ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) բազմակողմանի եւ ազդու նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ ծով կարիքներու պայմաններուն ներքեւ։ ՀԲԸՄ, որ հայաշխարհի մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնն է, իր աշխարհատարած ցանցով շարժման անցած է դիմագրաւելու համար Հայաստանի այժմու հրատապ կարիքները, որոնք, միեւնոյն ժամանակ, կը սպառնան պետութեան յարատեւութեան։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստանի օրակարգը թէեւ բոլորովին փոխուած է, սակայն քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարն ալ կը շարունակէ մնալ անյետաձգելի մարտահրաւէր։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի աղբիւրները ներկայ տարեմուտին կարեւոր հաղորդումներ ըրին այս տեսանկիւնէն։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի Պարեէնի համաշխարհային ծրագիրը ներկայիս կ՚օժանդակէ ՀԲԸՄ-ին՝ համաճարակի դէմ պայքարելու նպատակով անհրաժեշտ պարագաներ եւ օգնութեան միջոցներ Հայաստան առաքելու ուղղութեամբ։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութիւնը։

Քանի որ Հայաստանի հիւանդանոցները եւ խնամքի հաստատութիւնները անդուլ կ՚աշխատին՝ սպասարկելով Արցախի պատերազմին ընթացքին վիրաւորուածներուն, համաձայն Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններու, քորոնաժահրով վարակման աստիճանով երկիրը հատած է չորրորդ մակարդակի սեմը: Սովի եւ մարդասիրական ճգնաժամերու վերացման ուղղութեամբ աշխատող ամենահին գործակալութիւնը աշխարհի մէջ՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը (WFP), ՀԲԸՄ-ին առաջարկեց համակարգել Պելժիոյ Լիէժ քաղաքէն մաքսային բեռի քանի մը խմբաքանակի առաքման համեմատական աշխատանքները, ըստ որու, բեռներու հսկողութիւնը պէտք է իրականացուէր ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի մասնաճիւղի, իսկ ստացումը՝ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան կողմէ. քորոնաժահրով հիւանդացածներու թիւը այդ պահի դրութեամբ կը գերազանցէր 150 հազարը: Առաքման հետ կապուած բոլոր ծախսերը ստանձնեց Լիէժի մէջ WFP-ի գրասենեակը, իսկ «Քովիտ»ի հետ կապուած անձնական պաշտպանիչ սարքաւորումը ու օժանդակ պարագաները սիրայօժար նուիրաբերեցին Պելժիոյ հայ համայնքի անդամները:

«WFP-ն հպարտ է ՀԲԸՄ-ի պէս պատմական եւ ամենահաս կազմակերպութեան հետ գործընկերութեան համար: ՀԲԸՄ-ի էութիւնը, ինքնին, որպէս համայն հայութեան համար այնքան կարեւոր միջազգային ժողովրդական կազմակերպութիւն, կը նշանաւորուի WFP-ի հետ ծանրակշիռ համագործակցութեամբ», ըսաւ WFP-ի Լիէժի գրասենեակի գործառնական ղեկավար Հիէն Աճէմեան: «Մենք հպարտ ենք, որ կը մատուցենք ծառայութիւններ, որոնք կ՚օգնեն ՀԲԸՄ-ին հասնելու աւելի մեծ թիւով մարդոց եւ փոփոխութիւն մտցնելու անոնց կեանքին մէջ: ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութիւնը դէպի այդ փոփոխութեան ճանապարհին առնուած քայլ մըն է, եւ WFP-ի Լիէժի գրասենեակը յոյսով է, որ այս փորձը գործնական նշանակութիւն կ՚ունենայ յետագայ համագործակցութեան համար»,- ընդգծեց Աճէմեան:

Համավարակի պայմաններուն մէջ մատակարարումներու նախաձեռնութիւնը սկը-սած է 2020 թուականի հոկտեմբերի սկիզբին եւ կը շարունակուի մինչեւ յունուարի կէսերը: Պրիւքսելի «Հայ տուն» հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Կարէն Թադէոսեանի համակարգումով, հաւաքած, կազմակերպած եւ ծրարաւորուած է տարբեր իրեր եւ նիւթեր: Ի թիւս այլ մարդոց, Պելժիայի հայ համայնքը ներկայացնող բարերար Նանի Կաչերիսեան անձամբ յատկացուցած է 614 քիլօ անձնական պաշտպանութեան միջոցներ՝ յաջակցութիւն Հայաստանի առողջապահական աշխատողներուն: ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակ կ՚առաքուին շուրջ 42.827 քիլօ (43 թոն) պարագաներ, որոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի կարիքներուն: «WFP-ի շնորհիւ, եւ Պելժիայի կամաւորներու աջակցութեամբ, մենք կրնանք առողջապահական համակարգի մեր հերոսներուն եւ Հայաստանի մէջ գտնուող «ՔՈՎԻՏ-19»ով հիւանդներուն առաքել այնքան անհրաժեշտ օգնութիւնը»,- նշեց ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի նախագահ Նատիա Գործունեան:

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակը ստանձնեց բեռի ստացումը Երեւանի «Զուարթ-նոց» օդակայանէն: Առաքանին կը պարունակէր առողջապահական եւ մարդասիրական բնոյթի շարք մը պարագաներ. ինչպէս՝ անձնական պաշտպանութեան միջոցներ, պատրաստի յատուկ բուժական սնունդ, անզգայութեան սարքաւորում, անուասայլակներ, բժշկական յենակներ, մարմնամարզական սարքաւորում, հագուստ, կօշիկ, քնապարկեր, սնունդ եւ ախտահանիչ պարագաներ՝ շուրջ 490.301 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ:

Վայրէջքէն անմիջապէս յետոյ ՀԲԸՄ-ի բեռը բաշխեց հետեւեալ կերպով. անձնական պաշտպանութեան պարագաները ուղարկուեցան անմիջապէս Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւն: Հագուստը, կօշիկները եւ ծածկոցները, ինչպէս նաեւ ախտահանիչ պարագաները ուղարկուեցան Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն: Իսկ 16 հազար քիլօ սնունդը կը մնայ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակը եւ կը յատկացուի երկրի ամբողջ տարածքին մէջ ապրող կարիքաւոր հայերուն:

«WFP-ի այս առաքանիները անչափ կարեւոր էին Հայաստանի համար այս վճռորոշ օրերուն: Մենք նաեւ երախտագիտութեամբ կ՚ընդունինք անձնուիրութիւնը ՀԲԸՄ-ի կամաւորներու եւ անձնակազմի, որոնք համակարգեցին իրենց գործունէութիւնը եւ համագործակցեցան՝ ապահովելու համար այս միջազգային նախաձեռնութեան խնամքով, արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ իրականացումը»,- նշեց ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեան՝ աւելցնելով, որ ՀԲԸՄ վերահաստատեց մարդասիրական օգնութիւն հասցնող յուսալի եւ բանիմաց գործընկերոջ իր համբաւը:

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2021