ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՄԻՇՏ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց Արցախի առկայ պաշարման դէմ։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ երէկուան դրութեամբ Լաչինի միջանցքը արդէն 23 օրէ ի վեր փակ կը գտնուի։ Մատնանշուեցաւ, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է անյապաղ վերաբանալ միջանցքը՝ ըստ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ կէտով ամրագրուած սկզբունքներու։ «Քանի որ Ատրպէյճանի ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթները խախտուած են՝ կ՚ակնկալենք նաեւ Ռուսաստանի կողմէ յստակ ջանքերու իրականացում, որպէսզի այս կոպտագոյն խախտումը առանց որեւէ նախապայմանի վերացուի», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը արձագանգեց Երեւանէն հնչեցուած այս ահազանգին։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցիլ՝ վերջնական կարգաւորման հասնելու համար։ «ԱՄՆ կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ ու խաղաղ ապագայի խթանման», նշեց բանբերը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2023