ԱՆՃԷՅ ԿԱՍՊՐՉԻԿ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ շփումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան Կասպրչիկ ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սահակեան-Կասպրչիկ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծին վրայ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Հիւր դիւանագէտը Կարէն Միրզոյեանին հետ ալ քննարկեց շփման գծի իրավիճակը եւ երկուստեք կարեւորուեցաւ կայունութեան պահպանումը։ Օրակարգի վրայ եկան Կասպրչիկի գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։ Պաշտօնական աղիւրներու հաղորդումներով, Կասպրչիկ Լեւոն Մնացականեանին հետ ալ անդրադարձաւ շփման գծի կացութեան եւ առաջնային գծին վրայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն մօտաւոր ապագային այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Ըստ իրեն, այս այցելութեան նպատակը պիտի ըլլայ որոշել Զուիցերիոյ մէջ անցեալ տարեվերջին տեղի ունեցած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի տեսակցութեան յաջորդելիք քայլերու որոշուիլը։ «Մենք կը հաւատանք, որ այս երկխօսութիւնը կարեւոր է շարունակական խաղաղութեան հասնելու տեսանկիւնէն», ըսաւ Ուորլիք։