Զուիցերիա Կը Պատրաստուի Ամսական 2450 Տոլար Վճարել Իր Քաղաքացիներուն
Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ մէջ պիտի քննարկուի առաջարկ մը, որուն համաձայն, երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի, անկախ այն իրողութենէն, թէ գործազուրկ է կամ ոչ, իւրաքանչիւր ամիս պիտի ստանայ 2500 զուիցերական ֆրանք (շուրջ 2450 տոլար):
Կ՚ենթադրուի երեխաներուն վճարել 625-ական ֆրանք:
Դաշնակցային կառավարութիւնը արդէն որոշած է, որ այդ հարցին շուրջ ընդհանուր քուէարկութիւնը պիտի կատարուի Յունիսին: Եթէ նախաձեռնութիւնը հաւանութեան արժանանայ, Զուիցերիան պիտի դառնայ առաջին երկիրը, որ քաղաքացիներուն համար նուազագոյն ամսական եկամուտ պիտի երաշխաւորէ` անկախ ամէն բանէ:
«Տեմոսքոփ» ընկերութեան հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ զուիցերացիներու մեծամասնութիւնը մտադիր է շարունակել աշխատիլ, նոյնիսկ եթէ օրէնքը որդեգրուի: Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 2 առ հարիւրը յայտարարած է, որ պիտի ազատի աշխատանքէն, եթէ իրենց ամսական 2500 զուիցերական ֆրանք վճարումներ երաշխաւորուին:
Հարցախոյզի 1076 մասնակիցներուն մէկ երրորդը համոզուած է, որ մնացեալ քաղաքացիները պիտի դադրին աշխատելէ, եթէ օրէնքը ընդունուի: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 56 առ հարիւրը այն կարծիքին է, որ նախագիծը հաւանութեան պիտի չարժանանայ:
Եթէ որոշումը որդեգրուի, այդ նախաձեռնութիւնը Զուիցերիոյ տարեկան պիտի արժէ 208 միլիառ զուիցերական ֆրանք: