Մատեանին արժէքը առ ոչինչ համարողներով։ Իջեւանները լեցուն են աշխարհի մէջ միայն հաճոյալի կեանք մը վարել փափաքողներով։ Իջեւանները լեցուն են անձնապաշտ եւ եսակեդրոն կեանք վարողներով։ Իջեւանները լեցուն են միայն իրենց անձնական շահը մտածող ու հետապնդողներով։ Իջեւանները լեցուն են իրենց համար փառք փնտռողներով։ Իջեւանները լեցուն են փոխանակ Աստուծմէ փառաւորուելու, մարդոցմէ փառաւորուիլը նախընտրողներով։ Իջեւանները լեցուն են իրենք զիրենք միայն կարեւոր նկատողներով։ Իջեւանները լեցուն են իրենց կեանքը փուշերով լեցուցած անձերով։ Իջեւանները լեցուն են հաւատքէ պարպուած, յուսահատութենէ վարակուած եւ ճշմարիտ սիրոյ ներգործութեան անգիտակներով։ Իջեւանները լեցուն են Տիրոջ օրը սուրբ պահելու աստուածային պատուիրանը ընկերային կեանքի հասկացողութեան բերումով անգործադրելի նկատողներով։ Ցանկը կարելի է բազմացնել դիւրութեամբ։ Այս բոլորը, որոնք վարակուած են մեծամոլութեամբ եւ ինքնահաւանութեամբ՝ չեն լսեր Քրիստոսի ձայնը։ Որպէսզի լսելի ըլլայ Քրիստոսի ձայնը՝ ժխտական կեցուածքի պատճառաւ խլացածներ, պարտին նախ եւ առաջ լաւագոյնս թափանցել համեստ պայմաններու մէջ իրականացած Սուրբ Ծննդեան իմաստին։ Լաւագոյնս ըմբռնել, թէ Քրիստոս աստուածային փառքէն մերկանալով աղքատացած, մարդկային մարմին առած ու մսուրին մէջ դրուած էր։ Համեստ պայմաններու մէջ աշխարհ եկած Քրիստոս իր առջեւ կրցած էր համախմբել աղքատն ու հարուստը, յանձինս՝ հովիւներու եւ մոգերու։

Ստոյգ է, թէ Քրիստոսի նկատմամբ որդեգրելի դռնփակ ապրելակերպ մը, բարոյական եւ հոգեւոր առումով ոչ մէկ օգուտ կը բերէ անհատներու կեանքէն ներս։  Անոնց կեանքը կը նմանի աւազով լեցուած ամաններու, որոնց մէջ կարելի չէ ջուր հաւաքել։ Այս ամաններէն աւազները պարտ է նուազեցնել եւ երանի, թէ կարելի ըլլայ բոլորովին դատարկացնել ու զանոնք յատկացնել իրենց իսկական նպատակներու գործածութեան։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ թէ, մեծ տան մէջ ոսկիէ եւ արծաթէ թանկագին անօթներու առընթեր կը գտնուին նաեւ փայտէ ու կաւէ անարժէք անօթներ. կը յիշեցնէ, թէ «ով որ ինքզինք մաքրէ մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու» (Բ. Տիմոթէոս, 2.20-21)։ Երանի անոնց, որոնք երկու միավանկ բառերէ կազմուած ժխտական «ոչ գոյ» ասութեան առաջին միավանկը՝ «ոչ»ը կրնան միանգամ ընդմիշտ հեռացնել ու Քրիստոսի համար իրենց սրտերուն մէջ տեղ պատրաստելով բոլորով սրտիւ ամենայն համարձակութեամբ՝ ըսել «գոյ», վերածուելու համար ընտիր անօթներու։

Քրիստոս տեսնելով Լաւոդիկէի եկեղեցւոյ հաւատքի կեանքի մէջ ցուցաբերած գաղջութիւնը, տկարութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը կը յայտնուի Իր յանդիմանական խօսքերով. «…բայց դուն գաղջ ես՝ ոչ տաք, ոչ ալ պաղ. ուստի պատրաստ եմ քեզ փսխելու իմ բերնէս. Քանի որ կ՚ըսես մեծատուն էի, եւ աւելի հարստացայ ու բանի մը կարօտ չեմ։ Սակայն չես գիտեր թէ ողորմելի ես դուն, խեղճ եւ աղքատ, մերկ եւ կոյր»։ Յանդիմանական այս խօսքերուն կը յաջորդէ ապաշխարութեան հրաւէր մը, նաեւ յուսադրիչ արտայայտութիւն մը. «Զով որ կը սիրեմ՝ կը յանդիմանեմ եւ կը խրատեմ զայն։ Նախանձախնդիր եղիր եւ ապաշխարէ։ Ահաւասիկ ես դրան առջեւ եմ եւ կը բախեմ, եթէ մէկը ականջ դնէ իմ ձայնիս ու բանայ դուռը՝ պիտի մտնեմ անոր քով  եւ պիտի ընթրեմ անոր հետ, ան ալ՝ ինծի հետ»։ (Յայտնութիւն, 3.16-17, 19-20)։ Որքա՜ն զուգահեռ գիծեր կան Լաւոդիկէի եկեղեցւոյ եւ Քրիտոսի նկատմամբ մերժողական կեցուածք որդեգրողներու միջեւ։ Նաեւ որքա՜ն քաղցր է լսել մխիթարական խօսքեր, որոնք պատրաստ են ազատելու «ի ծփական խռովութեանց, կենցաղական զբաղմանց» (Նարեկ, ԺԲ. Գ)։

Տօնական օրերը լաւ առիթներ են վերարժեւորելու մեր կեցուածքը հանդէպ Մարմնացեալ Աստուածորդիին եւ վերանորոգել մեր մկրտութեան ուխտերը։ Յիշել, թէ «մկրտուած եւ արդարացած ենք, սրբուած՝ մեղքերէ, ազատուած դեւերէ եւ կոչուած՝ Աստուծոյ ծառայելու»։ Նաեւ յիշել, թէ «գնուած ենք մեղքի ծառայութենէն Քրիստոսի արիւնով, ընդունուած՝ երկնաւոր Հօր որդեգրութեան, եղած՝ ժառանգակից Քրիստոսի եւ տաճար Հոգւոյն Սրբոյ»։ Մկրտութեան ուխտին վերանորոգութիւնը բոլորիս կրնայ պարգեւել զօրութիւն մեր վրայէն թօթափելու անարժէք ծանրութիւնները եւ անոնց փոխարէն ընկալելու Քրիստոսի քաղցր լուծը, որ պիտի ըլլայ մեր ապաւէնը ընդդէմ սատանայական որոգայթներու։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ հաւատքի զօրութիւնը, որով «ոչ գոյ տեղի» ասութիւնը փոխանակ Քրիստոսի դէմ գործածելու, կարենանք գործածել ընդդէմ սատանայի եւ «գոյ տեղի» ասութիւնը՝ Քրիստոսը մեր կեանքէն ներս ընկալելու առաջադրութեամբ։

Հոգելոյս Ներսէս Արքեպիսկոպոս Պոզապալեանի գրիչէն կը կարդանք յոյսով լեցուած հաւատացեալի մը առ Աստուած ներկայացուցած աղօթքը, որ ակնկալութիւնն է Քրիստոսի ներկայութեամբ իրականանալի հրաշքին.

Աչքերս երկինք եմ յառել ես օգնութեան աղերսով,
Որ աստղն երկնի յայտնուի երկրորդ անգամ իր ցոլքով,
Մեր խաւարը վերածի լուսաճաճանչ ցերեկի,
Փոխան նրա մանկանայ մարդկութիւնը նոր դարի։

Նոյն գրիչը հրաւէր կ՚ուղղէ թողուլ եսակեդրոն ապրելակերպը ըսելով.

Անարատ հոգով, անխախտ հաւատով,
Սպանենք մեր մէջ մենք չարը փութով,
Հեռու անձնասէր նկրտումներից՝
Դառնանք իրարու յաւէտ լծակից։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին կը շարունակենք աղօթել, որ Աստուածային օրհնութիւնները առատապէս ծաւալին մեր բոլորին վրայ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020