ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԵՏ ՁԻՒՆԱՀԱԼ

Վա­տի­կա­նի մօտ Թուր­քիոյ դես­պան Մեհ­մէտ Փա­չա­ճը կը վե­րա­դառ­նայ իր պաշ­տօ­նին գլու­խը։ 12 Ապ­րիլ 2015 թուա­կա­նին Վա­տի­կա­նի մէջ, Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րէն ներս հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րուն ի յի­շա­տակ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը ո­րա­կուած էին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ այդ ե­րե­ւոյ­թը տե­ղի տուած էր թրքա­կան կող­մի բո­ղո­քին։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ Մեհ­մէտ Փա­չա­ճը խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար հրա­ւի­րուած էր Ան­գա­րա։ Այդ թուա­կա­նէն ի վեր Թուր­քիա Վա­տի­կա­նի մօտ կը ներ­կա­յա­ցուէր հա­ւա­տար­մա­տա­րի մա­կար­դա­կով։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Թան­ժու Պիլ­կիչ ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Մեհ­մէտ Փա­չա­ճը վերս­տին պի­տի ձեռ­նար­կէ իր պաշ­տօ­նին։ Ի­րեն ուղ­ղուած հար­ցու­մի մը տուած գրա­ւոր պա­տաս­խա­նին մէջ բան­բե­րը շեշ­տեց, թէ Ան­գա­րա դրա­կան նկա­տած է Վա­տի­կա­նի մա­մու­լի գրա­սե­նեա­կին կող­մէ կա­տա­րուած նա­խըն­թաց օ­րուան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, այդ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ նշուած է, թէ կը գնա­հա­տուի Թուր­քիոյ կամ­քը՝ ար­խիւ­նե­րը պատ­մա­բան­նե­րու եւ պրպտող­նե­րու հա­մար բա­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ, պատ­մու­թեան ու ցա­ւե­րուն ա­ւե­լի լաւ ըն­կալ­ման նպա­տա­կով։ Հե­տե­ւա­բար, կը գնա­հա­տուի նաեւ 2005 թուա­կա­նին Թուր­քիոյ կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած Պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջար­կը։ Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ վեր­յի­շուած է 1977 թուա­կա­նին Ա­ՍԱ­ԼԱ-ի կող­մէ նա­հա­տա­կուած Վա­տի­կա­նի մօտ Թուր­քիոյ դես­պան Թա­հա Ճա­րը­մը ու պա­խա­րա­կուած են՝ բռնու­թիւնն ու ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը։

Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րո­սի հրա­պա­րա­կին վրայ, Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­մէն Չո­րեք­շաբ­թի կազ­մա­կեր­պուած ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ Չա­նաք­քա­լէի վե­րա­բե­րեալ գիր­քի մը ծա­նօ­թաց­ման շուրջ Սրբա­զան Պա­պը հան­դէս ե­կած էր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Ան ան­ցեալ տա­րի որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնո­րո­շած դէպ­քե­րը ո­րա­կած էր «1915-ի ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րը»։ Ֆ­րան­սիս­քոս Ա. Պա­պը պա­խա­րա­կած էր նաեւ Թա­հա Ճա­րը­մի սպան­ու­թիւ­նը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը եւս այ­սօր ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նայ Թուր­քիա-Վա­տի­կան ձիւ­նա­հա­լին։ Թեր­թե­րը կը գրեն, թէ Վա­տի­կա­նի կող­մէ ե­րէկ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը դրա­կան զար­գա­ցում մը հա­մա­րած է Վա­տի­կա­նի պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած էր նաեւ «Լա Ռե­փուպ­լի­քա» ի­տա­լա­կան թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րուն։ Այդ լու­րե­րուն մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած էր Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պի այս տա­րի նա­խա­տե­սուած դէ­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան։ Ի­տա­լա­կան աղ­բիւ­րը նշած էր, թէ Սրբա­զան Պա­պը այս տա­րի պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան, սա­կայն այդ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րէ ոչ թէ Ապ­րի­լին, այլ Մա­յի­սին՝ որ­պէս­զի տե­ղի չտայ Թուր­քիոյ բո­ղո­քին։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016