Արթուր Աբրահամ՝ Գերմանիոյ Տարուան Լաւագոյն Բռնցքամարտիկ

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տիկ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան կար­գի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ կրկին ճանչ­ցուած է Գեր­մա­նիոյ տա­րուան լա­ւա­գոյն բռնցքա­մար­տի­կը:

Գեր­մա­նա­կան «BoxSport» ամ­սագ­րի դա­տա­կան կազ­մի եւ ըն­թեր­ցող­նե­րու մի­ջեւ ի­րա­կա­նա­ցուած քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քով Ար­թուր Աբ­րա­համ հա­ւա­քած է ա­ռա­ւե­լա­գոյն թի­ւով ձայ­ներ:

Միւս կող­մէ, այս տիտ­ղո­սին հա­յազ­գի բռնցքա­մար­տի­կը կ՚ար­ժա­նա­նայ ար­դէն 7-րդ ան­գամ:

Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի մար­զի­չը` Ուլ­լի Վեկ­ներ, եւս յաղ­թած է «Տա­րուան լա­ւա­գոյն մար­զիչ» ա­նուա­նա­կար­գին մէջ. ան այս ա­նուա­նա­կար­գին մէջ կը յաղ­թէ ար­դէն 13-րդ ան­գամ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016